Արարատ լեռը` Հայաստանի զբօսաշրջական խորհրդանիշ. սպանական լրատուամիջոց

araratՀայաստան` Եդեմական այգիի երկիր: «Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` կը գրէ անտալուսական ճանչցուած IDEAL պարբերականը` պատմելով Հայաստանի տեսարժան վայրերուն մասին:

«Հայաստանի զբօսաշրջական խորհրդանիշը կը համարուի Արարարտ լեռը, որուն գագաթին, ըստ Աստուածաշունչին, իջած է Նոյի տապանը, ուր եւ, ամենայն հաւանականութեամբ, գտնուած է եդեմական պարտէզը:»

Սպանական լրատուամիջոցը իր ընթերցողներուն կը պատմէ Մատենադարանի, հայկական մանրանկարչութեան, ինչպէս նաեւ Խոր Վիրապի եւ Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան տարածման մասին:

IDEAL կը նշէ նաեւ, որ տարիէ տարի Հայաստան գրաւիչ կը դառնայ յատկապէս եւրոպացի այն զբօսաշրջիկներուն համար, որոնք կը հետաքրքրուին պատմութեամբ, կը սիրեն բնութիւն եւ կը գնահատեն ազգայինը:

http://www.yerakouyn.com/?p=116622

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2016
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ