Տինքի սպանութիւնը եւս կիւլենականներուն վրայ բեռցնելու ջանք կը տարուի

%d5%a4%d5%ab%d5%b6%d6%84ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Կը թուի, թէ Թուրքիոյ մէջ, յուլիս 15ին տեղի ունեցած պետական հարուածի փորձէն ի վեր, իշխանութիւնները ամէն քարի տակէն Ֆեթհուլլահ Կիւլենի կազմակերպութեան հետքերը կը փորձեն գտնել։ Զարմանալին այն է, որ Կիւլենի շարժումը այսքա՛ն ընդարձակ գործունէութիւն կրցած է տանիլ, իսկ իշխանութիւնները ատենօք չեն նշմարած զայն։

Այժմ կը պնդուի, որ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը եւս կիւլենականներուն իրականացուցած գործողութիւններէն մէկն էր։ Արդարեւ, պետական հարուածին գծով գնդապետ Մուհարրեմ Քէօսէի հարցաքննութեան ընթացքին «փաստուած է», որ կիւլենական նկատուող այս զինուորականն էր, որ պաշտօնի կոչած էր Հրանդ Տինքը սպաննած Օկիւն Սամասթը։ Նաեւ կը պնդուի, որ սպանութենէն ինը տարի ետք, Տինքի սպանութեան ծալքերը սկսած են լուսաբանուելու եւ ոճրագործութեան բուն հեղինակները յայտնաբերուելու։ Այս գծով, «Ա-Հապեր» կայանին կողմէ հաղորդուած լուրի մը համաձայն՝ յայտնի դարձած է, որ Կիւլենի շարժումին հաշուոյն աշխատող 7 գաղտնի ոստիկաններ կազմակերպած են Հրանդ Տինքի սպանութիւնը, գլխաւորութեամբ՝ գնդապետ Մուհարրեմ Քէօսէի։

Միւս կողմէ, թուրք զինուորի մը կողմէ սպաննուած Սեւակ Պալըքճըի ընտանիքը հինգ տարիէ ի վեր կը պայքարի իր որդւոյն իրաւունքներուն եւ ոճրագործը բանտ ուղարկելու համար։ սեպտեմբեր 5ին պիտի կայանար այս գծով դատական հերթական նիստը, որ սակայն յետաձգուեցաւ, քանի որ դէպքին ականատես անձերու տուած վկայութիւնները չէին հասած դատարան։ Ոճրագործ Քըվանչ Աղաօղլու տակաւին կը մնայ ազատ։

Դատին իր մասնակցութիւնը բերելու համար, Երեւանէն Պոլիս գացած էր նաեւ Սեւակի քոյրը՝ Լեռնա Պալըքճը) ինչպէս օրին գրած էինք, Լեռնա Պալըքճը այժմ Հայաստան հաստատուած է իր ընտանիքին հետ)։

Ասիկա առաջին անգամ չէ, որ Սեւակի սպանութիւնը քննող դատական նիստը կը յետաձգուի, իսկ ոճրագործը իր բնականոն կեանքը կը շարունակէ բանտէն դուրս։

Յիշեցնենք, որ Սեւակ Պալըքճը սպաննուած էր ապրիլ 24ի օրը։ Քըվանչ Աղաօղլու կարճ ժամանակով բանտ մնացած էր, ապա ազատ արձակուած էր այն պնդումով, որ Պալըքճը սպաննուած էր ո՛չ թէ դիտումնաւոր կերպով, այլ՝ արկածի հետեւանքով։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2016
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ