Պաքու Իսրայէլի մէջ Ցեղասպանութեան ճանաչման ջանքերը կը խոչընդոտէ

%d5%ab%d5%bd%d6%80%d5%a1%d5%b5%d5%a7%d5%ac%d5%ab-%d5%af%d5%a1%d5%bc%d5%a1%d5%be%d5%a1%d6%80%d5%b8%d6%82%d5%a9%d5%ab%d6%82%d5%b6%d5%a8Երուսաղէմի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակի ղեկավար Ժորժէթա Աւագեանը կը յայտնէ, թէ Իսրայէլի կառավարութիւնը կը շարունակէ ճնշում բանեցնել խորհրդարանի անդամներուն վրայ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով: Այս մասին կը հացորդէ MediaMax-ը։

«Կ՛ակնկալուի, որ Նոյեմբերին Իսրայէլի խորհրդարանականները հերթական անգամ քննարկեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւը: Քնեսեթի (խորհրդարան) անդամներէն շատերը կը յայտնեն, թէ կ՛ընդունին Հայոց Ցեղասպանութիւնը, բայց կառավարութիւնը իրենց վրայ ճնշում կը գործադրէ եւ այդ պատճառով ալ կը վախնան» կ՛ըսէ Աւագեան:

«Այսօր ամենամեծ խնդիրը կը յառաջացնէ Ատրպէյճանը, մանաւանդ որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպերման շատ սերտ կապեր ունի Պաքուի հետ: Լիպերմանն է, որ մեծապէս կը խոչընդոտէ մեր աշխատանքը: Եթէ այլ երկիրներու մէջ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով խոչընդոտներ կը դնէ Թուրքիան, ապա հոս Թուրքիա գրեթէ ոչինչ կ՛ընէ, քանի որ իր բարեկամ Ատրպէյճանը արդէն իսկ մեծ ազդեցութիւն ունի», կ՛աւելցնէ ան:

Միաժամանակ, Հայ Դատի գրասենեակի ներկայացուցիչը յոյս յայտնած է, որ Իսրայէլի խորհրդարանականները այս անգամ «կը յաջողին ճիշդ ելք գտնել ստեղծուած իրավիճակէն»:

«Կը յուսամ, որ ներկայացուած բանաձեւը գոնէ այս անգամ կը վաւերացուի, քանի որ Իսրայէլի բնակչութեան մեծամասնութիւնը՝ մօտաւորապէս 80 տոկոսը, կ՛ըսէ, թէ ամօթ է, որ Իսրայէլ մինչեւ այսօր չէ ճանչցած եւ դատապարտած Հայոց Ցեղասպանութիւնը», կը յայտնէ Աւագեան, աւելցնելով, որ երբ Իսրայէլ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, շատ երկիրներ եւս, յատկապէս Միացեալ Նահանգները, պիտի հետեւին անոր օրինակին:

Նշենք, որ Իսրայէլի խորհրդարանի Կրթութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի յանձնախումբը Օգոստոս 1ին պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

http://www.yerakouyn.com/?p=116455

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2016
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ