Թուրքիան գաղտնի համաձայնութեան եկած է ԻԼԻՊ-ի հետ՝ Սուրիա իր խաբուսիկ ներխուժման շուրջ

Turkish soldiers patrol the border town of Ceylanpinar at the Turkish-Syrian border, on November 11, 2012. The Syrian Observatory for Human Rights reported that Kurdish residents backed by militia from the Democratic Union Party (PYD) had taken control of three towns near the border with Turkey after convincing pro-government forces to leave. AFP PHOTO / BULENT KILIC        (Photo credit should read BULENT KILIC/AFP/Getty Images)

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» (www.TheCaliforniaCourier.com) թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան կը գրէ.

Սուրիան եղած է միջազգային ռազմական եւ քաղաքական տարաբնոյթ դաւադրութիւններու կեդրոն 2011-ի «քաղաքացիական պատերազմ»ի սկիզբէն ի վեր: Զանազան հակամարտող կողմերէն են Հըզպալլան, Իրանը, «Իսլամական պետութիւնը

(ԻԼԻՊ), Իսրայէլը, Յորդանանը, քիւրտ զինեալները, Լիբանանը, Քաթարը, Ռուսիան, Սէուտական Արաբիան, այլազան ահաբեկիչներ աշխարհի չորս կողմէն, Սուրիան, սուրիական ընդդիմադիր խումբերը, Թուրքիան, Միացեալ Նահանգները եւ ՆԱԹՕ-ի այլ պետութիւններ:

Վերջին չարագուշակ զարգացումը թրքական ներխուժումն էր Սուրիոյ սահմանամերձ Ճարապլուս քաղաքը, որ գրաւուած էր ԻԼԻՊ-ի կողմէն: Սակայն, հակառակ թրքական ծանուցումին, Թուրքիոյ զինուժը Սուրիա չէր ներխուժած ԻԼԻՊ-ը դուրս մղելու համար, իսկ ամերիկեան ռազմաօդային ուժերը Ճարապլուսի վրայ ռումբեր չեն նետած թրքական զօրքերուն յառաջխաղացումը ապահովելու համար` ըստ Գոլոմպիայի համալսարանի Մարդու իրաւունքներու ուսումնասիրութեան ուսումնարանի Խաղաղաշինութեան եւ իրաւունքներու ծրագիրի ղեկավար Տէյվիտ Ֆիլիփսի: Ֆիլիփս, իբրեւ աւագ խորհրդական եւ արտաքին հարցերով մասնագէտ, աշխատած է ԱՄՆ պետական բաժանմունքին մէջ՝ նախագահներ Քլինթընի, Պուշի եւ Օպամայի պաշտօնավարութեան ժամանակ:

Թուրքիոյ իսկական ծրագիրներն էին կանխել Սուրիոյ հիւսիս-արեւմտեան հատուածին YPG-ի («Ժողովրդական ինքնապաշտպանական ջոկատներ») քիւրտ զինեալներու յետագայ յառաջխաղացումը, որոնք Միացեալ Նահանգներու ամենավստահելի ռազմական դաշնակիցներն էին ԻԼԻՊ-ի դէմ պայքարին ժամանակ, մինչդեռ Էրտողանը անոնց կ՝անուանէ YPG-ի «ահաբեկիչներ»:

Ֆիլիփսը Huffington Post-ի իր յօդուածին մէջ բացայայտած է, որ «թրքական աջակցութիւն վայելող իսլամիստները երբեք չեն բախած ԻԼԻՊ-ի հետ, այսպէս կոչուած, Ճարապլուսի համար մղուող մարտին: Ներխուժումէն առաջ, Անգարան գործարքի մէջ մտած է «Իսլամական պետութեան» հետ: Դիմադրելու փոխարէն, ԻԼԻՊ-ի զինուած ուժերը պարզապէս փոխած են իրենց հանդերձանքը «սուրիական ազատ բանակ»ին (FSA) համազգեստով: Ճարապլուսը ԻԼԻՊ-էն «ազատագրուեցաւ» գրեթէ առանց կրակոցի»: ԻԼԻՊ-ը, նախքան թրքական ուժերու ներխուժումը, Ճարապլուսէն տարհանած էր բոլոր քաղաքացիները, որովհետեւ չէր ուզեր, որ «խաղաղ բնակիչները ճանչնային FSA-ի անդամներու հանդերձանքով ԻԼԻՊ-ի աշխոյժ զինեալները», գրած է Ֆիլիփս:

«Զարմանալի չէ, որ Էրտողանը եւ ԻԼԻՊ-ը գործարք կնքած են: ԻԼԻՊ-ը եւ Էրտողանի «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը գաղափարակից են», կը պնդէ Ֆիլիփս, քանի որ երկուքն ալ «Իսլամ եղբայրներ» կազմակերպութեան ճիւղերն են: Չնայած պաշտօնական հերքումներուն` մեծ թիւով ապացոյցներ կան, որ Թուրքիան 2014 թուականէն ի վեր զէնք եւ դրամական ու կազմակերպչական աջակցութիւն տրամադրած է իսլամիստներուն Սուրիոյ մէջ: Թուրքիան նաեւ նիւթապէս ապահոված է «Իսլամական պետութիւն»ը` փոխադրելով անոր քարիւղը եւ զայն վաճառելով միջազգային շուկային մէջ: Ամէն ամիս մօտ 500 իսլամիստ զինեալներ կը շարունակեն Թուրքիայէն տարանցիկ ճանապարհով փոխադրուիլ Սուրիա»:

Թուրք ղեկավարները ամենեւին չեն թաքցներ իրենց իրական նպատակը: Էրտողանը յայտարարած է, որ կը ձգտի հետապնդել YPG-ին եւ «մեր երկրին սպառնացող ահաբեկչական խումբերուն»: Արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն խոստացած է, որ Անգարան պիտի ընէ «անհրաժեշտ ամէն ինչ», որպէսզի քիւրտ զինեալները հեռու պահէ Թուրքիոյ սահմաններէն:

Ուաշինկթընը գոհ չէ Թուրքիոյ սխալ ուղղութեամբ ընթացող ռազմական գործողութիւններէն Սուրիոյ հիւսիսը: Փենթակոնի բարձրաստիճան պաշտօնեայ Պրետ Մագկըրգ ըսած է CNN-ին. «թուրքերուն երբեք չէ հետաքրքրած Ճարապլուսը` մինչեւ քիւրտերը ուզեցին հասնիլ այնտեղ»: Թրքական յարձակումները քիւրտերու վրայ Մագկըրգ անուանած է «անընդունելի եւ խոր մտահոգութեան աղբիւր» Միացեալ Նահանգներու համար:

Veterans Today-ի խմբագիրը եւս խստօրէն քննադատած է թրքական ներխուժումը Սուրիա, ինչպէս արտացոլուած է անոր ծաղրական բացատրութեան մէջ. «թրքական զօրքերը, որոնք տարիներ շարունակ եղած են Սուրիոյ մէջ «ԻԼԻՊ»-ի հանդերձանքով, պարզապէս գացած էին տուն` Թուրքիա, լաւ լոքցած, սափրուած, հագած իրենց թրքական համազգեստը, ապա վերադարձած Սուրիա»:

Սուրիացի զինեալ Սաատէտտին Սոմաան, որ միացած էր թրքական ներխուժման Սուրիոյ մէջ, իր հիասթափութիւնը արտայայտած է «Նիւ Եորք թայմս»ին` ԻԼԻՊ-ի եւ Սուրիոյ կառավարութեան փոխարէն քիւրտերու դէմ պայքարին մէջ մոլորութեամբ ներքաշուելու համար: «Բոլորը կը հետապնդեն իրենց սեփական շահերը, այլ ոչ թէ Սուրիոյ», դժգոհած է Սոմաան:

«Նիւ Եորք թայմս»ի յօդուածին մէջ կ՝ընդգծուի, որ ապստամբ խումբերը ներքին պայքարներու պատճառով «կրնան ուժեղ քննադատութեան ենթարկուիլ, որ անոնք, լաւագոյն պարագային, թրքական կամ ամերիկեան գործակալներ են, իսկ վատագոյն պարագային` ԻԼԻՊ-ի դաշնակիցներ»: Բացի այդ, «Թուրքիոյ օդային հարուածներէն սպաննուած էին 35 խաղաղ բնակիչներ քիւրտ զինեալներու հսկողութեան տակ գտնուող գիւղերու մէջ: Իսկ համացանցի վրայ տեղադրուած տեսահոլովակէն կ՝երեւէր, թէ ինչպէս ապստամբները ոտքերով կը հարուածէին քրտական զինեալներու բանտարկեալները»: Որոշ զինեալներ, որոնք ուղեկցած էին թրքական զօրքերուն Սուրիա ներխուժման ժամանակ, ինչպէս Նուրըտտին ալ-Զինքի անդամները, «մեղադրուեցան «Ալ-Քաիտա»ի հետ առնչութիւն ունեցող խումբերուն հետ կապեր ունենալուն մէջ եւ խստօրէն դատապարտուեցան, երբ խումբ մը զինեալներ տեսագրած էին իրենց կողմէն երիտասարդ բանտարկեալի գլխատումը…. Իրենց մասնակցութիւնը Ճարապլուսի գործողութեան կը վկայէ, որ անոնք բոլորովին չէին մեկուսացուեր, առնուազն Թուրքիոյ կողմէն»:

Տէյվիտ Ֆիլիփսը եզրափակած է իր Huffington Post-ի մերկացնող յօդուածը չարագուշակ կանխատեսումով. «Սուրիան պիտի ըլլայ Էրտողանի Ուաթըռլոոն: Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պէտք չէ ինքզինք շղթայէ Թուրքիոյ խորտակուող նաւուն»:

Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆը

http://www.yerakouyn.com/?p=116379

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2016
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ