ԵԽԽՎ-ի մէջ Թուրքիոյ դէմ ստորագրահաւաք սկսած է

ԵԽԽՎԵւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) մէջ ստորագրահաւաք սկսած է Թուրքիան հսկողութեան տակ գտնուող երկրի կարգավիճակին վերադարձնելու հարցով:

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրառում կատարած է ԵԽԽՎ-ի հայաստանեան պատուիրակութեան անդամ Սամուէլ Ֆարմանեան:

«ԵԽԽՎ-ի Մարդու իրաւունքներու եւ իրաւական հարցերու մնայուն յանձնախումբի նիստին ընթացքին` Փարիզի մէջ, ստորագրահաւաք տեղի կ՛ունենայ… Թուրքիան պէտք է վերադարձնել իր նախկին կարգավիճակին` իբրեւ հսկողութեան տակ գտնուող երկիր` մեկնելով այդ երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու զանգուածային խախտումներէն», գրած է Ֆարմանեան:

http://www.aztagdaily.com/archives/313907

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2016
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ