Գիրքի ծանօթացում եւ վաւերագրական տեսանիւթի ներկայացում Պոլսահայ միութեան մէջ

Մարտիկ ՄատէնճեանՄԱՐԻԷԹ ՕՀԱՆԷՍ

Չորեքշաբթի օր, օգոստոս 17, 2016ին, Պոլսահայ միութեան մշակութային յանձնախումբը կազմակերպած էր գիրքի ծանօթացման եւ վաւերագրական տեսաժապաւէնի ցուցադրութեան երեկոյ՝ միութեան «Գուրեան տանիք»ը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ միութեան մշակութային յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն՝ միութեան 40ամեակին առընթեր մշակութային յանձնախումբին պատրաստած սոյն առաջին մշակութային ձեռնարկին, ինչպէս նաեւ հեղինակ Մարտիկ Մատէնճեանի առաջին հատորին՝ «Բռնագրաւուած Դրախտը»ին ծանօթացման եւ դէպի ծննդավայր Չեփնի ու մօտակայ շրջանները իր կատարած ճամբորդութեանց տեսահոլովակի ցուցադրութեան:

Տոքթ. Աւետիքեան ապա ընթերցեց հեղինակին համառօտ կենսագրութիւնը, բացատրութիւններ տուաւ տեսաժապաւէնին մասին, ապա բեմ հրաւիրեց հեղինակը:

Մարտիկ Մատէնճեան նախ ուրախութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած այս առիթին համար՝ իր հատորները ներկայացնելու եւ ներկաներուն հետ մտերմանալու: Ան դրուատեց տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեանի զրուցելու կարողութիւնը՝ զայն կոչելով շրջուն համայնագիտարան, լի գրական եւ մշակութային գիտելիքներու պաշարով:

Հեղինակը յայտնեց, թէ իր հանգուցեալ հայրը չէր կրցած սոյն աշխատանքը ամբողջացնել՝ քարտէսներ գտնել չկարենալուն համար, հետեւաբար, հեղինակը ուզած է իր հօրը մահէն երկու ամիս ետք անոր բաղձանքը կատարել։ 12 տարուան աշխատանքէ ետք, իր համագիւղացիներէն եւ իրենց ծնողներէն մնացած յիշատակներով ու պատմութիւններով, հեղինակը կազմած է իր հատորը՝ ըլլալով առաջին հայը, որ Ցեղասպանութենէն ետք կ՛այցելէ Չեփնի (Չեփնի կը գտնուի Ալիս գետի աջ կողմը, Կեմերեկէն 20 քլմ. հիւսիս: Անոր արեւմտեան կողմը կը գտնուին Պուրհան եւ Տենտիլ նախկին հայաբնակ գիւղերը: Աւելի վեր, հիւսիս-արեւմտեան կողմը կը գտնուի Չաթ գիւղը), ուր եւ լաւ ընդունելութիւն գտած է: Ան այցելած է տեղւոյն հայոց եկեղեցին, որուն միայն պատերը կանգուն կը մնան այժմ. անիկա կառուցուած է 1810-12 թուականներուն, իսկ 1825ին վերածուած է մզկիթի:

«Բռնագրաւուած Դրախտը» պատմութիւնն է Յովսէփին եւ Վարդենիին: Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն շուրջ վեց դար ետք, փոքրիկն Յովսէփ կ՛երազէ իր հօրեղբօր կալուածները ժառանգել անոր մահէն ետք, որովհետեւ վերջինս արու ժառանգորդ չունէր: Թրքական օրէնքին համաձայն՝ կիները չէին ժառանգեր…։ Իսկ փոքրիկն Վարդենին իր հայրը կը կորսնցնէ Ատանայի կոտորածին: Մայրը կ՛ամուսնանայ ուրիշի մը հետ: Վրայ կը հասնի Համաշխարհային Ա. պատերազմը: Տղամարդիկ կը զինուորագրուին, իսկ ժողովուրդին մնացեալ մասը՝ կիներ, երեխաներ եւ տարեցներ, բռնագաղթի կ՛ենթարկուին: Յովսէփի մայրն ու եղբայրը ճամբան կը մահանան: Վերապրողները կը հասնին Հալէպ. Յովսէփ սասունցիներու քով աշխատանքի կ՛անցնի. ուրիշներ Տէր Զօր կ՛ուղարկուին: Իսկ Վարդենիի ընտանիքը կ՛երթայ Հոմս, ուր մայրը զինք տաղստանցի ընտանիքի մը կը ծախէ: Պատերազմի աւարտին, Յովսէփ կը վերադառնայ Ատանա՝ ազատագրուած Կիլիկիա, եղբայրը փնտռելու: Վարդենին Հալէպի որբանոցը կը մնայ, ապա ՀԲԸՄի «Տէօրթ Եոլ»ի որբանոցը կ՛արձանագրուի: Երբ Կիլիկիան քեմալականներուն կը տրուի, Յովսէփ եւ Վարդենի Պէյրութ կը մեկնին…

Մարտիկ Մատէնճեան, միշտ լսած ըլլալով, թէ անապատ եղած է ջարդի ճամբան՝ ուզած է անձամբ բացայայտել այդ: Ան նկարագրեց Չեփնիէն մինչեւ սուրիական սահման ինքնաշարժով իր ճամբորդութիւնը, որուն ընթացքին ծառ մ՛իսկ չէ տեսած, ո՛չ իսկ արմատ. այդ ճամբայէն է որ ամբողջ հայութիւնը, առանց ծառի մը շուքին տակ նստելու կամ զովանալու, կարաւան առ կարաւան քալած է. հոն նոյնիսկ ջուրի աղբիւրներ չկային, այլ՝ փոքր գետակներ տեղ-տեղ, ուր վստա՛հ չտարուեցան հայերը, որպէսզի ծարաւէն մահանան:

Մէկ խօսքով՝ հեղինակին նպատակը եղած է աչքով տեսնել բռնագաղթի ճամբան, որպէսզի ան եւս ապրի անցեալը:

Ներկաները պաստառի վրայ դիտեցին Մարտիկ Մատէնճեանի կատարած ճամբորդութեան վայրերէն տեսարաններ, որոնք շատ ազդու տպաւորութիւն ձգեցին ներկաներուն վրայ:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հարց-պատասխանի պահ, որուն յաջորդեց պատշաճ ընդունելութիւն:

***

Մարտիկ Մատէնճեան ծնած է Լիբանան, Ցեղասպանութենէն փրկուած չեփնիցի (Սեբաստիա) ծնողներէ: Ան Քալիֆորնիա գաղթած է 1986ին՝ հաստատուելով Փասատինա, ուր կ՛ապրի իր կնոջ եւ երկու զաւակներուն հետ: Ապրիլ 2013ին, Մարտիկ Մատէնճեան հրատարակեց եռահատոր սոյն գիրքին առաջին մասը՝ «Բռնագրաւուած Դրախտը. Բռնագաղթ Դէպի Ոչնչութիւն», որ իր «Ravished Paradise, Forced March to Nothingness» անգլերէն գիրքին հայերէն թարգմանութիւնն էր՝ կատարուած ի՛ր իսկ կողմէ: 2013ի Հոկտեմբերին, ան հրատարակեց «Նոր Օրերու Ֆետայիներ. Լիբանանի Մեր Տղաքը» վաւերագրական ժամանակագրութիւնը՝ Լիբանանի 20ամեայ պատերազմին մասին:

Մայիս 2014ին լոյս տեսաւ եռահատոր «Բռնագրաւուած Դրախտ»ին երկրորդ հատորը՝ «Մեր հողերը, մեր հողերը» խորագիրով, որ Լիբանան կամ Սուրիա հաստատուած հայոց պատմութիւնն է:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2016
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ