Իրան Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղէ անյապաղ դադրեցնելու Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւնը

Պահրամ ՔասեմիԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Քասեմի յայտարարած է, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մտահոգ է Սուրիոյ մէջ թրքական զինուորական գործողութենէն` նշելով, որ անհրաժեշտ է հետեւիլ Սուրիոյ գերիշխանութեան պահպանման:

«Շրջանի խաղաղ ժողովուրդներու ահաբեկչութեան դէմ պայքար մղելու եւ շրջանային խաղաղութեան համար քայլերու ձեռնարկելու ձգտումը չի կրնար հիմք հանդիսանալ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան խախտման եւ առանց սուրիական իշխանութիւններուն հետ համաձայնութեան զինուորական գործողութիւններ կատարելու», յայտարարած է Քասեմի:

Ան աւելցուցած է, որ Սուրիոյ տարածքին Թուրքիոյ ռազմական ներկայութիւնը միայն կը բարդացնէ շրջանային իրավիճակը:

Ըստ Քասեմիի, թրքական բանակը անյապաղ պէտք է դադրեցնէ Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութիւնը:

Միւս կողմէ, «Տէօչէ Վելլէ» հաղորդեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ Ֆրանսայի մէջ դիւանագէտներու հետ հանդիպումին յաջորդած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Սուրիոյ մէջ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ գործողութիւնները աւելի կը լարեն այդ երկրին մէջ իրավիճակը:

Ան անդրադարձած է նաեւ Սուրիոյ Ժարապլոս շրջանին մէջ Թուրքիոյ զինուորական գործողութիւններուն` յայտարարելով, որ այդ շրջանին մէջ Թուրքիա աւելի կը պայքարի քրտական միաւորներու դէմ, քան թիրախ կը դարձնէ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումը:

http://www.aztagdaily.com/archives/312871

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2016
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ