Փութին Էրտողանին 7 պայման առաջադրած է, մէկը՝ Արցախին առնչուող

Putin ErdoganԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թրքական «Սիւճէ» թերթի սիւնակագիր Ճան Աթաքլը օգոստոս 31ին հրապարակած իր յօդուածին մէջ անդրադարձած է Ռուսիոյ մէջ վերջերս տեղի ունեցած ՓութինԷրտողան հանդիպման՝ ներկայացնելով ուշագրաւ մանրամասնութիւններ:

Սիւնակագիրը կը գրէ, որ Ռուսիոյ նախագահը Թուրքիոյ նախագահին առաջադրած է 7 կարեւոր նախապայմաններ, որոնց լուծման պարագային երկկողմանի յարաբերութիւնները վերջնականապէս պիտի կարգաւորուին: Ըստ Աթաքլըի՝ առաջարկները հետեւեալներն են.

  1. Սուրիոյ նկատմամբ ձեր վարած քաղաքականութիւնը ի սկզբանէ սխալ ընթացած է: Մենք Ասատը կը պաշտպանենք, դուք ալ ձեր յամառութենէն հրաժարեցէք եւ ճանչցէք Ասատին օրինականութիւնը:
  2. Ղարաբաղը մեզի համար շատ կարեւոր է: Գիտենք նաեւ, որ ձեզի համար ալ՝ Ատրպէյճանի պատճառով կարեւոր է, սակայն այս հարցին մէջ զսպուածութիւն ցուցաբերեցէք: Այս խնդիրը լուծման կարիք ունի: Մեզի հակառակելով՝ խնդիրը լուծելու փոխարէն աւելի՛ կը բարդացնէք:
  3. Խրիմի հարցով կը պաշտպանէք մեզի դէմ իրականացուող քայլերը։ Նոյնը կ՛ընէք Կովկասի որոշ երկիրներու մէջ: Սխա՛լ է։ Նման քայլեր կը խոչընդոտեն յարաբերութիւններուն բնականացումը:
  4. Մենք գիտենք, որ ձեր գործակալները Կեդրոնական Ասիոյ մէջ աշխատանքներ կ՛իրականացնեն՝ փորձելով տարածաշրջանի ժողովուրդները մեզի դէմ լարել: Վերջ տուէ՛ք այս ընթացքին:
  5. Մինչ Սուրիոյ մէջ միակ վտանգը «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութիւնն է, դուք ուշադրութիւն կը հրաւիրէք Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան վրայ: Այս կուսակցութիւնը մեզի համար ալ կարեւոր է: Որեւէ քայլ մի՛ առնէք, հակառակ պարագային՝ տարածաշրջանը անցանկալի իրադարձութիւններու թատերաբեմ կրնայ դառնալ:
  6. Վերջ տուէք դէպի Սուրիա զէնք եւ զինամթերք ուղարկելուն: Ձեր սահմանները բաց են ահաբեկչական կառոյցներու եւ Ռուսիոյ շահերուն դէմ հանդէս եկողներու առջեւ:
  7. Շարք մը թուրք նախարարներու եւ պաշտօնատարներու հակառուսական յայտարարութիւնները մեզ չափազանց կ՛անհանգստացնեն: Յատկապէս օդանաւի զգետնումէն ետք կատարուած որոշ յայտարարութիւններ չե՛ն մոռցուած: Կը խնդրեմ, որ այսուհետեւ աւելի զուսպ ըլլան անոնք։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2016
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ