Գերմանիա կը մերժէ Ցեղասպանութեան բանաձեւէն հրաժարելու Թուրքիոյ պահանջը

German Foreign Minister Frank-Walter Steinmeier attends a press conference after a bilateral meeting with the Egyptian counterpart on January 13, 2016 in Berlin.  / AFP / AXEL SCHMIDT

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»-Գերմանիա պատասխանեց Ինճիրլիքի ռազմակայան այցելութեան արտօնութեան դիմաց թրքական պահանջին, որ կը վերաբերէր Ցեղասպանութեան բանաձեւի մերժումին՝ Գերմանիոյ կողմէ։

Արդարեւ, թրքական «Տիքեն» լրատուակայքը կը գրէ, թէ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր օգոստոս 30ին մերժեց Թուրքիոյ իր պաշտօնակիցին վերոյիշեալ պահանջը՝ ըսելով. «Ես այս խնդիրներուն միջեւ որեւէ կապ չեմ տեսներ, եւ այդ մասին յստակացում կատարած եմ իմ թուրք պաշտօնակիցին»:

Նշենք, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու օգոստոս 29ին յայտարարած էր, թէ գերմանացի պաշտօնեաներուն պիտի արտօնուի այցելել Ինճիրլիքի ռազմակայանը գտնուող գերմանական զինուորական ուժերու ներկայացուցիչներուն, եթէ Պերլին հրապարակայնօրէն յայտարարէ, թէ չ՛աջակցիր յունիս 2ին Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2016
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ