Քրտական գործօնի օգտագործումով քաոսի յառաջացում

ԳանձասարՀա­սի­չէի մէջ վեր­ջին օրե­րուն սուր­ի­ա­կան բա­նա­կին եւ քր­տա­կան «Ասայշ» զի­նուո­րա­կան թե­ւին մի­ջեւ սաստ­կա­ցող բա­խում­նե­րը ցոյց կու տան, որ ԱՄՆը Սուր­ի­ան բաժ­նե­լու ծրա­գի­րի ձա­խո­ղու­թե­նէն ետք, կը փոր­ձէ քր­տա­կան գոր­ծօ­նը օգ­տա­գոր­ծել` գէթ շր­ջա­նին մէջ ռազ­մա­վա­րա­կան իր շա­հե­րը պաշտ­պա­նե­լու եւ ռու­սա­կան ազ­դե­ցու­թիւնը սահ­մա­նա­փա­կե­լու հա­մար:

Սուր­իոյ տար­բա­ժան­ման ծրա­գի­րով, ԱՄՆ-ը եւ արեւ­մուտ­քը իրենց դաշ­նա­կից­նե­րուն գոր­ծակ­ցու­թեամբ, սուր­ի­ա­կան տագ­նա­պի առա­ջին օրե­րուն փոր­ձե­ցին Սուր­ի­ան բաժ­նել փոքր պե­տու­թիւն­նե­րու` հիւ­սի­սա­յին եւ հիւ­սի­սա­րե­ւել­եան շր­ջան­նե­րուն մէջ: Անոնք կը մի­տէ­ին յատ­կա­պէս իրար­մէ ան­ջա­տել դի­մադ­րու­թեան առանց­քին բա­ղադ­րիչ­նե­րը (արե­ւել­քէն Իրա­նը, իսկ արեւ­մուտ­քէն Սուր­ի­ան եւ Հըզ­պալ­լան) եւ հա­կակշ­ռի տակ պա­հել նոյն առանց­քին մաս կազ­մող իրաք­եան թե­ւը:

Սուր­ի­ան իր դաշ­նա­կից­նե­րուն զօ­րակ­ցու­թեամբ յա­ջո­ղե­ցաւ ձա­խո­ղու­թեան մատ­նել բա­ժա­նու­մի այս ծրա­գի­րը: ԱՄՆ այս ան­գամ փոր­ձեց արիւ­նա­քամ պա­տե­րազ­մի մէջ ներ­քա­շե­լով հիւծ­ման են­թար­կել սուր­ի­ա­կան բա­նա­կը` բա­խում­նե­րու զա­նա­զան ճա­կատ­ներ բա­նա­լով Սուր­իոյ տար­բեր շր­ջան­նե­րու մէջ` հիւ­սի­սէն հա­րաւ:

Սուր­իա այս վտան­գին եւս կուրծք տուաւ, իր դաշ­նա­կից­նե­րուն օժան­դա­կու­թեամբ ամ­րաց­նե­լով պաշտ­պա­նո­ղա­կան իր հա­մա­կար­գը, զի­նուո­րա­կան գետ­նի վրայ իր ան­նա­հանջ պայ­քա­րին կող­քին ամ­րապն­դե­լով Ռուս­իա-Սուր­իա-Իրան դա­շին­քը: Վեր­ջերս այս դա­շին­քին մի­ա­նա­լու փա­փաք յայտ­նեց նա­եւ Չի­նաս­տա­նը:

Աւե­լի ուշ Իրա­քին կող­քին Թուրք­ի­ան եւս ռու­սա­կան օդու­ժին դի­մաց Ին­ճիր­լիք ռազ­մա­կա­յա­նի օգ­տա­գործ­ման հա­ւա­նա­կա­նու­թեան խա­ղա­քար­տը երե­ւան հա­նեց:

Այս զար­գա­ցում­նե­րուն դի­մաց ակն­յայտ էր, որ սուր­ի­ա­կան բա­նա­կը արիւ­նա­քամ դարձ­նե­լու փոր­ձը պի­տի չյա­ջո­ղէր: ԱՄՆ յատ­կա­պէս ընտ­րու­թիւն­նե­րու նա­խօ­րէ­ին, սուր­ի­ա­կան տագ­նա­պին մէջ ի նպաստ իրեն դրա­կան տե­ղա­շարժ մը յա­ջողց­նե­լու մի­տու­մով դի­մեց քր­տա­կան գոր­ծօ­նի օգ­տա­գործ­ման:

Այս գոր­ծօ­նի օգ­տա­գոր­ծու­մը ինք­նին կը յու­շէր, որ ձա­խո­ղած է Սուր­ի­ան փոքր պե­տու­թիւն­նե­րու բաժ­նե­լու տար­բե­րա­կը, իսկ ԱՄՆ-ին հա­մար կը մնայ Սուր­իոյ հիւ­սիսարե­ւել­եան շր­ջա­նին մէջ քր­տա­կան ինք­նա­վար շր­ջան մը ստեղ­ծե­լու տար­բե­րա­կին օգ­տա­գոր­ծու­մը: Շր­ջան մը, ուր կը բնա­կին 700 հա­զար սուր­ի­ա­ցի քիւր­տեր, որոնց կող­քին 3 միլի­ոն արաբ սուր­ի­ա­ցի­ներ եւ այլ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­ներ: Ծրա­գիր մը սա­կայն, որ ի սկզ­բա­նէ անի­րա­կա­նա­նա­լի կը թուի ըլ­լալ քա­նի մը տու­եալ­նե­րով.

-Սուր­իոյ պե­տու­թիւնը տագ­նա­պի առա­ջին իսկ օրէն ոգի ի բռին պայ­քա­րե­ցաւ` դէմ դնե­լու Սուր­իոյ բա­ժան­ման ծրա­գի­րին: Այս օրե­րուն եւս սուր­ի­ա­կան պե­տու­թիւնը բնա­կա­նա­բար ամէն ջանք ի գործ պի­տի դնէ պահ­պա­նե­լու երկ­րի տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւնը:

-Սուր­իոյ մէջ ապ­րող բո­լոր քիւր­տե­րը, նոյն դիր­քո­րո­շու­մը չու­նին ներ­կայ պայ­ման­նե­րու լոյ­սին տակ. սուր­ի­ա­կան հո­ղե­րուն վրայ ինք­նա­վար շր­ջան մը հաս­տա­տե­լու ուղղութեամբ: Քր­տա­կան որոշ կող­մեր սուր­ի­ա­կան ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան պահ­պա­նու­մով մէկ­տեղ, որո­շա­կի ազա­տու­թիւն­ներ վա­յե­լե­լու տար­բե­րա­կին մէջ կը տես­նեն իրենց հար­ցին հանգր­ուա­նա­յին լու­ծու­մը: Այս կող­մե­րը սուր­ի­ա­կան ներ­քին, ազ­գա­յին ընդ­դի­մու­թեան մաս կազ­մե­լու արե­ւե­լու­մին կը թե­քին: Այ­սու­հան­դերձ գո­յու­թիւն ու­նի քր­տա­կան թեւ մը, որ կը ձգ­տի օգտ­ուիլ քա­ղա­քա­կան պա­հէն եւ ինք­նա­վար շր­ջան հաս­տա­տել:

– Տա­րա­ծաշր­ջա­նային ու­ժե­րու վե­րա­դա­սա­ւոր­ման լոյ­սին տակ ո՛չ Թուրք­ի­ան, ո՛չ Ռուս­ի­ան եւ ոչ ալ Իրա­նը հա­մա­միտ պի­տի ըլ­լան քր­տա­կան ինք­նա­վար շր­ջա­նի մը հաս­տատ­ման, որով­հե­տեւ այս պա­րա­գա­յին անոնք խախ­տած պի­տի հա­մա­րեն իրենց ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թիւնը: Այս հիմ­նա­ւո­րու­մով է, որ Թուրք­ի­ան վեր­ջին շր­ջա­նին բուռն կեր­պով կը հր­թի­ռա­կո­ծէ Ճա­րապ­լու­սը` կան­խե­լու ՏԱ­ՀԵՇ-ին փո­խա­րի­նող քր­տա­կան ներ­կա­յու­թիւնը այդ աւա­նին մէջ:

-Սուր­իոյ հիւ­սի­սա­յին շր­ջա­նի բնակ­չու­թիւնը հա­րիւր տո­կո­սով քիւր­տե­րէ բաղ­կա­ցած չէ, հե­տե­ւա­բար շա­տեր բնա­կա­նա­բար դէմ պի­տի ըլ­լան շր­ջա­նին դի­մա­գի­ծը փո­խող գո­յա­վի­ճա­կի մը յա­ռա­ջաց­ման: Բնակ­չու­թեան այս խում­բին պատ­կա­նող շեր­տե­րը պի­տի նա­խընտ­րեն զօ­րակ­ցիլ Սուր­իոյ պե­տու­թեան եւ սուր­ի­ա­կան բա­նա­կին` բա­ցա­ռե­լու Սուր­իոյ տար­բա­ժան­ման առաջ­նոր­դող եւ իրենց հա­մա­կե­ցու­թիւնը խախ­տող իւ­րա­քան­չիւր ծրա­գիր:

Նշ­եալ տու­եալ­նե­րու լոյ­սին տակ, սուր­ի­ա­կան հո­ղե­րուն վրայ քր­տա­կան ինք­նա­վար շր­ջա­նի մը դի­պա­շա­րը կեան­քի կո­չե­լու հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն­նե­րը նուազ կը թուին ըլ­լալ: Կը մնայ յու­սալ, որ ԱՄՆ-ին կող­մէ որ­պէս խա­ղա­քարտ օգ­տա­գոր­ծուող տար­րե­րը ստեղծ­ուած այս քա­ո­սին մէջ քա­ւու­թեան նո­խազ չդառ­նան:

«Գանձասար»ի խմբագրական

http://www.yerakouyn.com/?p=115838

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2016
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ