Հայտարփաշայի կայարանը ծախելու ծրագիր

Հայտարփաշայի ԿայարանըՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Ճումհուրիյէթ» թերթի աշխատակից Հազալ Օճաքի ստորագրութեամբ հրատարակուած լուր մը դարձեալ հարցման նշաններ կը ստեղծէ Հայտարփաշայի նշանաւոր կայարանին ու նաւամատոյցին ապագային մասին։ Երկար ժամանակէ ի վեր, իշխանութիւնները աչք ունին կալուածին վրայ, որ իր կայարանով, նաւամատոյցի շրջանակով ու յարակից բաժիններով կը դառնայ 400,000 քառակուսի մեթր տարածութիւն մը։ Նախապէս պատրաստուած էին ծրագիրներ, որոնց համաձայն նպատակ կար տարածութիւնը ծախելու ու այդ ընդարձակ գետինը պանդոկով, առեւտուրի կեդրոններով ու վաճառատեղիներով նոր տարածքի մը վերածելու։

Նորութիւնն այն է, որ վարչապետարանը աշխատանք կը տանի, որպէսզի Հայտարփաշայի նաւահանգիստի ու կայարանի շրջանակը սեփականութեան համար բացուի։ Ասիկա կը նշանակէ, որ սեւ ամպեր դարձեալ պտըտելու սկսած են այդ նշանաւոր կայարանին վրայ, որ իր շէնքով ու իր պատմութեամբ այնքա՛ն կարեւոր տեղ ունի Պոլսոյ անցեալին մէջ։

Գատըգիւղի քաղաքապետութիւնը խստիւ դէմ է այս ծրագիրներուն։ Կարելի է մտածել, թէ իշխանութիւններուն համար դիւրին պիտի չըլլայ իենց ծրագիրը իրականացնել, մանաւանդ որ երկրի ճարտարապետական գրասենեակները եւս կ՛ընդդիմանան նմանօրինակ ծրագիրներու։

Յիշենք, որ Հայտարփաշայի շոգեկառքի կայարանը այն կայարանն է, ուրկէ Ապրիլ 24, 1915ի իրիկունը ճամբայ հանուեցան Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած ու դէպի մահ ու աքսոր քշուած հայ մտաւորականները։ Վերջին տարիներուն, Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման ձեռնարկներ սկսած են տեղի ունենալու կայարանին առջեւ։

Յայտնենք, թէ արդէն իսկ ցոյց մը տեղի ունեցած է Հայտարփաշաի կայարանը վաճառքի հանելու ծրագիրին դէմ։

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2016
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ