ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիա բնակող յայտնի հայ լրագրող Արիս Նալճը եւս ընդգրկուած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ կազմուած տխրահռչակ «սեւ ցանկ»ին մէջ։
Ըստ Պոլսոյ «Ակօս» թերթին՝ լրագրողը այս մասին տեղեկացած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ իրեն հասցէագրուած նամակով:
Պաքու, իբրեւ «հիմնաւորում», ներկայացուցած է 2014ին թրքական «T24.com.tr» կայքին վրայ Նալճըի կողմէ Արցախի մասին հրապարակուած յօդուածը, որուն համար Նալճը այցելած էր Ստեփանակերտ ու հարցազրոյց ունեցած էր շարք մը պաշտօնատարներու հետ:
Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանի «սեւ ցանկ»ին վրայ են բոլոր այն օտարերկրացիները, որոնք առանց Պաքուի «արտօնութեան»՝ այցելած են Լեռնային Ղարաբաղ: Պաքուի կողմէ անբաղձալի նկատուողներու 591 հոգինոց ցանկին մէջ կայ նաեւ թուրք գիտնական Էզկիսու Պիպերի անունը:
Asbarez.com
Leave a Reply