Թուրքիա– Մէկէ աւելի թրքական աղբիւրներ տեղեկութիւն հրապարակած են այն մասին, թէ ՆԱԹՕ–ի հովանաւորութեամբ գործող «Ինճիրլիք» օդային խարիսխը իր դռները պիտի բանայ ռուսական կործանիչներուն առջեւ:
«Միլլիյէթ» այս առումով յղում ընելով ռուսական «Իզվէստիա»ին` կը գրէ, թէ Ռուսիոյ ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամ Վիկտոր Մորոզով, խօսելով թերթին, յայտնած է, թէ շատ հաւանական է, որ Ռուսաստան իր արդիական կործանիչները տեղակայէ «Ինճիրլիք»էն ներս: Ան այս առումով նաեւ ըսած է, թէ այս ռազմավարական յոյժ կարեւոր քայլը պիտի դառնայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի յաջորդ յաղթանակը:
Նշենք, որ մէկէ աւելի թուրք փորձագէտներ, այս մասին խօսելով, ըսած են, թէ «Ինճիրլիք»ի մէջ ռուսական օդուժին տեղ տալը պէտք է համարել Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին կողմէ ձեռնարկուած քայլ մը, որ պիտի նպաստէ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու յաւելեալ ամրացման: Ըստ «Թայմըզ» պարբերականին ռուսական կործանիչնրու «Ինճիրլիք»ի մէջ տեղակայուիլը պիտի կատարուի շատ կարճ ժամանակի մը մէջ:
Arevelk.am
Leave a Reply