Վիքթոր Մորոզով «Ինճիրլիքի խարիսխը պիտի դառնայ Փութինի յաջորդ յաղթանակի առիթ»

ԻնճիրլիքԹուրքիաՄէկէ աւելի թրքական աղբիւրներ տեղեկութիւն հրապարակած են այն մասին, թէ  ՆԱԹՕի հովանաւորութեամբ  գործող «Ինճիրլիք» օդային խարիսխը  իր դռները պիտի բանայ ռուսական   կործանիչներուն առջեւ:

«Միլլիյէթ» այս  առումով  յղում ընելով ռուսական  «Իզվէստիա»ին` կը գրէ, թէ  Ռուսիոյ ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամ Վիկտոր Մորոզով, խօսելով թերթին, յայտնած է, թէ շատ հաւանական է, որ Ռուսաստան  իր արդիական կործանիչները  տեղակայէ  «Ինճիրլիք»էն ներս: Ան  այս առումով նաեւ ըսած է, թէ այս  ռազմավարական յոյժ կարեւոր  քայլը պիտի դառնայ   Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի   յաջորդ յաղթանակը:

Նշենք, որ մէկէ աւելի թուրք փորձագէտներ, այս  մասին խօսելով, ըսած են, թէ  «Ինճիրլիք»ի  մէջ ռուսական օդուժին  տեղ տալը   պէտք է համարել Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին կողմէ ձեռնարկուած քայլ  մը, որ  պիտի նպաստէ երկու  երկիրներու  միջեւ  յարաբերութիւններու յաւելեալ ամրացման:  Ըստ   «Թայմըզ»  պարբերականին   ռուսական կործանիչնրու  «Ինճիրլիք»ի մէջ տեղակայուիլը   պիտի կատարուի շատ  կարճ ժամանակի մը մէջ:

Arevelk.am

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2016
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ