ՊՈԼԻՍ, «Էն.Փի.Առ.».- Օ–գոստոս 17ի երեկոյեան, Վանի ոստիկանական շէնքին դիմաց ականուած ինքնաշարժ մը պայթած է եւ իբրեւ հետեւանք սպաննուած են առնուազն երկու ոստիկաններ եւ քաղաքացի մը, իսկ 73 ուրիշներ վիրաւորուած են: Վիրաւորներէն աւելի քան 20ը ոստիկան է:
Տեղական իշխանութեանց պնդումով, յարձակումը իրականացուցած են Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալները։
Օգոստոս 18ի առաւօտեան ժամերուն նաեւ, հզօր պայթում մը տեղի ունեցած է Խարբերդ քաղաքի ոստիկանատան շէնքին դիմաց եւ դարձեալ վերագրուած է քրտական կուսակցութեան։ Ըստ նախնական տուեալներու՝ պայթումին հետեւանքով սպաննուած են հինգ ոստիկաններ եւ վիրաւորուած են 146 ուրիշներ:
Նոյն օրը, քիւրտ անջատողականներ յարձակած են Պիթլիսի զինուորական դիրքերէն մէկուն վրայ՝ սպաննելով վեց զինուորներ եւ վիրաւորելով հինգ ուրիշներ։ Հաքքարիի մէջ նման յարձակումի մը հետեւանքով նաեւ վիրաւորուած են երկու ոստիկաններ:
Իսկ Տիգրանակերտի մէջ ոստիկանական կեդրոնի վրայ յարձակում մը ութ զոհ խլած էր Օգոստոս 16ին։
Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Օգոստոս 18ին յայտարարեց, թէ այս յարձակումները կը հրահրուին Ֆեթհուլլահ Կիւլենի կողմէ։
Asbarez.com
Leave a Reply