Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Անգարայէն ստացաւ Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջումի ձախող փորձէն ետք ուղղաթիռով Յունաստան ապաստանած 8 թուրք սպաները արտայանձնելու պահանջագիր մը:
Թուրք զինուորները ուղղաթիռով հասած էին Թուրքիոյ սահմանամերձ յունական Ալեքսանտրոփոլիս քաղաքը եւ անմիջապէս ապաստանի դիմում ներկայացուցած:
Կը նախատեսուի, որ այսօր Աթէնքի մէջ ընթացք առնէ անոնց ճակատագիրը վճռելու դատական նիստերուն առաջինը:
Leave a Reply