Վիքթոր Մորոզով «Ինճիրլիքի խարիսխը պիտի դառնայ Փութինի յաջորդ յաղթանակի առիթ»

•

ԻնճիրլիքԹուրքիա– Մէկէ աւելի թրքական աղբիւրներ տեղեկութիւն հրապարակած են այն մասին, թէ  ՆԱԹՕ–ի հովանաւորութեամբ  գործող «Ինճիրլիք» օդային խարիսխը  իր դռները պիտի բանայ ռուսական   կործանիչներուն առջեւ:

«Միլլիյէթ» այս  առումով  յղում ընելով ռուսական  «Իզվէստիա»ին` կը գրէ, թէ  Ռուսիոյ ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամ Վիկտոր Մորոզով, խօսելով թերթին, յայտնած է, թէ շատ հաւանական է, որ Ռուսաստան  իր արդիական կործանիչները  տեղակայէ  «Ինճիրլիք»էն ներս: Ան  այս առումով նաեւ ըսած է, թէ այս  ռազմավարական յոյժ կարեւոր  քայլը պիտի դառնայ   Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի   յաջորդ յաղթանակը:

Նշենք, որ մէկէ աւելի թուրք փորձագէտներ, այս  մասին խօսելով, ըսած են, թէ  «Ինճիրլիք»ի  մէջ ռուսական օդուժին  տեղ տալը   պէտք է համարել Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին կողմէ ձեռնարկուած քայլ  մը, որ  պիտի նպաստէ երկու  երկիրներու  միջեւ  յարաբերութիւններու յաւելեալ ամրացման:  Ըստ   «Թայմըզ»  պարբերականին   ռուսական կործանիչնրու  «Ինճիրլիք»ի մէջ տեղակայուիլը   պիտի կատարուի շատ  կարճ ժամանակի մը մէջ:

Arevelk.am

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2016
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ