ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Սեպտեմբեր 15-18ին, Երեւանի մէջ, Հայաստանի մարզանքի ու երիտասարդութեան նախարարութեան կազմակերպութեամբ նախատեսուած է կայացնել միջազգային համագումար մը, որ նուիրուած է «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան 25ամեակին»։
Այս առթիւ, Թուրքիոյ կրթական նախարարութենէն յատուկ հրահանգ մը արձակուեցաւ, որ Թուրքիայէն ո՛չ մէկ կազմակերպութիւն կամ անհատ մասնակցի այս համաժողովին։ Ի դէպ, համաժողովին մասնակցելու պաշտօնական հրաւէր ուղղուած է Թուրքիոյ Նորարարութիւններու եւ կրթական արհեստագիտութեան վարչութեան։
Թրքական լրատու աղբիւրներ այս մասին հաղորդեցին՝ ըսելով, որ «կարծեցեալ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան» նուիրուած համաժողովին մասնակցիլը անընդունելի է, որովհետեւ՝ «Հայաստան մօտաւորապէս քառորդ դարէ ի վեր բռնագրաւած է Ատրպէյճանի հողատարածքին 20 առ հարիւրը եւ կ՛արգիլէ օտար պատուիրակութիւններու մուտքը այդ գրաւեալ տարածքները»։
Asbarez.com
Leave a Reply