Ժպէյլի նեղ ու դարձ–դարձիկ փողոցներէն անցնելով, վերջապէս հասայ «Թռչնոց բոյն»: Վարորդը ազնուօրէն ինծի հասկցուց, որ մեր եղած տեղէն մինչեւ սեւ երկաթէ դուռը կրնայի քալել: Անմիջապէս մեր համաձայնած գումարը վճարեցի ու ինքնաշարժէն դուրս նետուեցայ: Հազիւ քանի մը քայլ առած, օդին տաքն ու խոնաւութիւնը սկսան նեղացուցիչ դառնալու: Կիզիչ արեւը, քրտինքը, խոնաւութիւնը… շատ աւելի հաճելի պիտի ըլլար անցնիլ քովի շքեղ համալիրը, հանել կպչուն հագուստները ու նետուիլ աւազաններու պաղ ջուրերուն մէջ: Բայց ես այդ նպատակով չէի եկած: Ես եկած էի տեսնելու Սփիւռքի միակ որբերու թանգարանը:
Սեւ երկաթէ դռնէն ներս որ մտնես, թանգարանը քեզ կը դիմաւորէ, պէտք չունիս ոչ ոքի հարցնելու, թէ ո՞ւր է արդեօք «նորակառոյց» այս շէնքը: Հոն էր արդէն հարիւրամեակէ մը ի վեր, հին ճարտարապետութեամբ շինուած, գեղեցիկ կամարներով, հազարամեայ քարերով, ամուր ու հաստատ ժամանկին դէմ կանգուն այս հոյակապ կառոյցը: Հոն էր նաեւ իր պատերէն ներս խտացուած մեր ողբերգութեան պատմութիւնը: Միայն մեր տեսնելու եւ արժեւորելու կարողութիւնն է որ փոխուած է: Հիմա ադամանդը տաշուած է, փայլուն է ու գրաւիչ:
Մտածումներդ ժամանակ չեն ունենար թափառելու անիմաստ ու երկրորդական հարցերու վրայ: Մուտքին շարուած որբերու պղնձեայ արձանիկները ուշադրութիւնդ ամբողջովին կը խլեն: Հեռուէն կը դիտես ու ծանր քայլերով կը մօտենաս, սիրտդ կը սկսի արագ բաբախելու: Կը դիտես արձանիկներուն դէմքերը, հասակնին, նայուածքները եւ արդէն իսկ կը փոխադրուիս հարիւր եւ աւելի տարի ետ: Կ՛երեւակայես նոյն բակը լեցուն որբերով, կը լսես անոնց ձայնն ու աղմուկը եւ վայրկեանի մը համար կը զգաս, որ շրջապատուած ես անոնց ոգիներով: Տխուր է իրականութիւնը, բայց կ՛արտօնես որ որբերը քեզի առաջնորդեն մինչեւ թանագարանի մուտքի հսկայ դուռը՝ ցոյց տալու համար իրենց տառապանքի ուղեւորութեան ճանապարհը:
Թանգարանի բաժանմունքները քեզ կ՛առաջնորդեն, կը բաւէ որ հետեւիս անոնց ուղղութեան:
Գեղեցիկ ու արդիական միջոցներով հրամցուած են մեր պատմութեան ամենատխուր էջերը: Կը դիտես, կը կարդաս ու կը քալես: Անգիտակցաբար կը սկսիս անուն մը կամ մականուն մը փնտռելու անուններու անհատանում ցանկերուն մէջ, բոլորն ալ ծանօթ կը թուին, բայց միեւնոյն ժամանակ բոլորն ալ անծանօթ են, ու կը շարունակես քալել: Նայուածքդ ինքնաբերաբար կ՛երթայ որբերու ոտքերուն շարուած քով քովի, կարծես իրապէս հոն են անոնք, պատին տակ շարուած. որքա՜ն պիտի ուզէի անոնց ապահովեցնել՝ ըսելով. «Մի մտահոգուիք, ամէն բան լաւ պիսի ըլլայ», ծնողքի մը գուրգուրանքով, բայց հարիւր տարիով ուշացած եմ, ափսո՜ս պատմութիւնն է, որ մնացած է միայն:
Կ՛ուզես աւելին տեսնել ու գիտնալ ու կը շարունակես քալել: Կը սորվիս, թէ նոյնքան ուժեղ են մարդկութեան երկու երեսները՝ լաւն ու վատը: Այս թանգարանը փաստ մըն է անոնց յարատեւ պայքարին, ամէն մէկ չարիքին դիմաց կը տեսնես հազար բարիք, կը տեսնես ատելութիւն եւ անհատնում սէր, կը տեսնես նախանձն ու գուրգուրանքը, ցաւն ու ուրախութիւնը: Կը սորվիս նաեւ, թէ որքան ուժեղ է մարդ էակին մէջ պահուած՝ դիմադրելու, տոկալու եւ պայքարելու ոգին: Ու կը մտածես ակամայ, թէ արդեօք մէջդ նաեւ կա՞յ պահուած նոյնքան ուժ ու կորով , բայց շուտով կը ցրուես մտածումներդ, որովհետեւ միայն զարհուրելի կացութիւններու մէջ է որ կը յայտնաբերուի պահուած ներքին ուժն ու պայքարի ոգին, ու կը ցանկաս երբեք չգիտնալ:
Այս թանգարանին մէջ ցուցադրուած է նաեւ «ծառայութիւնը» իր ամբողջական ու վեհագոյն իմաստով: Կը սորվիս, թէ ի՛նչ ըսել է ծառայել: Ինչպէս Ս. Բարսեղ Կեսարացի հայրապետը իր աղօթքին մէջ խնդրած է սորվիլ ծառայութեան մասին, որ կ՛ըսէ.
Սորվեցուր մեզի ո՜վ Տէր,
որ տեսնենք եւ օգտագործենք
Ծառայութեան ամէն առիթ:
Տանք՝
Առանց փոխարժէքը հաշուելու,
Պայքարինք՝
Առանց վիրաւորելու,
Աշխատինք՝
Առանց հանգիստ փնտռելու,
Ծառայենք՝
Առանց վարձատրութիւն ակնկալելու
Այն գիտակցութեամբ, թէ
Քու կամքդ է որ կը կատարենք:
Այս թանգարանը կեանքի իսկական դպրոց մըն է:
Որքա՜ն պիտի ուզէի, որ անիկա մաս կազմած ըլլար մեր հայոց պատմութեան կրթական ծրագիրին ու ընկալել անցեալը իբրեւ շօշափելի ճշմարտութիւն եւ ոչ իբրեւ հեքեաթ:
Այս բոլորէն անկախ, թանգարանին պատերը յաւելեալ խորք մը ունին ինծի համար, որովհետեւ այս պատերուն մէջէն կը տեսնեմ քու կամաւորի գլխաբաց վազքն ու հեւքը, քու երազը: Կը տեսնեմ անհամար ժամերդ, զորս անցուցիր համակարգչին ետեւ նստած նամակներ ուղարկելով, բացատրելով թանգարանի նպատակն ու առաքելութիւնը, անշուշտ թերահաւատներուն թիւը շատ շատ էր, բայց դուն յաջողեցար բոլորին՝ մէկիկ-մէկիկ համոզել: Եւ տակաւին այս պատերուն մէջէն կը տեսնեմ քու խանդավառ ու խանդավառող ոգին եւ գործը յառաջ տանելու յարատեւ կամքդ ու կորովդ: Ի հարկէ շատ աւելի դիւրին պիտի ըլլար քեզի համար, եթէ միանայիր շատերուն եւ հանգիստդ փնտռէիր, անանուխով լեցուն մոհիթոյի գաւաթը ձեռքիդ, ծովէ ծով պտըտելով ու «կեանքը վայելէիր»: Բայց լաւ գիտեմ այդ մէկը դուն չես, քեզի համար առաջնահերթութիւնը ուրիշ բան էր:
Վարձքը կատար բոլորին:
Վարձքը կատար հին ու նոր բոլոր ծառայողներուն։
Վարձքը կատար բոլոր քուլիսներու ետին աշխատողներուն:
Վարձքդ կատար մամա՛:
Asbarez.com
Leave a Reply