Նոր հրատարակութիւն՝ Պոլսոյ պատրիարքարանէն

Շնորհք ՊատրիարքՊՈԼԻՍ.- Պոլսոյ Պատրիարքական աթոռին կողմէ երանաշնորհ Շնորհք պատրիարքի ծննդեան հարիւրամեակին առթիւ հաստատուած «Շնորհք Պատրիարք–100» մատենաշարէն լոյս տեսաւ «Գունագեղ կիրակիներ եւ հոգեգալուստ» հատորը:

Երանաշնորհ Շնորհք պատրիարքի կրօնաբարոյական սոյն աշխատասիրութիւնը պատրաստուած է հաւատացեալ ժողովուրդի յատկապէս Ս. Զատկին յաջորդող Յարութեան շրջանին հոգեւոր մատակարարութեան համար: Անիկա նախապէս լոյս տեսած է իբրեւ յօդուածաշարք եւ 1972ին՝ ինրեւ անջատ հատոր:

Այս աշխատասիրութեան մէջ սրբազանը կ՛անդրադառնայ Ս. Զատիկին յաջորդող Յինանց շրջանին ընդհանրապէս եւ այդ շրջանի վեց կիրակիներու իմաստին ու Համբարձման տօնին մասնաւորապէս, աւելցնելով օրուան շարականներէն մէկը, աշխարհաբար թարգմանութեամբ:

Երանաշնորհ պատրիարք հայրը հատորին գրեթէ մէկ երրորդ մասը կը յատկացնէ Հոգեգալուստի դէպքին ու անոր իմաստին: Տասնեօթ խորագիրներու տակ ան կը վերլուծէ Ս. Հոգւոյ գալուստը:

Հատորին մէջ տեղ կը գրաւէ նաեւ հեղինակի պատրիարքական շրջանի անձնական կնիքը:

Սոյն հատորի մեկենասութիւնը ստանձնած են Գրիգոր Ա. քհնյ. եւ երէցկին Սիլվա Տամատեաններ, իրենց որդիին՝ Յարութիւնին աբեղայ ձեռնադրութեան առթիւ:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2016
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ