ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երեք առիթներով «Էմի» մրցանակին արժանացած ամերիկահայ յօրինող Տենիզ Ճենթիլինիի եւ երգերու հանրայայտ հեղինակ ու կատարող Լիզա Նեմզոյի «I Am Alive» երաժշտախառն նեկայացումը, որ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին, պիտի բեմադրուի Կլենտէյլի «Ալեքս» թատերասրահին մէջ, սեպտեմբեր 10-11ի շաբաթավերջը։
Երաժշտական ներկայացումը հիմնուած է Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած Գուրգէն եւ Մալվինէ Խանճեաններու՝ Ճենթիլինիի մեծ հօր եւ մեծ մօր, 75ամեայ սիրոյ պատմութեան վրայ. անիկա շեշտը կը դնէ Ցեղասպանութենէն վերապրելու իրողութիւնը լուսարձակի տակ առնելու կարեւորութեան վրայ։
Տենվըր հաստատուած Ճենթիլինի կը յայտնէ, թէ շատոնց ծանօթ էր այս պատմութեան, բայց անցեալ տարի միայն որոշեց արտայայտուիլ անոր մասին: Ան իր գործին մէջ օգտագործած է նաեւ Ցեղասպանութեան մասին իր մեծ հօր եւ մեծ մօր ձայնագրուած վկայութիւնները։
«Ուել Օրքեսթրէյթըտ Մետնես» կազմակերպութեան կողմէ ներկայացուող այս գործին բեմադրիչն է Քրիսթի Մոնթուր Լարսըն, իսկ գլխաւոր հովանաւորն է Քոլորատոյի Հայեր կազմակերպութիւնը։ Ներկայացման կ՛աջակցին նաեւ Հրէական Աշխարհի Դէտ կազմակերպութիւնը, «Մաշտոց» քոլեճը, Հայկական Միացեալ խորհուրդը, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ Շարժապատկերի, երաժշտութեան ու արուեստի «Արփա» հիմնարկը (AFFMA), իսկ լրատուական մարզի հովանաւորն է «Ասպարէզ» օրաթերթը։
Սեպտեմբեր 10ի ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ ժամը 7։30ին, իսկ սեպտեմբեր 11ի ներկայացումը՝ կ.ե. ժամը 3ին։ Թատերասրահին հասցէն է 216 North Brand Blvd., Glendale CA 91203։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.iamalivethemusical.com կայքը։
Asbarez.com
Leave a Reply