ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալ թեւը նկատուող Քրտական համայնքներու միութեան համանախագահ Ճեմիլ Պայըք թրքական «Հապեր.սօլ» կայքին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ քիւրտերը պիտի ընդարձակեն իրենց ազատագրական զինեալ պայքարը:
Նշելով, որ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած զինուորական ձախող յեղաշրջման պատճառով երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը չի կրնար խանգարել իրենց պայքարը՝ Պայըք ըսած է, որ այսուհետեւ թրքական ուժերուն դէմ գործողութիւններ պիտի կատարուին ոչ միայն լեռնային շրջաններու, այլեւ բնակելի գօտիներու մէջ:
Ան նաեւ ըսած է, որ Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակը նոր փուլ է, եւ զգուշացուցած է, որ քաղաքներու մէջ ծառայութիւն կատարող թրքական ապահովական ուժերը նախկինին նման չեն կրնար հանգիստ մնալ, որովհետեւ Քրտական համայնքներու միութեան զինեալները պիտի դիմեն «աւելի՛ արդիւնաւէտ» գործողութիւններու:
Asbarez.com
Leave a Reply