Հայոց Ցեղասպանութեան 101-ամեակին, ինչպէս նաեւ ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութեանց զոհերու յիշատակին, Նորթ Հոլիվուտի մէջ օգոստոս 7-ին տեղի ունեցած է քայլարշաւ մը, որուն մասնակցած են Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեան եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան: Այս մասին կը հաղորդէ ԱՄՆ–ի «Ասպարէզ» օրաթերթը։
Յիշատակի ձեռնարկին նախաձեռնողը Հարաւային Քալիֆորնիոյ Ասորի-ամերիկեան միութիւնը եղած է, լուսարձակի տակ առնելու համար ասորիներու ցեղասպանութեան տարելիցը։
«Այս պատմութիւնը պէտք է յիշել եւ յարգել, որպէսզի իմ սերունդին, երեխաներուս եւ թոռնիկներուս սերունդներուն յիշողութեան մէջ ապրի այդ պատմութիւնը», ըսած է նշեալ միութեան ներկայացուցիչ Ճան Քորիէլ:
http://www.yerakouyn.com/?p=114959
Leave a Reply