Սիտնիի մէջ՝ «Ցեղասպանութեան երեխաները» ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութիւնը

Ցեղասպանութեան Երեխաները«Հայերն այսօր».- Կիրակի, 31 յուլիսին Սիտնիի «Ռայտ» թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Շահանէ Պեքարեանի «Ցեղասպանութեան երեխաները» ֆիլմի առաջին ցուցադրութիւնը:

62 վայրկեան տեւողութեամբ վաւերագրական այս ֆիլմը կը պատմէ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն հայ երեխաներու կրած դժուարութիւններուն ու տառապանքներուն մասին, որոնք ներկայացուած են պատմութիւններուն միջոցով 40 վերապրածներու, որոնք 1980ական թուականներուն ձայնագրած են իրենց վկայութիւնները Աւստրալիոյ մէջ: Ֆիլմը պատրաստուած է Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին հետ համատեղ:

Ոգեշնչուելով իր մեծ հօր պատմութիւններէն՝ Պեքարեան ֆիլմին մէջ հարցազրոյցներ կը վերցնէ Ցեղասպանութեան վերապրածներէն եւ կ՛անդրադառնայ անոնց փորձառութիւններուն, որոնք պահպանելով հայկական մշակոյթը՝ ընդելուզուած են Աւստրալիոյ հասարակութեան մէջ:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2016
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ