«Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջման ձախող փորձը ծրագրուած էր արտաքին ուժերու կողմէ» ըսաւ Էրտողան

•

Ռեճեփ Թայիփ ԷրտողանԹուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջումի ձախող փորձը ծրագրուած էր արտաքին ուժերու կողմէ եւ անոր նպատակը Թուրքիոյ բարգաւաճումը, միութիւնն ու զարգացումը հարուածելն էր:

Էրտողան մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նշեց, որ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջումին «դերասանները Թուրքիոյ մէջ են, սակայն թատրերգութիւնը գրուած էր արտասահմանի մէջ»:

Ան ըսաւ, որ այնքան ատեն որ ժողովուրդը հզօր ու միասնակամ է` Թուրքիան բոլոր սպառնալիքները պիտի շրջանցէ:

Թուրքիոյ նախագահը նաեւ անդրադարձաւ Գերմանիոյ դաշնակցային սահմանադրական դատարանին կողմէ Քէօլնի մէջ իր կողմնակիցներուն հանրահաւաքին ուղիղ եթերով միացման արգիլման: Ան ըսաւ, որ գերմանական դատարանները քանի մը վայրկեանի մէջ որոշեցին արգիլել Քէօլնի մէջ հաւաքուած ժողովուրդին առջեւ իր խօսիլը, սակայն տարիներէ ի վեր կը ձգձգեն ահաբեկիչներու դէմ յարուցուած դատական հայցերը:

Էրտողան յայտնեց, որ եթէ Արեւմուտքը Թուրքիոյ դէմ յարձակում գործող ահաբեկչութեան նկատմամբ յստակ կեցուածք չճշդէ, ապա ահաբեկչութիւնը օր մը անոր դէմ պիտի դառնայ:

Ան ցաւ յայտնեց, որ Արեւմուտքը կը զօրակցի ահաբեկչութեան եւ յեղաշրջումներուն կողքին կը կանգնի` նշելով. «Պիտի գայ օր մը, երբ Եւրոպան պիտի հասկնայ ահաբեկչութեան ու յեղաշրջումներու վտանգաւորութեան մասին տարիներէ ի վեր մեր ըսածը, եւ կը մաղթենք, որ մեր փորձառութիւնը չունենան»:

Թուրքիոյ առեւտուրի նախարար Պիւլենթ Թիւֆենքճի «Հիւրրիյէթ»-ին յայտնած է, որ յեղաշրջումի փորձը թրքական տնտեսութեան պատճառած է 100 միլիառ տոլարի վնաս:

http://www.aztagdaily.com/archives/307618

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2016
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ