Մարսէյի մէջ ներկայացուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան վաւերագիրներ

Հայոց Ցեղասպանութեան ՎաւերագիրներԵՐԵՒԱՆ– 21 յուլիսին Մարսէյի A.R.A.M (Association pour la Recherche et l՛Archivage de la Memoire armenienne – Հայկական յիշողութեան հետազօտման եւ արխիւացման կազմակերպութիւն, նախագահ՝ Ժաք Ուլուսեան) գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը, որուն ներկայ էին Ֆրանսայի քաղաքաշինութեան, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Փաթրիք Քաները, ՓրովանսԱլփՔոթ Տ՛Ազիւր շրջանի նահանգապետ Ստեփան Մայոն, Մարսէյի մէջ Հայաստանի հիւպատոս Սամուէլ Լալայեանը, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Հենրի Ժիպրայէլը, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրեալներ, ֆրանսական եւ հայկական կազմակերպութիւններու նախագահներ, հայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, ֆրանսացիներ, լրագրողներ: Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը տեղեկանայ Մարսէյի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութենէն:

A.R.A.M կազմակերպութեան հիմնադիր Կարպիս Արթինի դուստր՝ Աստրիդ Արթին Լուսիկեանը, ներկաներուն մանրամասն կերպով ներկայացուց կազմակերպութեան հայանպաստ գործունէութիւնը, արխիւին մէջ պահուող Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած եւ Մարսէյ ապաստանած հայերուն կողմէ ստեղծուած հայկական առաջին կազմակերպութիւններուն վերաբերող բազմաթիւ արժէքաւոր փասթաթուղթեր, ֆրանսական կառավարութեան կողմէ ցուցաբերուած օգնութեան տարաբնոյթ փաստաթուղթեր, Ցեղասպանութենէն փրկուածներու լուսանկարներ, մեծ թիւով անձնագիրներու, ծննդեան, ամուսնութեան, գաղթականի, Ֆրանսայի հարաւի հայկական պատրիարքարանին կողմէ տրուած մկրտութեան վկայականներու բնօրինակներ, ինչպէս նաեւ Համաշխարհայն Բ. պատերազմին ֆրանսահայերուն մասնակցութեան եւ մինչեւ մեր ժամանակները ընդգրկող բազմաթիւ արժէքաւոր այլ փաստաթուղթեր:

Իր խօսքին մէջ նախարար Փաթրիք Քաներ կարեւոր նկատած է նման միջոցառումներու կազմակերպումը ու բարձր գնահատած A.R.A.M կազմակերպութեան գոյութեան նշանակութիւնը եւ կատարած աշխատանքը՝ անգամ մը եւս նշելով Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ վերջերս ընդունուած Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը քրէականացնող օրէնքը՝ վստահեցնելով, որ անիկա Հոկտեմբերին պիտի հաստատուի նաեւ Ծերակոյտին կողմէ:

Հիւպատոս Սամուէլ Լալայեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարին եւ նահանգապետին՝ A.R.A.M կազմակերպութեան ցուցաբերած հետաքրքրութեան, աջակցութեան եւ տրուած այցելութեան համար:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2016
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ