ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Իսրայէլի խորհրդարանի՝ Քնեսեթի Կրթութեան եւ մարզանքի յանձնախումբը oգոստոս 1ին կայացած քննարկումէ մը ետք պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը. այս մասին կը տեղեկացնէ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամ Յովնան Պաղտասարեան:
Նշենք, որ յուլիս 5ին, Քնեսեթի լիագումար նիստը Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը քննարկելէ ետք որոշած էր բանաձեւի նախագիծը ուղարկել նշեալ յանձնախումբին՝ յաւելեալ ուսումնասիրութեան եւ քննարկման համար:
«Այսօր (oգոստոս 1ին) կայացած քննարկումէն ետք, Քնեսեթի Կրթութեան եւ մարզանքի յանձնախումբի ատենապետ Եաքով Մարկի յայտարարեց, որ յանձնախումբը պաշտօնապէս կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Յանձնախումբը նաեւ կոչ ըրաւ Իսրայէլի կառավարութեան, Քնեսեթին եւ Քնեսեթի խօսնակ Եուլի Ետիլշթայնին՝ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը», գրած է Պաղտասարեան:
Անոր համաձայն՝ յանձնախումբի ատենապետը յանձն առած է կազմակերպել ստորագրահաւաք մը, որպէսզի կարելի ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը դարձեալ բերել Քնեսեթի լիագումար նիստին:
Asbarez.com
Leave a Reply