ՄԱՐՄԱՐԱ-ի լրահոս

ՄարմարաԱրտաքին նախարար Չավուշօղլու վերջնական թուական պահանջեց

Եթէ Եւրոմիութիւնը չջնջէ վիզայի դրութիւնը, Թուրքիա պիտի չգործադրէ ապաստանեալներու համաձայնութիւնը“

Թուրքիա, հակառակ որ կ՚անցնի շատ փափուկ ու պայթուցիկ մթնոլորտի մէջէն ու կը շարունակէ մաքրագործել զինուորական ձախորդ հարուածի պատասխանատուներու մնացորդացը, իր ինքնավստահ կեցուածքը կը պահէ նաեւ Թուրքիոյ նկատմամբ ցուրտ վերաբերում ցոյց տուող բոլոր արտաքին շրջանակներուն՝ Եւրոպայէն մինչեւ Ամերիկա։ Ա-Գէ-Փէ կառավարութիւնը որեւէ զիջողութիւն չունի օտար պետութիւններէ իր սպասածներուն եւ պահանջներուն մէջ։ Այսպէս է որ Նախագահ Էրտողան իր ծանր պատասխանը տուած էր Թուրքիան քննադատող Ամերիկացի զօրավարին, եւ այսպէս է որ հիմա Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ Եւրոմիութենէ կը պահանջէ բազմաթիւ հարցերու համար լուծման յստակ թուականներ։

Թուրքիոյ պահանջներն մէկն ալ, որ իսկապէս կարեւոր է, Եւրոմիութեան շրջանակէն ներս թուրք քաղաքացիներու համար վիզայի դրութեան ջնջումն է։ Եւրոմիութիւնը խոստացած է վիզայի դրութիւնը ջնջել, բայց կ՚ուշանայ, կը ձգձգէ։ Այս ձգձգումին դէմ նոր ու խիստ առարկութիւն մը եկաւ Արտաքին Նախարար Մէվլիւտ Չավուշօղլուէն։ Չավուշօղլու վերջնական թուական մը յառաջ քշեց։ Հոկտեմբեր ամսուան սկիզբը կամ մէջտեղերը։ Եւրոմիութիւնը պէտք է յստակ ու վերջնական թուական մը տայ, Թուրքիա անկէ աւելի երկար պիտի չսպասէ։ Եթէ մինչեւ վերեւ յիշուած թուականը վիզայի դրութիւնը չջնջուի, այն ատեն Թուրքիա չեղեալ պիտի նկատէ ապաստանեալները ետ առնլու ուղղութեամբ 18 Մարտին Եւրոմիութեան հետ կնքուած համաձայնագիրը։

Չավուշօղլու ըսաւ որ Թուրքիոյ այս ակնկալութիւնը պէտք չէ ընդունուի որպէս սպառնալիք։ Բայց եթէ մինչեւ Հոկտեմբեր վիզայի դրութիւնը չջնջուի, Թուրքիա պիտի ստիպուի ետքայլ ընել ապաստանեալներու հարցին մէջ։

Վիեննայի օդակայանին մէջ տարօրինակ գրութիւն. Թուրքիա արձակուրդի երթալը կը նշանակէ զօրակցիլ Էրտողանին

Վիեննայի օդակայանին մէջ անցեալ օր պարզուեցաւ տարօրինակ տեսարան մը, որ օտար երկիրներու կողմէ Թուրքիոյ, մասնաւորաբար Նախագահ Էրտողանի անձին նկատմամբ ցուցաբերուած ժխտական կեցուածին մէկ յայտարարն էր։ Արտասահման գացող ճամբորդները լուսաւոր պաստառներէն մէկուն վրայ յանկարծ կարդացին սա գրութիւնը.

“Արձակուրդի համար Թուրքիա երթալը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ զօրակցիլ Էրտողանին”։

Նախագահ Էրտողանին ու Թուրքիոյ մէջ արձակուրդ ընել փափաքողներուն ուղղեալ այս գրութիւնն ալ մէկն էր այն կեցուածքին զոր Եւրոպա որդեգրած է 15 Յուլիսի զինուորական հարուածի փորձէն ետք։ Օդակայանի վարչութիւնը այս գիրը գրելով պաշտօնապէս ըսած կ՚ըլլար. “Թուրքիա մի երթաք”։

Թուրքիոյ Արտաքին Նախարարութիւնը հաղորդեց թէ այդ գրութիւնը շուտով վերցուեցաւ։

Ամերիկացիները մտահոգ են Թուրքիոյ մէջ պատահածներէն

Թուրքիա այսօր պիտի ընդունի ԱՄՆ-ի Սպայակոյտի Նախագահին այցելութիւնը։ Հաղորդուեցաւ որ Վարչապետ Եըլտըրըմն է որ հանդիպում պիտի ունենայ Ամերիկացի բարձրաստիճան զինուորականին հետ։ Այս այցելութիւնը մասնաւոր կարեւորութիւն կը ստանայ մանաւանդ անով որ վերջին քանի մը օրերու ընթացքին ծանր մթնոլորտ ստեղծուած էր Հանրապետութեան Նախագահ Էրտողանի ու ԱՄՆ-ի Կեդրոնական Ուժերու Հրամանատար Զօրավար Ժոզէֆ Վոթէլի միջեւ։ Վոթէլ ցաւ յայտնած էր որ Թուրքիոյ մէջ մէկ առ մէկ կը ձերբակալուին այն զինուորականները որոնց հետ բանակցութեանց մէջ էին։

Զօրավարին այս խօսքերը Նախագահ Էրտողանին կողմէ ընդունուած էին որպէս հարուածի հեղինակները պաշտպանելու փորձ։ “Դուն ո՞վ ես որ կը խառնուիս այս գործին, քու չափը գիտցիր” ըսած էր Էրտողան։ Իսկ Զօրավար Վոթէլ ճշդում ըրած էր, ըսած էր որ իր խօսքերը սխալ հասկցուած էին։

Որքան որ ալ Զօրավար Վոթէլ յետսկոչում ըրած ըլլայ ու ըսէ թէ իր խօսքերը սխալ հասկցուեցան, լրատու աղբիւրներ կը հաղորդեն թէ Ուաշինկթըն կը մերժէ ետքայլ ընել, եւ կ՚ընդգծէ թէ սխալ է Թուրքիոյ այն պնդումը թէ զինուորական հարուածին ետին ԱՄՆ-ն կայ։

Փէնթակոնի բանբեր Փիթըր Քուք իր կարգին յայտարարութիւն մը ըրաւ ու պաշտպանեց զօրավար Վոթէլը յայտնելով որ իրենք ալ կը բաժնեն Զօրավար Վոթէլին մտահոգութիւնները։ Ան դիտել տուաւ որ ԱՄՆ հիմա մեծ ջանք կը վատնէ որպէսզի Թուրքիոյ մէջ պատահածները ժխտական ազդեցութիւն չունենան ԸՇԻՏ-ի դէմ տարուած պայքարին վրայ։

Այս առթիւ ԱՄՆ-ի զինուորական շրջանակները յիշեցուցին Նախագահ Օպամային յայտարարութիւնը թէ նմանօրինակ պնդումներ կը խոցեն Թուրքիա-ԱՄՆ յարաբերութիւնները։ Զինուորական շրջանակները, նաեւ ՍԻԱ-ի անդամները կ՚ընդգծեն թէ հաւասարապէս մտահոգ են Թուրքիոյ մէջ պատահածներէն։

Քէօլն քաղաքը երէկ ապրեցաւ Թուրքիոյ հարցով իր ամէնէն ձգտեալ օրը

15 Յուլիսի ձախող զինուորական հարուածէն վերջ հարուածի հեղինակներուն դէմ Թուրքիոյ մէջ ստեղծուած մեծ պայքարը երէկ իր անդրադարձը ունեցաւ նաեւ Գերմանիոյ Քէօլն քաղաքին վրայ, Քէօլն երէկ ապրեցաւ իր պատմութեան ամէնէն պայթուցիկ օրերէն մէկը։ Թուրքիոյ մէջ փորձուած զինուորական հարուածին դէմ ստեղծուած ու ժողովրդավարութեան պաշտպան կանգնիլ նկատուած հանրահաւաքներուն մէկ նմանն ալ կազմակերպուած էր Քէօլնի մէջ, բայց Գերման իշխանութիւնները շատ ալ ջերմ ընդունելութիւն չունէին այս հանրահաւաքին նկատմամբ։ Նախ անոնք մերժեցին վիտէոյի կենդանի այն ճառախօսութիւնը զոր հանրահաւաքի ընթացքին Նախագահ Էրտողան ընել ուզած էր։ Գերման իշխանութիւնները չարտօնեցին որ այս ճառախօսութիւնը կատարուի։ Արտօնուեցաւ միայն որ կարդացուի տեղւոյն վրայ։

Միւս կողմէ Թուրքիոյ ընդդիմադիրներն ալ փողոց իջան ու հակացոյց ըրին, “Այստեղ Թուրքիա չէ, Գերմանիա է, գացէք Թուրքիոյ մէջ ըրէք ձեր հանրահաւաքը” ըսին։

Հանրահաւաքները կատարուեցան Ռէն գետի երկու ափերուն վրայ, մէկուն մէջ թուրքերու հաւաքը, միւսին մէջ ալ դէմ եկողներուն հաւաքը։ Թրքական կողմէ մասնակցեցան Գերմանիոյ զանազան քաղաքներէն ժամանած յիսուն հազար թուրքեր, որոնց թիւը սակայն ընդդիմադիրներու կողմէ գնահատուեցաւ որպէս քսանհազար։

Թուրքիա խստիւ քննադատեց Էրտողանի ճառախօսութեան դէմ արձակուած արգելքը ու բացատրութիւններ պահանջեց։ Կը թուի թէ Գերմանիոյ Խորհրդարանի կողմէ ընդունուած հայկական բանաձեւի տագնապէն վերջ այս մէկն ալ նոր տագնապ պիտի ստեղծէ երկու երկիրներու մջեւ։

ԱՄՆի թուրքեր ստորագրահաւաքի արշաւ բացած են` պահանջելով որ Ամերիկա թուրքիոյ յանձնէ կիւլէնը

Ամերիկաբնակ թուրքեր ստորագրահաւաքի արշաւ բացած են, պահանջելով որ Ամերիկա Թուրքիոյ վերադարձնէ Ֆէթհուլլահ Կիւլէնը։

Էն Թի Վի կը հաղորդէ որ ստորագրահաւաքի պատճէնին մէջ կը նշուի որ Կիւլէն որ Ամերիկայի “դաշնակից” կը նկատուի, 15 Յուլիսի զինուորական հարուածի ղեկավարն է, հետեւաբար խիստ անհրաժեշտ է որ Կիւլէնը յանձնուի Թուրքիոյ։

Այս ստորագրահաւաքը տեղ գտած է Սպիտակ Տան պաշտօնական կայքէջի վրայ, “ամերիկացիներու պահանջներ” բաժնին մէջ։ Կը նշուի որ Սպիտակ Տունը միայն այն պարագային կրնայ ուսումնասիրել ամերիկաբնակ թուրքերու պահանջը, եթէ 30 օրուայ մէջ 100 հազար մարդու ստորագրութիւն հաւաքուի։

Այժմ 11 օրուայ մէջ 77 հազար թուրքերու ստորագրութիւն հաւաքուած է։ Իսկ Ամերիկայի մէջ Կիւլէնի կողմնակիցներն ալ արշաւ բացած են, պահանջելով որ ամերիկեան իշխանութիւնները ճանչնան Կիւլէնի քաղաքական ապաստանի իրաւունքը։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2016
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ