Թուրքիան դատապարտած է Գերմանիոյ Սահմանադրական դատարանի` Էրտողանի վերաբերեալ տուած վճիռը

ErdoganԹուրքիա դատապարտած է Գերմանիոյ Սահմանադրական դատարանին տուած այն վճիռը, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին կարգիլէ տեսաձայնային կապի միջոցով դիմել Քէօլն քաղաքին մէջ հաւաքուած իր տասնեակ հազարաւոր համակիրներուն:

Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ թրքական իշխանութիւնները վերոյիշեալ դատավճիռը «անընդունելի» որակած են:

Էրտողանի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնած է. «Մեզ կը հետաքրքրեն իրական դրդապատճառները, թէ ինչո՛ւ Գերմանիոյ իշխանութիւնները չարտօնեցին նախագահին կապ հաստատել իր համակիրներուն հետ: Եւ այս հարցով մենք գերմանական կողմէն կ’ակնկալենք լիարժէք բացատրութիւն»:

Բրիտանական օրաթերթը կը յիշեցնէ, որ նշեալ հաւաքը տեղի ունեցած է 16 յուլիսի գիշերը, Թուրքիոյ մէջ զինուորական յեղաշրջումի փորձի տապալումէն ետք:

Կը նշուի, որ Քէօլնի մէջ Էրտողանի հաւաք կազմակերպած համակիրներուն թիւը հասած է 40 հազարի:

«Արապիյա» իր կարգին հաղորդեց, որ թրքական իշխանութիւնները այս հարցով իրենց մօտ կանչած են Անգարայի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատան գործավարը:

http://www.aztagdaily.com/archives/307431

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2016
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ