ՄԱՐՄԱՐԱ-ի լրահոս

ՄարմարաՆախագահ Էրտողան ու ամերիկացի զօրավար Վոթէլ

Խօսքերս սխալ հասկցուեցան, մենք գոհ ենք թուրքիոյ հետ մեր գործակցութենէն”

Ամերիկայի Կեդրոնական Ուժերու Հրամանատար Ժոզէֆ Վոթէլ իր մէկ արտայայտութեամբ զայրոյթ պատճառած էր Նախագահ Էրտողանին եւ ենթարկուած էր անոր ծանր քննադատութեան, բայց զօրավարը պատասխանեց ու ըսաւ որ իր խօսքերը սխալ հասկցուեցան։

Զօրավար Վոթէլ, մեկնաբանելով Թուրքիոյ մէջ կատարուած զինուորական յեղափոխութեան փորձին, մտահոգութիւն յայտնած էր լայն չափով կատարուած ձերբակալութիւններուն մասին ու ըսած էր որ բազմաթիւ զինուորական լիազօրներ, որոնց հետ Ամերիկա գործակցութիւն հաստատած էր, հիմա ձերբակալուած են եւ թէ ինք կը վախնայ որ ասիկա իր ազդեցութիւնը կ՚ունենայ ԱՄՆ-ի ու Թուրքիոյ գործակցութեան ու միասնութեան վրայ։

Զօրավարին վերի արտայայտութիւնը չէր վրիպած Նախագահ Էրտողանին ուշադրութենէն որ շատ խիստ փոխադարձեց ու ըսաւ. “Մարդ քիչ մը կ՚ամչնայ այսպիսի բան մը ըսելու, դուն ո՞վ ես, այս մասին որոշում առնելը քեզի՞ է մնացեր”։

Էրտողան աւելցուցած էր. “Նախ պէտք է քու չափը գիտնաս։ Փոխանակ շնորհակալութիւն յայտնելու այսպիսի զինուորական հարուածը մեկուսացնող իմ պետութեան, տեղ կը գրաւես հարուածը իրականացնողներուն կողքին։ Հարուածին կազմակերպիչը արդէն քու երկրիդ մէջ կը բնակի, քու երկրիդ մէջ կը սնանի։ Թուրք ժողովուրդը շատ լաւ գիտէ թէ ինչ խաղեր կը դարձուին։ Թուրքիա երբեք այս խաղերուն զոհը պիտի չդառնայ”։

Էրտողանի այս խիստ քննադատութիւնը արդիւնք տուաւ, զօրավար Վոթէլ նոր յայտարարութիւն մը ըրաւ ու ըսաւ որ իր խօսքերը սխալ հասկցուած են։ Զօրավարը ըսաւ որ ինք որեւէ կապ չունի հարուածը կազմակերպողներուն հետ։ “Թուրքիոյ հետ մեր ունեցած գործակցութենէն գոհ ենք ու կը սիրենք յուսալ որ Թուրքիոյ հետ մեր գործացկութիւնը պիտի շարունակուի ԸՇԻՏ-ի դէմ պայքարի մէջ”։

Ֆէթհուլլահ կիւլէնն ալ հայ է եղեր…”

Ամէն անամ որ նեղացուցիչ հարց մը ծագի, կարգ մը շրջանակներ հայկական մասնակցութիւն տեսնել կը կարծեն այդ հարցին մէջ։ Ասիկա անվերջանալի պատմութիւն մը ըլլալ կը թուի։ Վերջին օրինակը կուգայ Օսմանեան Օճախներ կոչուած հիմնարկութենէն, որուն ընդհանուր նախագահը Հայրուլլահ Պէյազըտ պնդեց որ Ֆէթհուլլահ Կիւլէն հարազատ հայ մըն է։ Ան ընկերային ցանցի իր էջին վրայ հրատարակեց որ Ֆէթհուլլահ Էրզրումցի հայ մըն է, անոր եղբայրը Թուրքիոյ մէջ “մէսիհ”, իսկ մայրը “րապին” կը կոչուի։

Մէ-Հէ-Փէցի Եուսուֆ Հալաճօղլու, որուն հայոց նկատմամբ դիրքորոշումը յայտնի է, ասպէս արտայայտուած էր. “Ֆէթհուլլահ Կիւլէն հայկական ծագում ունի եւ անոր մեծհայրը Էրզրումի մէջ գործօն դեր կատարած է թուրքերու դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան մէջ”։ Օսմանեան Օճախներ հիմնարկութեան նախագահը պնդեց որ իր ըսածները ճշմարտութիւն են եւ եթէ հակառակը փաստուի, ինք պիտի հրաժարի իր պաշտօնէն։

Հաքքարիի մէջ 5 նահատակ, 6 վիրաւորեալ

Մինչ Թուրքիա կը պայքարի ձախողած զինուորական հարուածին յաջորդող խնդիրներով ու մաքրագործումներով, ՓՔՔական յարձակումներն ալ կը շարունակուին արեւելեան նահանգներու մէջ։ Երէկ ալ Թուրքիա նոր նահատակներ տուաւ։

Հաքքարիի Չուքուրճա գաւառակին մէջ ՓՔՔ-ական ահաբեկիչներ յարձակեցան ճամբաները հետազօտող ապահովութեան ուժերուն վրայ։ Հինգ զինուոր նահատակուեցաւ, վեց զինուոր վիրաւորուեցաւ։ Զինուորական նոր ուժեր ղրկուեցան դէպի Չուքուրճա։ Ահաբեկչութեան դէմ գործողութիւնները կը շարունակուին։

Մահապատիժը վերահաստատելու հարցի մէջ թեր ու դէմ կարծիքներ

Քըլըճտարօղլու խենթութիւն որակեց, բայց ժողովուրդը կողմնակից է մահապատիժի վերահաստատման

15 Յուլիսի յեղափոխական փորձէն ասդին միշտ օրակարգի վրայ կը մնայ Թուրքիոյ մէջ մահապատիժի դրութիւնը վերահաստատելու խնդիր մը։ Հանրապետութեան Նախագահ Էրտողանն էր որ այս մասին տուաւ առաջին ազդանշանը, դիտել տալով սակայն որ ժողովուրդն ալ լայնօրէն կողմնակից էր մահապատիժի հաստատման։ Նախագահ Էրտողան դեռ երկու օր առաջ Եւրոպական շրջանակներուն խօսք ուղղելով ըսած էր թէ Թուրքիա ի՞նչ շահեցաւ այսքան երկար ժամանակէ ի վեր մահապատիժը ջնջած ըլլալով։

Բազմաթիւ շրջանակներ շատ զգոյշ են սակայն այս խնդրի կապակցութեամբ, որովհետեւ շատ փափուկ հարց է մանաւանդ այսօրուան պայթուցիկ մթնոլորտին մէջ, ուր տարածուն վերապահութիւն, նոյնիսկ ատելութիւն կայ զինուորական հարուածը պատրաստողներու ու փորձողներու նկատմամբ։

Ճէ-Հէ-Փէի Կուսակցապետ Քէմալ Քըլըճտարօղլու մէկն է այն քաղաքագէտներէն որոնք դէմ կուգան մահապատիժը վերականգներու առաջարկին։ Հեռատեսիլի կայանէ մը իրեն հետ կատարուած հարցազրոյցի ընթացքին Քըլըճտարօղլու ըսաւ արդէն որ մահապատիժը խենդութիւն կ՚ըլլայ։ Քաղաքականութիւնը պէտք չէ փողոց իջեցուի, մահապատիժի մասին շշուկները լայն շրջանակներէ ներս մտահոգութիւններ ստեղծեց։ Քըլըճտարօղլու առաջարկեց նաեւ որ զինուորական հարուածի յանցագործներու դատավարութիւնը հաղորդուի կենդանի սփռումով որպէսզի ժողովուրդն ալ գիտնայ թէ ինչեր պատահած են եւ ինչեր կ՚ըսուին։

7000 ստորագրութիւն նեւշէհիրէն

Նոյն նիւթի կապակցութեամբ լուր մըն ալ հասաւ Նեւշէհիրէն, այս անգամ մահապատիժի վերահաստատման կողմնակիցներէն։ Նեւշէհիրի “Հայրենիքի Նահատակներ” եւ “Վիրաւորեալ Կազիներ” միութիւնները իրենց շրջաններէն հաւաքեցին 7 հազար ստորագրութիւն՝ մահապատիժի դրութեան վերահաստատումը պահանջելով։ İտորագրութիւնները ղրկուեցան Հանրապետութեան Նախագահութեան։

Միութեան նախագահ Րամազան Չիֆթճի յայտարարեց որ մահապատիժը պէտք է վերահաստատուի որպէսզի առաջքը առնուի Ֆէթհուլլանականներու եւ այդ դաւաճաններու գործունէութեան։ Որքան ատեն որ մահապատիժի դրութիւն չկայ, այս դաւաճանները կը շարունակեն իրենց դաւադրութիւնները, ըսաւ Չիֆթճի։


 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2016
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ