Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ 1994-էն ցայսօր արձանագրուած է ամենացած ցուցանիշը

Turkiye'de turizmԹուրքիոյ տնտեսութեան յառաջատար ճիւղերէն մէկը համարուող զբօսաշրջութեան ոլորտը կը շարունակէ յետընթաց արձանագրել: Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը հրապարակած է նախորդ ամիս Թուրքիա այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը: 2015 յունիսի ցուցանիշներուն հետ համեմատած 2016 յունիսին Թուրքիա մուտք գործած զբօսաշրջիկներուն թիւը նուազած է 40.86 տոկոսով` 4 միլիոն 123 հազարէն նուազելով մինչեւ 2 միլիոն 438 հազար:

Վկայակոչելով թրքական «Memurlar»  լրատուականը՝ Ermenihaber.am-ը կը հաղորդէ, թէ ասիկա 1994 թուականէն մինչեւ այժմ արձանագրուած ամենացած ցուցանիշն է: Իսկ 2016-ի առաջին կիսամեակին՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ՝ արձանագրուած է 27.89 տոկոս անկում: 2015-ի յունուար-յունիս ամիսներուն Թուրքիոյ մէջ իր հանգիստը անցուցած էր 14 միլիոն 894 հազար 754 մարդ, իսկ 2016-ի նոյն ժամանակահատուածին` 10 միլիոն 740 հազար մարդ:

Ցուցանիշներու անկման պատճառներէն են թուրք-ռուսական ճգնաժամը, Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող ահաբեկչութիւնները, «Իսլամական պետութեան» սպառնալիքները, «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» գործունէութիւնը եւ այլ բացասական ընկալումներ, որ ձեւաւորուած են Թուրքիոյ մասին: Զբօսաշրջութեան ոլորտի ներկայացուցիչները մեծ յոյսեր կը կապեն Օգոստոս 9-ին կայանալիք Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպման հետ` ակնկալելով դրական տեղաշարժ:

http://www.yerakouyn.com/?p=114404

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2016
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ