ՄԱՐՄԱՐԱ-ի լրահոս

ՄարմարաԱՄՆ դեռ կը քննարկէ Ֆէթհուլլահ  Կիւլէնի թղթածրարները

Թուրքիա հիմա ԱՄՆ-ի իշխանութիւններէն կը սպասէ որ առժամեայ կերպով հսկողութեան տակ առնուի Ֆէթհուլլահ Կիւլէն, որպէսզի ան երրորդ երկիր մը խոյս չտայ։ Թուրքիոյ ու Ամերիկայի միջեւ յանցագործները վերադարձնելու համաձայնութեան մէջ այսպիսի յօդուած մը կայ։ Մինչեւ որ իշխանութիւնները վերադարձնել որոշեն, կրնան մինչեւ 60 օր հսկողութեան տակ առնել ամբաստանեալը։

Բայց ԱՄՆ-ի իշխանութիւնները կարծես ատիկա ալ ընելու պատրաստ չեն։ Արտաքին Նախարարութեան մամլոյ Գրասենեակի Տնօրէն Էլիզապէթ Թրիւտօ ըսաւ որ տակաւին կը քննուին թղթածրարները ու չի կրնար պատասխանել թէ երբ հսկողութեան տակ կրնայ առնուիլ Ֆէթհուլլահ Կիւլէնը։

ԱՄՆԻ դեսպանատունը զգուշութեան հրաւիրեց Թուրքիա գալ ուզող ամերիկացիները

Ամերիկայի Անգարայի Դեսպանատունը կրկին զգուշութեան հրաւիրեց այն Ամերիկացիները, որոնք այս օրերուն Թուրքիա գալ կը մտածեն։ Դեսպանատունը յիշեցուց որ Թուրքիոյ մէջ արտակարգ վիճակ հռչակուած է եւ Թուրքիա եկող Ամերիկացիները կրնան դէմ յանդիման մնալ ապահովութեան արտակարգօրէն բարձր միջոցառումներու հետ, նոյնիսկ կրնան ստիպուիլ Թուրքիոյ մէջ սահմանափակել իրենց այցելութիւնները։ Դեսպանատունը դիտել տուաւ որ այն Ամերիկացի պաշտօնեաները, որոնք կը պաշտօնավարեն Դեսպանատան մէջ կամ Իսթանպուլի Հիւպատոսարանին մէջ, կրնան Ամերիկա վերադառնալու արտօնութիւն ստանալ եթէ այդպիսի փափաք մը արտայայտեն։

Դեսպանատունը յիշեցուց Նախագահ Էրտողանի այն յայտարարութիւնը թէ Արտակարգ Վիճակի դրութիւնը կրնայ երկարաձգուիլ։ Դեսպանատունը յանձնարարեց որ Ամերիկացիներ հրաժարին ճամբորդելէ դէպի Անատոլուի Արեւելեան նահանգները։

Արտակարգ վիճակի իշխանութիւնները ձեռք դրին ու փակեցին վիրաժոյժ տքթ. Արէտ գամառի Արուեստական բեղմնաւորման բժշկական կեդրոնը

Քանի մը օրէ ի վեր համացանցի էջերուն վրայ կը շրջագայի ցաւալի լուր մը, ըստ որու յայտնի վիրաբոյժ Տքթ. Արէտ Գամառի Թաքսիմի “Արուեստական բեղմնաւորում” (Թիւպ Պէպէք) հաստատութեան վրայ յանկարծ ձեռք դրած են Արտակարգ Վիճակի իշխանութիւնները ու գրաւելով բոլոր կազմածներն ու հիւանդներու մասին թղթածրարները, փակած են հաստատութիւնը։ Այս գործողութիւնը կատարուած է այն պնդումին վրայ թէ հիւանդանոցը կապեր ունէր Ֆէթհուլլահականներու հետ, մինչդեռ Տքթ. Արէտ Գամառ, ինչպէս ինք ալ կը պնդէ շարունակ, որեւէ կապ չունի Ֆէթհուլլահի կազմակերպութեան հետ եւ կը զարմանայ որ ուրկէ մէջտեղ ելաւ այսպիսի պնդում մը։

Իր մերձաւորներէն մեր ստացած տեղեկութիւններու հիման վրայ գիտենք որ Տքթ. Գամառ պայքար կը մղէ իր անմեղութիւնը ապացուցանելու ու կատարուած գործին սխալ եղած ըլլալը բացատրելու համար, բայց ինչ մեղք որ այսօրուան իրավիճակի մէջ ան լայն կարելիութիւններ չունի եւ յայտնի ալ չէ թէ ուր եւ ինչպէս պէտք է դիմէ։

25 Յուլիսի առաւօտուն է որ Առողջապահական Տնօրէնութենէն, Նահանգապետութենէն ու Ելմտական Նախարարութենէն կարգ մը պաշտօնեաներ կեդրոն եկան, քննութիւններ ըրին ու հաստատութեան վրայ ձեռք դնելով զայն փակեցին այն պատճառաբանութեամբ թէ հաստատութիւնը Ֆէթհուլլահական զուգահեռ կառոյցի հետ կապեր ունէր։ Տքթ. Գամառ ի զուր կը բացատրէր որ ինք որեւէ կապ չունէր, արդէն հայ քրիստոնեայ մըն էր եւ որեւէ կապակցութիւն չէր ունեցած Ֆէթհուլլահի հետ։ Հաստատութեան 61 տոկոսը իրեն կը պատկանի։ Ունի նաեւ գործընկեր թուրք բժիշկներ որոնց  բաժինը ընդամէնը 38 տոկոս է։ Ինքն է որ հիմնած է այս հաստատութիւնը որ  11 տարիէ ի վեր կը գործէ ու այսօր ամէն օր 200 հիւանդ կ՚ընդունի։ “Բոլորս ալ բժիշկ ենք ու բազմազբաղ ենք, այսպիսի նիւթերով զբաղելու ժամանակ չունինք”, ըսած է Տքթ. Գամառ։

Առանց հարցաքննութեան կատարուած այս գործողութիւնը մեծ ցաւ պատճառած է Տքթ. Արէտ Գամառին որ կը գանգատի որ գրեթէ քարուքանդ եղաւ հաստատութիւնը։ Ամէնէն ցաւալին այն է որ պաշտօնեաները ձեռք դրած են 40 հազար հիւանդներու նիւթէ ներս գաղտնի թղթածրարներուն վրայ ու գրաւուած նախանիւթերուն մէկ մասը փոխադրուած է Գոչ Համալսարան։ Պաշտօնեաները առտու եկած էին ու այս գործը կատարեցին մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը։

Şրբ իրեն հարցուած է թէ իր գործընկերները կրնայի՞ն արդեօք կապ մը ունեցած ըլլալ զուգահեռ կառոյցի հետ, Տքթ. Գամառ պատասխանած է որ այդ մասին գաղափար չունի, բայց մէկ հոգիի մասին կասկածի վրայ այսպիսի հաստատութեան մը փակումը հիմնովին սխալ է։ Եւ թէ ան հիմա չի գիտեր թէ ուր եւ ինչպէս պէտք է դիմէ պահանջելու համար որ գործադրուած սխալը սրբագրուի։

Միջադէպը բնականաբար յուզած է համայնքային լայն շրջանակները, որոնք հիմա անհամբերութեամբ կը սպասեն որ փաստուի Տքթ. Գամառի անմեղութիւնը ու վերաբացուի անոր հաստատութիւնը։

Ամերիկա լայն չափով կ՚օգնէ հայաստան ապաստանած սուրիացիներուն

Ամերիկա պիտի շարունակէ լայն չափով օժանդակել Հայաստան ապաստանած İուրիացիներուն։ Այս մասին յայտարարութիւն մը եկաւ Ամերիկացի ծերակուտական Մարք Քիրքէն, որ դիտել տուաւ որ Ամերիկա 2017 թուականին Ծերակոյտի որոշումով 25 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն պիտի ընէ Հայաստանին։ Ասիկա նախորդ տարուան ընթացքին կատարուածէն 3 միլիոն տոլար աւելի է։ Ծերակուտականը ըսաւ որ ինք իր ձեռքէն եկածը կ՚ընէ որպէսզի այս օժանդակութիւնները կատարուին կարելի չափով բարձր քանակով։ Այս կերպով ան ոչ միայն գոհացում կուտայ իր ընտրաշրջանը եղող Իլինոիս նահանգի հայ բնակիչներուն, այլ նաեւ անհրաժեշտութիւն մը կը նկատուի ստեղծուած նոր պայմաններու դիմաց։

Ամերիկացի ծերակուտականին Հայաստանի նկատմամբ այս ուշադրութիւնը գոհունակութիւն պատճառեց ամերիկահայութեան, Ամերիկայի Հայկական Համագումարի վարչութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց ծերակուտականին նկատմամբ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2016
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ