Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման առնչութեամբ Եգիպտոսի խորհրդարանէն դրական ազդակներ կու գան

MisirՀայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին առնչութեամբ Եգիպտոսի խորհրդարանէն դրական ազդակներ կու գան: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի,   նշած է Եգիպտոսի մէջ Հայ Դատի յանձնախումբի ղեկավար Արմէն Մազլումեան:

«Տարիներ շարունակ մեր կողմէն աշխատանք կը տարուի, Հայոց Ցեղասպանութեան իրական պատկերը կը ներկայացնենք հասարակութեան տարբեր շրջանակներու` թէ՛ քաղաքական, թէ՛ հասարակական, թէ՛ գիտական: Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին հետ կապուած, ընդհանուր առմամբ, դրական տրամադրուածութիւն կայ, ներառեալ` պատգամաւորներու մէջ: Ատոր գումարած՝ քաղաքական նպաստաւոր պայմաններ են, քանի որ Եգիպտոսի ու Թուրքիոյ յարաբերութիւնները կ՝ապրին դժուար ժամանակներ»,- նշած է Արմէն Մազլումեան` ընդգծելով, որ ներկայիս Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին ընդունման հաւանականութիւնը մեծ է:

Անդրադառնալով Եգիպտոսի մէջ թրքական լոպպիի աշխատանքին՝ Արմէն Մազլումեան նշած է, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու վատթարացման հետ կապուած՝ լոպպիի աշխատանքը բաւական կրաւորական դարձած է: Արմէն Մազլումեան յիշեցուցած է, որ Եգիպտոսի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը վտարուած է:

Նշենք, որ Եգիպտոսի խորրհդարան ներկայացուած է բանաձեւ մը, որ 1915-1922 Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ ժողովուրդի հանդէպ իրականացուած կոտորածները կ՝որակէ իբրեւ ցեղասպանութիւն: Բանաձեւը խորհրդարանի նիստի օրակարգ մտնելու համար արդէն հաւաքած է պատգամաւորներու անհրաժեշտ քանակով ստորագրութիւն: Եգիպտոսի խորհրդարանը բաղկացած է 596 պատգամաւորներէ, իսկ բանաձեւին տակ ստորագրած է 337 պատգամաւոր:

http://www.yerakouyn.com/?p=114365

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2016
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ