Տինքի սպանութեան գործով նոր ձերբակալութիւններ

DinkՊՈԼԻՍ.- «Ակօս» թերթի հիմնադիրխմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով վեց նոր ձերբակալութիւններ տեղի ունեցած են Պոլսոյ եւ Տրապիզոնի մէջ. այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» լրատուական ծառայութիւնը։

Արդարեւ, Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած են ոստիկանութեան փոխգնդապետ մը, երկու ենթասպայ եւ երկու այլ պաշտօնատարներ, մինչ ենթասպայ մը ձերբակալուած է Տրապիզոնի մէջ։

Միւս կողմէ, «Ակօս» կը գրէ, թէ Թուրքիոյ մէջ ձախողած յեղաշրջումի փորձէն ետք պետական կառոյցներուն մէջ գործադրուող մաքրագործումը նոր զարգացումներու տեղի տուած է Տինքի սպանութեան դատավարութեան գործընթացին մէջ:

Թերթը նաեւ կը գրէ, թէ զանազան նախարարութիւններու եւ պետական կառոյցներու անձնակազմերուն դէմ գործադրուող «մաքրագործում»ով, ցարդ մօտաւորապէս 50,000 պաշտօնեաներ իրենց պաշտօններէն հեռացուած են: Այս ծիրէն ներս, ներքին գործոց նախարարութեան մէջ պաշտօնազրկուածներու եւ հսկողութեան տակ առնուածներու շարքին կան նաեւ Տինքի սպանութեան մէջ պատասխանատուութիւն ունենալով ամբաստանուած անձեր, ներառեալ՝ նախկին պետական քննիչներ Մեհմետ Ալի Էօզքըլընչ, Շուքրիւ Եըլտըզ, Մեհմետ Ճանօղլու եւ Մուսթաֆա Իւչքույու:

Պալըքեսիրի փոխկուսակալ Իւչքույու եւ Տենիզլիի փոխկուսակալ Ճանօղլու տեղեկագիր մը պատրաստած էին եւ ժխտած էին Վարչապետական քննիչ յանձնախումբի քննիչներուն նախապէս պատրաստած տեղեկագիրը:

Նշենք, որ Օրտույի փոխկուսակալ Էօզքըլընչ եւ Մերսինի փոխկուսակալ Եըլտըզ առանց ձերբակալուելու կը դատուին Հրանդ Տինքի սպանութեան կապակցութեամբ:

Նաեւ, ոճիրի պահուն դէպքի վայրը գտնուած ոստիկանութեան պաշտօնեաներուն միջեւ հաղորդակցութեան մանրամասնութիւնը յայտնաբերած գնդապետը հսկողութեան տակ առնուած է:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2016
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ