ՄԱՐՄԱՐԱ-ի լրահոս

ՄարմարաՆախագահ Էրտողան խօսեցաւ գերման կայանին. Կեանքիս ամէնէն բախտորոշ մէկ պահը ապրեցայ

Նախագահ Էրտողան Գերմանական ԱՐՏ կայանին հետ հարցազրոյց ունեցաւ ու պատասխանեց 15 Յուլիսի զինուորական ձախորդ հարուածին յաջորդող անցուդարձերու առընչակից հարցումներու։

“Քաղաքական կեանքիս ամէնէն բախտորոշ մէկ վայրկեանն էր, 14 տարուան մէջ այսպիսի պահ մը չէինք ապրած։ Անշուշտ մեր մեծ ցաւն այն է, որ այս յարձակումը կատարուած է մեր ժողովուրդին վրայ, որովհետեւ Խորհրդարանին վրայ յարձակիլ՝ կը նշանակէ յարձակիլ ժողովուրդին տունը նկատուող շէնքին վրայ։ Այն սենեակը, զոր նախապէս կը գործածէի որպէս վարչապետ, հիմա քարուքանդ եղած է”, – ըսաւ Նախագահ Էրտողան։

Նախագահը դիտել տուաւ, որ հարուածը կազմակերպողներուն դէմ ամէն ինչ կը կատարուի օրէնքի գծով։ Ասոնք շատ լայն կազմակերպութիւններ ունին, բայց բոլորին ալ անունները ճշդուած են ՄԻԹ-ին կողմէ, այդ պատճառաւ է, որ կրցանք այսքան շուտ շարժման անցնիլ անոնց դէմ, ըսաւ Էրտողան։

Նախագահը շարունակեց. “Պետութիւնը սա վայրկեանին իր դիրքը գրաւած է ահաբեկչական այս կազմակերպութեան դէմ ու հեռացուցած է վտանգը։ Բայց չեմ կրնար ըսել, որ վերջացաւ։ Պէտք է հետապնդենք գործընթացը, եթէ թուլնանք, ամէն ինչ շատ վտանգաւոր կը դառնայ”։ Նախագահը այսպէս անգամ մը եւս շեշտը դրաւ այն կէտին վրայ, թէ վտանգը տակաւին բոլորովին մեկուսացուած չէ։ Բայց, աւելցուց ան, եթէ ամէն ինչ բնականոն դառնայ, պէտք չի մնար արտակարգ վիճակը աւելի երկարելու։

Քանի որ կը խօսէր Գերմանական հեռատեսիլին, Նախագահը քննադատութիւններ ուղղեց նաեւ Գերմանիոյ վարչապետին հասցէին ու ըսաւ, որ ահաբեկիչներուն մեծ մասը ապաստան գտած է Գերմանիոյ մէջ ու հոնկէ կը սնանի։

“Մենք չորս հազար թղթածրար յանձնեցինք վարչապետ Մէրքէլին, բայց երբ կը հարցնենք, թէ ինչ ըրիք, կը պատասխանեն, որ կը հետապնդեն։ Որքան կամաց։ Կամաց քալող արդարութիւնը արդարութիւն չէ, ըսաւ Էրտողան։

Նախագահը ակնարկեց նաեւ մահապատիժը վերահաստատելու հարցին ու ըսաւ որ 53 տարիէ ի վեր կը սպասենք Եւրոմիութեան դրան առջեւ, մահապատիժն ալ ջնջեցինք, ի՞նչ շահեցանք։ Ժողովուրդը հրապարակներու վրայ մահապատիժ կ՚ըսէ, մահապատիժ կը պահանջէ, ու մենք չենք կրնար անտարբեր մնալ ժողովուրդէն եկած կոչին նկատմամբ, ըսաւ Էրտողան անգամ մը եւս յայտնի դարձնելով, որ ինք ալ կողմնակից է մահապատիժի վերահաստատման։

Վարչապետ Եըլտըրըմի մեկնաբանութիւնները. Անտարբեր չենք կրնար մնալ ժողովուրդին պահանջքին նկատմամբ“

Նախագահ Էրտողան ու վարչապետ Եըլտըրըմ այս օրերուն իրերայաջորդ հարցազրոյցներ կ՚ունենան օտար կամ տեղական կարեւոր լրատու կայաններու հետ եւ կը պատասխանեն 15 Յուլիսի վերաբերեալ հարցումներու։ Երկուքն ալ ընդհանրապէս շեշտը կը դնեն այն փաստին վրայ, թէ այս յարձակումը իրականութեան մէջ կատարուած էր ժողովուրդին դէմ։ Բայց ո՞վ էր հարուածին հեղինակը։ Վարչապետը այս մասին յստակ զատորոշում մը ըրաւ Սքայ Հապէրի հետ կատարուած զրոյցի ընթացքին, ըսաւ. “Թուրք բանակը չէ, որ հարուած կատարեց։ Թուրք բանակէն ներս զինուորի տարազ հագած ահաբեկիչներն էին, որ ըրին ատիկա։ Ասոնք թուրք ժողովուրդին զէնքերը թուրք ժողովուրդին դէմ գործածեցին, բայց կրցանք զանոնք մեկուսացնել, ըսաւ Եըլտըրըմ։ Դարձեալ արծարծուեցաւ մահապատիժի հարցը, ու վարչապետն ալ, ինչպէս նախագահ Էրտողանը, դիտել տուաւ, որ ժողովուրդը միաձայնութեամբ մահապատիժ կը պահանջէ, իսկ մենք կ՚ընենք այն, ինչ որ մեր ժողովուրդը կը պահանջէ։

Անդրադառնալով նաեւ Եւրոմիութեան Յանձնախումբի Թուրքիոյ բաժնի նախագահ Ճանքէրի այն յայտարարութեան, թէ բանակցութիւնները կանգ կ՚առնեն, եթէ Թուրքիա մահապատիժը ընդունի, վարչապետը ըսաւ, որ Ճանքէր աւելի ուշադիր պէտք է խօսի, երբ Թուրքիա այսպիսի վտանգի դէմ կը մարտնչի, անոր չափը չէ մատը բարձրացնել ու Թուրքիան ամբաստանել։

Վարչապետը տեսակցութիւն մըն ալ ունեցաւ ԱՄՆ-ի Ուօլ Սթրիթ Ճըրնըլ թերթի աշխատակցին հետ ու ըսաւ, որ Ամերիկայի մէջ 11 Սեպտեմբեր 2001-ի յարձակումը որքան ազդեց ամերիկացի ժողովուրդին վրայ, 15 Յուլիսի յեղափոխութեան փորձն ալ այնքան ազդեց թուրք ժողովուրդին վրայ։ Հոս ալ խնդրոյ առարկայ դարձաւ Ֆէթհուլլահ Կիւլէնը վերադարձնելու պահանջքը, ու վարչապետը ըսաւ, որ բոլոր փաստերը մէջտեղն են, Ամերիկա տակաւին ինչ փաստ կը պահանջէ Ֆէթհուլլահը վերադարձնելու համար։

Քըլըճտարօղլու նախագահական պալատ գնաց, բայց կը շարունակէ այդ շէնքը ապօրէն շինութիւն նկատել.

Պալատ երթալս չի նշանակեր, որ շէնքը կը դառնայ օրինաւոր շինութիւն

Մամուլը լայնօրէն արձագանգ հանդիսացաւ արդէն։ Երկուշաբթի, Թուրքիոյ մէջ կայացաւ աննախընթաց հանդիպում մը։ Հանրապետութեան նախագահը Պէշթէփէի պալատ հրաւիրեց Ճէ-Հէ-Փէի կուսակցապետ Քէմալ Քըլըճտարօղլուն ու Մէ-Հէ-Փէի կուսակցապետ Տէվլէթ Պահչէլին, նաեւ վարչապետ Եըլտըրըմը՝ որպէս Ա-Գէ-Փէի առաջնորդ։ Այս կերպով մէկտեղուած եղան երեք գլխաւոր կուսակցութիւնները, որոնք պիտի քննարկէին 15 Յուլիսի ձախորդ հարուածի առընչակից պետական կարեւոր հարցեր։

Հանդիպումը ողջունուեցաւ որպէս կուսակցութիւններու միջեւ համագործակցութեան ոգի, որուն կարօտը կը զգացուէր երկար ժամանակէ ի վեր։ Այս հանդիպման միակ պակասաւոր կողմն այն էր որ Հէ-Տէ-Փէ կուսակցութիւնը չէր հրաւիրուած։ Նախագահ Էրտողան այս խնդրին մէջ յստակ դիրքաւորում ցոյց տուած էր Հէ-Տէ-ՓԷի դէմ, զոր միշտ կը նկատէ ահաբեկչական կազմակերպութեան հետ կապ ունեցող կուսակցութիւն։

Նախագահական պալատին մէջ կայացած հանդիման ամէնէն հետաքրքրական կողմը ժողովի վայրն էր, այսինքն՝ Պէշթէփէի պալատը, որուն դէմ, ինչպէս գիտենք, միշտ վերապահութիւն ցոյց տուած են թէ Քըլըճտարօղլուն, թէ Պահչէլին։ Մանաւանդ Քըլըճտարօղլուն առաջին օրէն դէմ եկած էր պալատին, ու այն օրէն ի վեր երբ պալատին բացումը կատարուած է, պալատը ապօրէն շինութիւն հռչակած էր։ Դիտել տուած էր, որ միշտ պիտի մերժէ պալատ երթալ։ Բայց բաց դուռ մը թողած էր։ Պալատ կրնար երթալ այն ատեն միայն, երբ պետական կարեւոր հարց մը խնդրոյ առարկայ դառնար։

Այդպէս ալ եղաւ։ Քըլըճտարօղլու զինքը պալատ գացած ըլլալուն համար քննադատողներուն յիշեցուց, որ ինք ատենօք այսպէս ըսած էր։ Քըլըճտարօղլու պալատ երթալէ առաջ խորհրդակցած էր նաեւ կուսակցութեան գործադիր մարմնի անդամներուն հետ, բոլորը յարմար տեսած էին, որ կուսակցապետը ընթացք տայ պալատ երթալու հրաւէրին։ Քըլըճտարօղլու զինքը քննադատողներուն իբր պատասխան աւելցուց, որ իր պալատ երթալը չի նշանակեր, որ պալատը կ՚արդարանայ ու օրինաւոր շէնք կը դառնայ։

Պալատի մէջ կայացած այս կարեւոր հանդիպման ընթացքին Քըլըճտարօղլու առիթն ունեցաւ նախագահին յանձնելու տասը յօդուածներէ բաղկացեալ “Թաքսիմի մանիֆէսթօ”-ն, զոր կարդացած էր Թաքսիմի մէջ կայացած մեծ հանրահաւաքի ընթացքին։ Այս կապակցութեամբ ստացաւ նաեւ նախագահ Էրտողանին շնորհաւորութիւնները։

Բայց Քըլըճտարօղլու պալատի հանդիպման ընթացքին թէ վարչապետ Եըլտըրըմին, թէ նախագահ Էրտողանին փոխանցեց այն անհանգստութիւնը, զոր ինք կը զգար Հէ-Տէ-Փէ կուսակցութեան՝ պալատի այս հանդիպման հրաւիրուած չըլլալէն։ Ասիկա անտես առնել կը նշանակէ այն ժողովուրդը, որ քուէարկած է այդ կուսակցութեան ի նպաստ, կ՚ըսէր Քըլըճտարօղլու։

Քըլըճտարօղլուի այս քննադատութեան անուղղակի կերպով պատասխանած կ՚ըլլար վարչապետ Պինալը Եըլտըրըմ, երբ Լումպէրկ հեռատեսիլի կայանէն կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին կ՚ըսէր.

“Թող Հէ-Տէ-Փէ յայտարարէ, որ կապ չունի ահաբեկչական կազմակերպութեան հետ, այն ատեն մենք ալ կը խօսինք այդ կուսակցութեան հետ”, – ըսաւ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ։

Սավաշ Էղիլմէզի պնդումը. Կիւլէնի ռազմավարութիւնը շատ կը նմանի հայկական ահաբեկչական մարմիններու ռազմավարութեան

Աթաթիւրք համալսարանի պատմութեան բաժնի դասախօս Սավաշ Էղիլմէզ, խօսելով Թուրք պատմութեան անցեալին ու ներկային մասին, ըսաւ, որ այսօր Ֆէթհուլլահ Կիւլէնի կազմակերպութեան կողմէ Թուրքիոյ մէջ կամ դուրսը գործադրուած ռազմավարութիւնը շատ կը նմանի հայկական ահաբեկչական կազմակերպութիւններու գործադրած ռազմավարութեան։

Էղիլմէզ պատմեց, թէ քրիստոնեաները ինչպիսի դիմադրութիւն մը ցոյց տուած են միշտ թուրք-իսլամ պետութեան նկատմամբ։

“Հաշհաշիներու կողմէ գործադրուած առաջին դաւադրութիւնները աւելի վերջ շարունակուեցան հայկական ահաբեկչական կազմակերպութիւններու, ԱՍԱԼԱ-ի ու անկէ վերջ ալ ՓՔՔ-ի կողմէ։ Իսկ հիմա Ֆէթհուլլահ Կիւլէնի դաւաճանութեամբ առած է այսօրուան վիճակը։ Այսօր Ֆէթհուլլահի կողմէ Թուրքիոյ մէջ ու Թուրքիայէ դուրս գործադրուած ռազմական միջոցները մեծ նմանութիւն ունին հայկական ահաբեկչական կազմակերպութիւններու գործադրած զինեալ գործողութիւններուն հետ”, – ըսաւ Էղիլմէզ։

Ֆայնէնշըլ թայմս թերթին մեկնաբանութիւնը. Թուրքիոյ ապագան Էրտողանի ձեռքերուն մէջ է

“Ֆայնէնշըլ Թայմս” թերթը գրեց, որ Թուրքիոյ ճակատագիրը նախագահ Էրտողանի ձեռքն է։ Թերթը նշեց, որ Թուրքիա պետական անյաջող հարուածէն ետք վիրաւորանք կ՚ապրի, միւս կողմէ ալ Էրտողան եւ Ա-Գէ-Փէ կուսակցութիւնը պետական հարուածէն պատասխանատու կը նկատէ Կիւլէնի համայնքը եւ լայնածաւալ մաքրագործումի մը ձեռնարկած է։

Լուրը հրատարակուած է Տէյվիտ Կարտնըրի ստորագրութեամբ, ուր կ՚ըսուի, որ նախագահ Էրտողան յանցանքի բեռան առաջնութիւնը կուտայ ոչ թէ ԸՇԻՏ-ի, այլ Կիւլէնի համայնքին եւ քիւրտ ապստամբներու։ Յօդուածագիրը ըրաւ նաեւ մեկնաբանութիւն մը՝ գրելով, որ Էրտողան եւ Ա-Գէ-Փէ կուսակցութիւնը Կիւլէնի զուգահեռ պետութիւնը եւ քիւրտերու ապստամբութիւնը առկայ սպառնալիք մը կը նկատէ, մինչ ԸՇԻՏ-ը կ՚ընդունի որպէս ապահովութեան անկարեւոր սպառնալիք մը։

Կարտնըր ըրաւ հետեւեալ մեկնաբանութիւնը. “Էրտողան եւ իր շուրջինները իրենց ուշադրութիւնը դարձուցին դէպի Ամերիկայի մէջ բնակող Կիւլէնը։ Էրտողանի զօրակցող մամուլի ընկերութիւնները եւ մէկ քանի նախարարներ Ամերիկան մեղադրեցին պետական հարուածին զօրակցելու յանցանքով։ Էրտողան յաճախ ջղագրգիռ կերպով, երբեմն ալ օգտապաշտական ձեւով Թուրքիոյ ապագան իր ձեռքերուն մէջ կը բռնէ”։

Յօդուածագիրը յիշեցուց, որ Թուրքիոյ մէջ պետական հարուածի փորձէն ետք մօտաւորապէս 60 հազար հոգի հսկողութեան տակ առնուեցաւ։ Ասոնց մէջ են ուսուցիչներ, ակադեմականներ, լրագրողներ եւ դատախազներ։ Յայտնեց, թէ այս կացութիւնը ազատութեան հիմնական սկզբունքին եւ իրաւական գերակայութեան նիւթին շուրջ Թուրքիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ բացուած խրամատը աւելի պիտի խորացնէ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2016
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ