Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուելու ենթակայ լրագրողներու ցուցակին ներառուած է հայ լրագրող Հայկօ Պաղտատը

Հայկօ ՊաղտատԹուրքիոյ հասարակական ցանցերուն մէջ տարածուած է ցուցակ մը, որուն մէջ նշուած են լրագրողներու անուններ, որոնք պէտք է ձերբակալուինԸստ Ermenihaber.am-ի՝ թրքական «Cumhuriyet» թերթին կայքը յայտնած է, որ տեղեկութիւնը սկսած են տարածել այն օգտատէրերը, որոնք սերտ կապեր ունին իշխանական շրջանակներուն մէջ:

Օրինակ` Twitter-ի վրայ «Baskentai» անունով օգտատէրը հրապարակած է 73 լրագրողի անուն: Այս ցուցակին վրայ ներառուած է նաեւ հայ լրագրող, յօդուածագիր Հայկօ Պաղտատի անունը: Վերջինս նշելով, որ իրավիճակը ծիծաղելի է, յոյս յայտնած է, որ այս անսպասելի ողբերգութիւնը յաղթահարելով, աւելի շատ պիտի պայքարին ժողովրդավարութեան համար:

Թրքական այլ կայք մը` «Internethaber»-ը, ուշադրութիւն կը հրաւիրէ Twitter-ի վրայ Պաղտատի վերջին արձանագրութեան վրայ, ուր ան գրած էր, որ կիսագործնական այցով Աթէնք կ՝երթայ եւ չըսեն, թէ ինքը փախած է:

Կայքը նշած է, որ պիտի ձերբակալուին այն լրագրողները, որոնք, ըստ պնդումներուն, առնչութիւն ունին կիւլենական համայնքին հետ:

Նշենք, որ յուլիս 15-ին Թուրքիոյ մէջ կատարուած էր ռազմական յեղաշրջման փորձ, որ ձախողած էր: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը յեղաշրջման փորձի մէջ մեղադրած էր ամերիկաբնակ թուրք կրօնական գործիչ, միլիառատէր Ֆեթուլլահ Կիւլենը եւ անոր ստեղծած շարժումը, որուն թրքական լրատուամիջոցները կ՝անուանեն զուգահեռ կառոյց կամ Ֆեթուլլահի ահաբեկչական կազմակերպութիւն: Յեղաշրջման փորձին ձախողութենէն յետոյ Թուրքիոյ մէջ սկսած էր ձերբակալութիւններու մեծ ալիք, պետական տարբեր գերատեսչութիւններու շուրջ 45 հազար աշխատակից հեռացուած էր աշխատանքէ եւ/կամ ձերբակալուած էր:

http://www.yerakouyn.com/?p=114048

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2016
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ