ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ յուլիս 14ին կայացած իր նիստին ընթացքին Քալիֆորնիոյ նահանգային կրթական վարչութիւնը վաւերացուցած է նահանգի վարժարաններու պատմութեան–ընկերային ուսմանց նոր դասանիւթը, որուն մէջ յատկանշական կերպով բարելաւուած եւ ընդարձակուած է Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման բաժինը։
Հայոց Ցեղասպանութեան բաժինի ընդարձակումը կարելի դարձած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի, Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրի, Դասաւանդումներու որակի յանձնաժողովի (IQC), Հանրային դասաւանդման նահանգային վերահսկիչ Թամ Թորլաքսընի, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեանի եւ խորհրդարանի Հայկական համախմբումի ջանքերուն։ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամներ Խաչօ Աշաճեան եւ Սքաթ Ուիլք եւս կարեւոր դերակատարներ էին այս նախաձեռնութեան յաջողութեան մէջ։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլէն Ասատրեան դրուատեց բոլորին տարած աշխատանքը, որուն շնորհիւ կարելի եղած է այս իրագործումին հասնիլ։
Այս քննարկումներուն ընթացքին, Ասատրեանի կողքին Սաքրամենթօ կը գտնուէր նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի օրէնսդրական հարցերու գլխաւոր խորհրդական Հայկ Պաղտասարեան. անոնք վկայութիւններ տուին ի նպաստ նոր դասանիւթին։
Սեպտեմբեր 2015ին, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանին ներկայացուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման բանաձեւը՝ թիւ 1915, որ կոչ կ՛ընէր նահանգային վարժարաններու 7-12 դասարաններուն համար Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումը ընդարձակելու:
Բանաձեւը նաեւ կը պահանջէր նահանգի կրթական վարչութենէն, որ Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդութեան նիւթեր պատրաստէ: 2014ին ներկայացուած էր թիւ 659 բանաձեւը, որ կոչ կ՛ընէր Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումներուն մէջ նկատի առնելու նաեւ վերապրողներու բանաւոր վկայութիւնները:
Ընդարձակուած տարբերակին մէջ հետեւեալ յատկանշական նորութիւնները կան.
– Հայոց Ցեղասպանութեան եւ անոր պատճառներուն մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ եւ տուեալներ.
– Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հրեաներու Ողջակիզման միջեւ կապին մասին մանրամասնութիւններ.
– Մանրամասն տեղեկութիւններ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն տրամադրուած ամերիկեան օժանդակութիւններուն մասին։
Քննարկումներուն եւ դասանիւթի պատրաստութեան մասնակցած են Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կրթական հարցերու բաժանմունքի ատենապետ Ալիս Պետրոսեան եւ Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրի վարչութեան անդամ Ռաքսեն Մաքասճեան։
Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդման մասին նիւթերու համար դիմել info@GenocideEducation.org հասցէին կամ այցելել teachgenocide.org կայքը։
Asbarez.com
Leave a Reply