Ճէ–հէ–փէի հանրահաւաքը թաքսիմի հրապարակի վրայ
Քըլըճտարօղլու կարդաց տասը յօդուածներէ բաղկացեալ “մանիֆէսթօ” մը զոր վաւերացուց ժողովուրդը
15 Յուլիսի ձախորդ հարուածին դէմ ժողովրդական հակազդեցութիւնը կը շարունակուի օրէ օր աւելի ալեկոծ հանրահաւաքներով Թուրքիոյ բոլոր քաղաքներու գլխաւոր հրապարակներուն վրայ։ Երէկ ալ տասնեակ հազարաւորներ դրօշակ շարժեցին օդին մէջ ու “ոչ” ըսին զինուորական հարուածին։
Երէկուան հանրահաւաքներուն ամէնէն յատկանշականն էր Ճէ-Հէ-Փէի հրաւէրով Թաքսիմի մէջ կատարուածը, որուն ընդառաջեցին նաեւ բազմաթիւ Ա-Գէ-Փէցի կարեւոր դէմքեր։ Թաքսիմի հրապարակը, ուր ցարդ հանրահաւաքները արգիլուած էին, այս առիթով երէկ դարձեալ կասկարմիր դարձաւ դրօշակներու տակ։ Շատ երկար ճառախօսութիւն մը ըրաւ Ճէ-Հէ-Փէի Կուսակցապետ Քէմալ Քըլըճտարօղլու։ Ան ժողովուրդին կարդաց իր կուսակցութեան կողմէ պատրաստուծ տասը յօդուածներու յայտարարագիր մը, զոր կոչեց “24 Յուլիսի մանիֆէսթօ”։ Ապա ժողովուրդը հրաւիրեց ձեռք բարձրացնելու եթէ կը վաւերացնէր այս յայտարարագիրը։ Ժողովուրդն ալ ձեռք բարձրացուց ու վաւերացուցած եղաւ այդ “մանիֆէսթօ”ն ուր Քըլըճտարօղլու պահանջներ կը ներկայացնէր կառավարութեան, յիշեցնելով նաեւ որ երէկուան 24 Յուլիս թուականը Լոզանի դաշնագրի ստորագրութեան թուականն էր կամ մամլոյ ազատութեան օր։
Այնուհետեւ Քըլըճտարօղլու երկար դասախօսութիւն մը ըրաւ ժողովրդավարութեան ինչ ըլլալը բացատրելու համար, քննադատութիւններ ալ ըրաւ Ա-Գէ-Փէի հասցէին, այս կերպով քիչ մըն ալ միասնութեան համար կազմակերպուած հանրահաւաքը գործածեց իր կուսակցութեան քարոզչութիւնը ընելու նպատակին։
Այնուհանդերձ Ճէ-Հէ-Փէի երէկուան հանրահաւաքը ընդունուեցաւ որպէս նոր քայլ միջկուսակցական միասնութեան։ Արդէն Նախագահ Էրտողան այս առաւօտ Պալատ հրաւիրած է երկու ընդդիմադիր կուսակցապետերը, հաւաքոյթ մը որ պիտի իրականանայ առաջին անգամ ըլլալով։ Միայն թէ Նախագահը նոյն հրաւէրը չղրկեց նաեւ Հէ-Տէ-Փէին։
Հէ–տէ–փէ կը զօրակցի հարուածի դէմ պայքարին, բայց …
15 Յուլիսի զինուորական հարուածէն ասդին բոլոր կուսակցութիւնները միաձայնութեամբ կը դատապարտեն հարուածը։ Կասկած չկայ որ բանիմաց ոեւէ մէկը չի կրնար պաշտպանել նմանօրինակ հարուած մը։ Միայն թէ ոմանք կրնան քննադատել հարուածէն վերջ կառավարութեան բռնած ուղղութիւնը։ Օրինակ՝ Ճէ-Հէ-Փէ որ այնքան ջերմօրէն դէմ եկաւ զինուորական հարուածին, վերապահութիւններ ունի Արտակարգ Վիճակի հռչակման ու այդ վիճակի ընթացքին ընդունելի Օրէնքի Համազօր Կանոնագրութիւններու նկատմամբ։ Այդ կանոնագրութիւններէն մէկը կը վերաբերի հսկողութեան միջոցը 30 օրուան բարձրացնելու որոշումին։ “Ասիկա ընդունելի չէ” ըսաւ Ճէ-Հէ-Փէի կուսակցապետը։
Միւս կողմէ հետաքրքրական է Հէ-Տէ-Փէի կեցուածքը։ Այս կուսակցութիւնը նմանապէս առաջին օրէն խստիւ քննադատեց զինուորական հարուածը, բայց Հէ-Տէ-Փէն կուսակցութիւն մըն է որ միշտ կը մնայ լուսանցքի վրայ ու չի ալ վայելեր իշխանութիւններու համակրանքը։ Այսպէս՝ տարբեր կարեւորութիւն կը ներկայացնեն այս կուսակցութեան մտածումները պատահած հարուածին մասին։
Կուսակցութիւնը Իսթանպուլի Կազի թաղամասի մէջ գումարեց հանրահաւաք մը որուն մասնակցեցան Հէ-Տէ-Փէի ղեկավարներն ու գործընկերները։ Անոնց կարգին էր Իսթանպուլի երեսփոխան Կարօ Փայլան։ Հանրահաւաքի ընթացքին խօսեցաւ համանախագահ Սէլահատտին Տէմիրթաշ, որ անգամ մը եւս դէմ եկաւ զինուորական հարուածին։ “Զինուորական ճունթա մը իր զէնքերը ժողովուրդին ուղղելով ուզեց վերապրեցնել 12 Սեպտեմբերի շրջանը, բայց չյաջողեցաւ, ես հոսկէ կ՚ուզեմ շնորհաւորել այն ժողովուրդն ու կուսակցութիւնները որոնք դէմ կանգնեցան այդ հարուածին”, ըսաւ Տէմիրթաշ։ Բայց Տէմիրթաշ քննադատութիւններ ուղղեց Ազգային Ապահովութեան Խորհուրդ կոչուած մարմնին ու ընդունուած Արտակարգ Վիճակի կապակցութեամբ, պնդեց որ Ազգային Ժողովի Խորհուրդը յեղափոխութիւն ստեղծող մտայնութեան մէկ մնացորդն է։ Վերին մարմիններու խօսք ուղղելով Տէմիրթաշ ըսաւ.
“Մենք ձեր կողքին ենք, բայց ամէնէն առաջ լքեցէք սա Ազգային Ապահովութեան Խորհուրդը։ Դուք 14 տարի ձեր գրկին մէջ մեծցուցիք հարուածի այդ կողմնակիցները, եւ ատկէ լուր իսկ չունեցաք”։
Տէմիրթաշ իր խօսքերուն աւելցուց որ անոնք որոնք գործողութիւններ վարեցին Ճիզրէի, Շըրնաքի եւ Սուրի մէջ, զինուորական հարուածի կողմնակիցներ էին։ “Ի՞նչպէս եղաւ որ ասոնց բոլորն ալ հարուածի կողմնակիցներ դուրս եկան։ Ո՞վ զանոնք ղրկած էր այդ գործողութիւնները ընելու”, հարցուց Տէմիրթաշ։
Հանրապետութեան Նախագահութեան խօսնակն ալ նոյնը ըսաւ. “Երկրորդ հարուած մը անհաւանական չէ տակաւին”
Թուրքիա օրերէ ի վեր կը ցնծայ զինուորական հարուածի փորձին դէմ ժողովուրդի միասնութեամբ տարուած մեծ յաղթանակին համար։ Իսկապէս ալ անօրինակ տեսարան պարզուեցաւ ու դեռ ալ կը պարզուի Թուրքիոյ բոլոր տարածքներուն, գլխաւոր հրապարակներուն վրայ։ Անհաւատալիօրէն բարձր թիւով քաղաքացիներ, դրօշակներ օդին մէջ ծածանելով, ներկայութիւն կը բերեն ու կը զօրացնեն միասնութեան դիրքը։ Միայն թէ ամէն ինչ վերջացա՞ծ է իսկապէս։ “Ոչ” կ՚ըսեն վերին իշխանութիւնները։ Վտանգը տակաւին բոլորովին անցած չէ։ Անցեալ օր նմանօրինակ ազդարարութիւն ըրաւ Նախագահ Էրտողան։ Թերեւս այս ազդարարութիւնը ան կը կատարէր պարզապէս ըսելու համար որ պէտք չէ թուլնանք, պէտք է շարունակենք արթուն հսկել։
Նմանօրինակ արտայայտութիւն մըն ալ եկաւ Հանրապետութեան Նախագահութեան խօսնակ Իպրահիմ Գալընէն։ Հեռատեսիլի կայանէ մը կատարուած զրոյցի ընթացքին ան ալ ըսաւ որ երկրորդ հարուած մը բոլորովին անհաւանական չէ տակաւին։
Ֆաթիհ Չէքիրկէի հետաքրքրական յօդուածը
“Հայաստանի հետ դարձեալ նոր բանակցութիւններ”
“Հիւրրիյէթ”ի իր այսօրուան սիւնակին մէջ, լրագրող Ֆաթիհ Չէքիրկէ հրատարակած է “Հայաստանի հետ դարձեալ բանակցութիւն” խորագրեալ խիստ կարեւոր յօդուած մը, ուր ան կը տեղեկացնէ որ Արտաքին Նախարար Մէվլիւթ Չավուշօղլու կը պատրաստուէր գետին պատրաստել որպէսզի դարձեալ բանակցութիւններ կատարուէին Հայաստանի հետ ու Հայաստանը եւս որպէս շահ արձանագրուէր Թուրքիոյ արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ։
Յօդուածին մէջ կը կարդանք որ Մէվլիւթ Չավուշօղլու ճիշդ ալ 15 Յուլիսին Պաքուէն Սամսուն վերադարձած էր շատ լաւ տրամադրութեամբ։ Նախարարը Պաքուի մէջ խորհրդակցութիւններ ըրած էր Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիյեւին հետ, կարծիքներ շօշափած էր Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ մշակելու, սահմանային հարցերը լուծելու եւ Ղարապաղի հարցը լուծելու կապակցութեամբ։ Շատ գոհ տպաւորութիւններով վերադարձած էր եւ լրագրող Ֆաթիհ Չէկիրկէին ըսած էր որ դեռ շատ ալ աղուոր բաներ պիտի պատահին, հաշտութեան ու խաղաղութեան մասին լաւ լուրեր պիտի լսէք, Ռուսաստանէ վերջ ուրիշ երկիրներ ալ պիտի շահինք որպէս բարեկամ։
Այս գոհունակութեամբ վերադարձող Չավուշօղլու յանկարծ Թուրքիոյ մէջ դէմ յանդիման եկած էր 15 Յուլիսի զինուորական հարուածի հետ։
Եւ Ֆաթիհ Չէքիրկէ կ՚եզրակացնէ, ըսելով որ Արտաքին Նախարարի մը համար ի”նչ դժբախտութիւն է երկրին ի նպաստ այսպիսի գոհացուցիչ շփումներ ընելէ վերջ, երկիր վերադառնալ ու յանկարծ դէմ յանդիման մնալ հայրենադաւերու հետ։
Յօդուածին մէջ բնականաբար շատ կարեւոր կը հնչէ այն հատուածը, ուր կ՚ըսուի որ Թուրքիոյ Արտաքին Նախարարութիւնը պատրաստ է նոր քայլ մը առնելու, լուծելու համար Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի ու Հայաստանի եռեակի միջեւ առկայ տագնապալից վիճակը։
Գալըն անգամ մը եւս ժողովուրդը շնորհաւորեց տարուած յաղթանակին համար։ “Այդ գիշերը պիտի չմոռնանք, խաւարի մէջ սկսած գիշերը առտուան դէմ մեր պատմութեան անցաւ որպէս լուսաւոր առաւօտ”, ըսաւ Գալըն։ “Արտասահմանի մէջ քննադատութիւններ կ՚ուղղուին մեզի, հարուածը իրականացնողներուն մասին ալ պէտք եղածը չեն ըսեր, նոյնիսկ կը ջանան բանավէճ ստեղծել հարց տալով թէ ճի՞շդ են Թուրք կառավարութեան ըրածները։ Ասոնք անտեղի ձեռնարկներ են։ Ժողովուրդին դէմ կրակ բացողները մոլորակներէն չեկան, բոլորն ալ Ֆէթհուլլահի մարդիկն էին։ Ասոնց հաշիւը պիտի մաքրուի օրէնքներու լոյսին տակ”, ըսաւ Գալըն։
Գալընի յայտարարութեան ամէնէն կարեւոր մասը կը վերաբերէր այսօրուան վիճակին։ Երկրորդ հարուած մը կրնա՞յ փորձուիլ։ Ասիկա անհաւանական չէ։ Տակաւին կան ՓՔՔ-ի ու ԸՇԻՏ-ի վտանգները։ “Ասոնց դէմ տարած մեր պայքարին վնաս հասցնող որեւէ քայլ պիտի չառնենք”, ըսաւ Իպրահիմ Գալըն։
Leave a Reply