Հեռատեսիլի բոլոր կայանները կը շարժին մէկ կայանի նման

ՄարմարաԱյն, ինչ որ երէկ գիշեր պատահեցաւ ներքին քաղաքականութեան գետնին վրայ, աննախադէպ էր իր տեսակին մէջ։ Երկրին գրեթէ բոլոր գործող հեռատեսիլի կայանները ժամեր շարունակ նոյն հաղորդումը կ՚ընէին, բոլորն ալ մէկ ձայն դարձած էին ու կը կանգնէին Նախագահ Էրտողանի կողքին։ Այսպիսի երկարատեւ միասնութիւն մը մինչեւ այսօր բնաւ տեսնուած չէ, որքան որ գիտենք։ Օրինակ՝ ճիշդ այն պահուն, երբ ժողովուրդը անհամբերութեամբ կը սպասէր, որ հրապարակուի Ազգային ապահովութեան խորհուրդի որոշումը, հեռատեսիլի բոլոր կայանները միաձայնութեամբ կը հաղորդէին նախագահ Էրտողանի հետ Էլ Ճէզիրէ հեռատեսիլի կայանի թղթակցին կատարած հարցազրոյցը։ Լեզուներու խառնակութեան ու թարգանութեան դժուարութեան հետեւանքով որքան ալ դժուար հասկնալի ըլլային խօսուածները, բոլոր կայանները կենդանի հաղորդումով կը սփռէին այդ հարցազրոյցը։ Էրտողան բոլոր կայաններու հաղորդումներուն մէջ գլխաւոր դէմքն էր եւ կ՚ըսէր շատ ալ հետաքրքրական բաներ։ Օրինակ՝ կ՚ըսէր, որ զինուորական հարցի խնդրին մէջ կար լրաքաղութեան տկարութիւն մը, եթէ հարուածին մասին աւելի լաւ լրաքաղութիւն կատարուած ըլլար, անիկա կը կանխուէր։ Իսկ ինք հարուածին մասին լսեց իր աներձագէն։ Նախ չհաւատաց, բայց աւելի վերջ հասկցաւ, որ ճիշդ էր։ Շատ ցնցիչ էր նախագահին այս յայտարարութիւնը։ Արդէն երէկ ալ քանի մը թերթեր հարցուցած էին, թէ ի՞նչպէս պատահեցաւ, որ ՄԻԹ ժամանակին չկրցաւ տեղեկութիւն հաղորդել նախագահ Էրտողանին։ Նախագահ Էրտողան կ՚ըսէր նաեւ, որ ռուսական սաւառնակը վար առնող երկու օդաչուները հաւանաբար Ֆէթհուլլահ Կիւլէնի մարդիկն էին։

Էրտողան ու իր գործակիցները երէկ անգամ մը եւս յայտնի կը դարձնէին, որ արտակարգ վիճակը պիտի գործածուի ուղղակի ֆէթհուլլահական զուգահեռ կառոյցները մաքրագործելու նպատակին։ Նախագահ Էրտողան կը հաւաստիացնէր, որ երկիրը պիտի չտուժէ տնտեսական գետնի վրայ, ամէն ինչ աւելի լաւ պիտի ընթանայ։ Երկրի գործարարներն ալ արդէն կողմնակից եղան արտակարգ վիճակի հռչակման ու միասնութիւն արտայայտեցին։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2016
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ