Վարչապետ Պինալը Եըլտըրըմ Ամերիկացիներուն պատասխանեց Ֆէթհուլլահ Կիւլէնի կապակցութեամբ. “Փաստերը մէջտեղն են, դեռ ի՞նչ փաստ կ՚ուզէք”
Վարչապետ Պինալը Եըլտըրըմ երէկ շատ խիստ լեզուով պատասխանեց Ամերիկայի իշխանութիւններուն, որոնք փաստեր կը պահանջէին Ֆէթհուլլահ Կիւլէնը Թուրքիա վերադարձնելու համար։ Երէկ հաղորդած էինք արդէն որ ԱՄՆ-ի Արտաքին Նախարարութիւնը իբրեւ թէ պպպպպատրաստակամութիւն յայտնած էր Ֆէթհուլլահը վերադարձնելու ողղութեամբ, բայց Նախարարութեան բանբերը, կ՚ըսէր որ պէտք է որ յանցագործութեան փաստեր տրամադրուին։
“Դեռ ի՞նչ փաստ կը պահանջեն”, ըսաւ Վարչապետ Եըլտըրըմ, որ յիշեցուց որ Ֆէթհուլլահի մասին թղթածրարներ յանձնուած են ասկէ առաջ։
“Երբ փաստերը մէջտեղն են, ինչո՞ւ դարձեալ նոր փաստ կը պահանջէք, այլեւս մի պաշտպանէք այս ահաբեկիչը, ասիկա ոչ մէկուն օգուտ կ՚ապահովէ”, ըսաւ վարչապետը։
Վարչապետը մեծ խանդավառութեամբ ըսաւ որ յեղափոխականներու դէմ 15 Յուլիսի յաղթանակը Չանաքքալէի յաղթանակին չափ վեհ յաղթանակ մըն է։ Այդ օրը տեսանք որ հրասայլին ուժը չի կրնար պարտութեան մատնել ժողովուրդին ուժը, ըսաւ։
Վարչապետը դիտել տուաւ որ բոլոր պետական կամ զինուորական հարուածները մէկմէկ ոճիր են։ “Ահաբեկիչները չկրցան հաշուել որ իրենց դիմաց Էրտողանը կար։ Էրտողանը այդ սաւառնակին նստելէ չվախցաւ, ժէթ սաւառնակներէն չվախցաւ, մօտեցող հրասայլերէն չվախցաւ։ Էրտողանը անոնց պատասխանեց ու ըսաւ. Ես պատանքս հագուեցայ ու կուգամ ահաւասիկ։ Ասիկա չկրցան հաշուել։
Վարչապետը ինքզինքն ալ դրաւ այս բաղդատութեան մէջ ու ըսաւ. “Անոնք չգիտցան նաեւ որ իրենց դիմաց փախուստ տալու պատրաստ Վարչապետ մը չկար։ Է”յ Ֆէթհուլլահի դաւաճանները, դուք մեզ ի՞նչ կարծեցիք։ Աստուծոյ կեանք մը պարտական ենք, երբ որ ուզէ, կը վճարենք այդ պարտքը։ Երէկ չվախցանք, այսօր ու վաղն ալ պիտի չվախնանք”։
Թուրքիա պահանջք ներկայացուց Ամերիկայի. “Մինչեւ որ վերադարձուի, ֆէթհուլլահ գոնէ ձերբակալուի”
15 Յուլիսի զինուորական հարուածի փորձը անգամ մը եւս բոլոր ուշադրութիւնները կեդրոնացուց ԱՄՆ-ի մէջ բնակող Ֆէթհուլլահ Կիւլէնի վրայ։ Թուրքիա վստահօրէն կը պնդէ որ զինուորական հարուածը կազմակերպուած էր Ֆէթհուլլահի կողմնակիցներուն կամ Ֆէթհուլլահի ահաբեկիչներուն կողմէ։ Այս մասին բազմաթիւ թղթածրարներ յանձնուած են Ամերիկացիներուն, բայց ԱՄՆ տակաւին կը վարանի Ֆէթհուլլահը վերադարձնելու։
Դատական Նախարար Պէքիր Պոզտաղն ալ երէկ այս մասին շատ խիստ խօսեցաւ եւ յայտնեց թէ Թուրքիա ԱՄՆ-ի իշխանութիւններէն պահանջած է որ Ֆէթհուլլահ Կիւլէն գոնէ ձերբակալուի կամ հսկողութեան տակ առնուի մինչեւ որ վերադարձուի Թուրքիա։ Ան դիտել տուաւ որ Ֆէթհուլլահի յանցագործութիւններուն մասին ցարդ չորս թղթածրարներ յանձնուած են ԱՄՆ-ի իշխանութիւններուն։
Դատական Նախարարն ալ խօսեցաւ մահապատիժը վերականգնելու հաւանականութեան մասին։ Ան ալ այս մասին ժողովուրդին կամքը մէջտեղ դրաւ ու ըսաւ որ ժողովուրդին փափաքն է որ մահապատիժը դարձեալ ընդունուի։ Իշխանութիւնները չեն կրնար անտես առնել ժողովուրդին այս փափաքը, ըսաւ Պոզտաղ յիշեցնելով որ Նախագահն ալ ըսած էր որ ինք օրէնքը կը ստորագրէ, եթէ Խորհրդարանը օրէնք հաստատէ այս մասին։ Հաւանական է ուրեմն որ, այսպէս կամ այնպէս, Ա-Գէ-Փէ իշխանութիւնը այս երկրին մէջ պիտի վերականգնէ մահապատիժը եւ 15 Յուլիսի զինուորական հարուածի գլխաւոր պատասխանատուները, որպէս հայրենադաւեր, պիտի պատժուին մահապատիժով։
Անհաւատալի դրուագներ 15 յուլիսի զինուորական հարուածի կռիւներէն
Յեղափոխականները Իմրալըի մէջ Էօճալանն ալ պիտի սպաննէին
Թուրքիոյ գրեթէ բոլոր հեռատեսիլի կայանները ժամեր շարունակ հաղորդումներ կ՚ընեն 15 Յուլիսի ձախորդ զինուորական հարուածի մասին ու ամէն վայրկեան կը տարածեն յայտնաբերուած նոր նկարներ ու ժապաւէններ, որոնք ցոյց կուտան, թէ անհաւատալի բաներ պատահած էին 15 Յուլիսի իրիկունը, երբ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը տակաւին ոչինչ գիտէր։
Բայց այդ վայրկեաններուն արդէն ժողովուրդին մէկ մասն ալ փողոց իջած էր ու իր կեանքի գնով կը դիմադրէր զինուորական հարուածի շարժումին, կը կանգնէր հրասայլերու դէմ, մինչ յեղափոխականները կրակ կը բանային դիմադրող ժողովուրդին վրայ, հրասայլերն ալ կը ճզմէին` ինչ որ կ՚ելլէր իրենց դիմաց։
Երկու օրէ ի վեր տեղեկութիւններ կը հաղորդուին հսկողութեան տակ առնուած, ձերբակալուած, պաշտօնազրկուած զինուորականներու, քաղաքագէտներու, դատաւորներու, դատախազներու, ուսուցիչներու մասին։
Ասոնց թիւերը անհաւատալիօրէն բարձր են, եւ կարելի չէ հասկնալ, թէ ինչպէս կարելի եղաւ երկու օրուան մէջ պատրաստել այսքան բարձր թիւով ամբաստանեալներու ցանկեր։ Բացի այս բոլորէն` երէկ պահանջուեցաւ, որ բոլոր համալսարաններու տէքանները հրաժարին իրենց պաշտօնէն։ Դիւրին չէ հասկնալ, թէ ճշգրիտ կերպով ինչ կը նշանակեն այս բոլորը, ու դեռ մինչեւ ուր պիտի երթայ այս մտահոգիչ կացութիւնը։
Ձերբակալուած բարձրաստիճան զինուորականներուն թիւն ալ շատ բարձր է։ Նաւատորմի բազմաթիւ նաւերուն մասին կը շրջին տարօրինակ լուրեր, որոնք ցոյց կուտան, թէ ծովակալներ ու ծովային զինուորներ կարեւոր մասնակցութիւն ունեցած են զինուորական հարուածի պատրաստութեան մէջ։ Մէկ առ մէկ կը յայտնաբերուին նաեւ այն ծրագիրները, զորս յեղափոխականները պատրաստած էին։ Ըստ ծրագրի` յեղափոխականները պատժամիջոցներ ձեռք պիտի առնէին հազարաւոր պետական դէմքերու դէմ, որոնց անունները ճշդուած էին արդէն։ Յեղափոխականները նաեւ Իմրալը պիտի երթային ու հոն անմիջապէս մահապատիժի պիտի ենթարկէին Ապտուլլահ Էօճալանը։
Այս կապակցութեամբ հաղորդուեցաւ որ Էօճալանի առողջութիւնը, հակառակ ՓՔՔ-ական շրջանակներու պնդումին, լաւ է։
Leave a Reply