ՄԱՐՄԱՐԱ-ի լրահոս

ՄարմարաՆախագահ էրտողան պատասխանեց ՍԻԷՆԷՆ կայանի հարցումներուն

Երէկ Նախագահ Էրտողանի հետ հարցազրոյց մը հրատարակեց Ամերիկեան ՍԻ-ԷՆ-ԷՆ կայանը։ Կայանի աշխատակից Րէպէքա Անտէրսոնի հարցումներուն պատասխանելով Էրտողան խօսեցաւ վերջին անցուդարձերուն մասին։ Իր ըսածներուն մէջէն երկու կէտեր մամուլին ուշադրութիւնը կը հրաւիրեն իրենց վրայ։

Նախագահ Էրտողան ըսաւ որ զինուորական հարուածը հայրենադաւութիւն կը նշանակէ ու արժանի է պահապատիժի։ Եթէ Խորհրդարանը մահապատիժը կենդանացնելու որոշում ընդունի, ես, որպէս հանրապետութեան նախագահ, կը ստորագրեմ անոր տակ։

Նախագահին երկրորդ ուշագրաւ խօսքը կը վերաբերէր Մարմարիսի մէջ իր մնացած պանդոկին վրայ կատարուած յարձակման։ “Եթէ տասնըհինգ վայրկեան առաջ հոնկէ մեկնած չըլլայի, հիմա մեռած էի”, ըսաւ Նախագահը։

ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ԴԱՐՁԵԱԼ ԽՕՍԵՑԱՒ ՔԸՍԸՔԼԸԻ ՄԷՋ

Մօտ օրէն կարեւոր որոշում մը պիտի հրապարակուի

15 Յուլիսի զինուորական հարուածի ձախողած փորձը երէկ ալ հրապարակներու վրայ հաւաքեց միլիոնաւոր քաղաքացիներ, որոնք շարունակ իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնէին Նախագահ Էրտողանին։ Իսկ Էրտողան, որ դեռ կը մնայ Իսթանպուլի մէջ, Քըսըքլըի իր տան մօտերը հաւաքուած ժողովուրդին խօսք ուղղելով տուաւ կարեւոր պատգամներ։ Նախագահը ըսաւ որ հարուածի պատասխանատուները հաշիւ պիտի տան, անոնց մասին աշխատանքը լաւ կ՚ընթանայ։ Շուտով պիտի կայանայ Ազգային Ապահովութեան Խորհուրդի նիստը, որուն պիտի յաջորէ Նախարարաց Խորհուրդի նիստը, այս երկուքէն վերջ կարեւոր որոշում մը պիտի հաղորդուի։ Այժմ կանուխ է ըսել թէ ինչ է այդ որոշումը, ըսաւ Նախագահը։

Էրտողան հոս ալ օրակարգի բերաւ մահապատիժի օրէնքը վերակենդանացնելու հարցը։ Ինչպէս որ ստորագրեցինք ջնջելու համար, այդպէս ալ կը ստորագրենք զայն վերակենդանացնելու համար, կը բաւէ որ Խորհրդարանը որոշում առնէ այդ մասին, ըսաւ Էրտողան։ Նախագահ Էրտողան դիտել տուաւ որ այս անգամ ամբողջովին պիտի մտնեն յանցագործներուն որջերէն ներս։

Ամն ֆէթհուլլահ կիւլէնը պիտի վերադարձնէ եթէ…”

Թուրքիա արդէն երկար ժամանակէ ի վեր ԱՄՆ-ի իշխանութիւններէն կը պահանջէր որ Թուրքիա վերադարձուի այժմ Փէնսիլվանիոյ մէջ բնակող Ֆէթհուլլահ Կիւլէնը։ Վերջին զինուորական հարուածի փորձէն վերջ Թուրքիա աւելի ուժեղ կերպով օրակարգի բերաւ Կիւլէնը վերադարձնելու հարցը։ Նախագահ Էրտողան իր բոլոր ճառախօսութիւններուն մէջ յիշեցուց այս կէտը, որովհետեւ զինուորական հարուածի փորձին պատասխանատուութիւնը ամբողջովին կը դրուի Ֆէթհուլլահական զինուորներու ուսերուն վրայ։ Այս զինուորները պիտի մաքրագործուին, ըսաւ Նախագահ Էրտողան, բայց բուն հարցը Ֆէթհուլլահ Կիւլէնն է։

Ամերիկա պատրա՞ստ է Կիւլէնը վերադարձնելու։ ԱՄՆ-ի Արտաքին Նախարար Ճոն Քէրրի այս մասին նոր յայտարարութիւն մը ըրաւ, այն տպաւորութիւնը թողլով որ իր երկիրը պիտի վերադարձնէ Ֆէթհուլլահ Կիւլէնը։ Բայց հոս ալ “բայց” մը կայ։ Ճոն Քէրրի ըսաւ որ եթէ իրենց փոխանցուելիք փաստերը պահանջուած չափանիշներուն յարմարին, այդ պարագային կրնան գործադրել վերադարձնելու համաձայնութիւնը, որովհետեւ Ամերիկա շահ չունի ատոր հակառակը ընելու մէջ։

Այս յայտարարութիւնը մեծ բան մը կը խոստանա՞յ, յայտնի չէ։

Վարչապետին յայտարարութիւնը . Թող գիտնան որ հոսած իւրաքանչիւր արեան կաթիլին հաշիւը պիտի հարցուի իրենցմէ

Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ երէկ դարձեալ խօսեցաւ զինուորական հարուածի պատասխանատուներուն մասին ու ըսաւ որ որքան ալ այս գործը կատարողները բանակին մէջէն էին, անոնք դոյզն իսկ կապ չունէին այս երկրին հաւատարիմ զինուորներուն հետ։ Անոնք զինուորական տարազ հագած արիւնարբու ոճրագործներ էին, ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամներ էին, ըսաւ Վարչապետը։

Վարչապետ Եըլտըրըմ աւելցուց որ այս գործին պատասխանատուները լաւ պէտք է գիտնան որ հոսած իւրաքանչիւր արեան կաթիլին հաշիւը պիտի պահանջուի անոնցմէ։ “Եթէ մենք այս հաշիւը չմաքրենք, մեզի հանգիստ չկայ ոչ այս աշխարհին մէջ, ոչ ալ միւս աշխարհի մէջ։ Ասիկա մեր ժողովուրդին նկատմամբ մեր ամէնէն վսեմ պարտականութիւնն է”, ըսաւ Վարչապետը։ Վարչապետը դիտել տուաւ որ Թուրքիոյ մէջ տնտեսական գործերն ու միւս գործերը կը շարունակեն ընթանալ բնականոն գնացքով։

“Միայն թէ ի”նչ մեղք որ մինչեւ հիմա ստուգուեցաւ որ 208 նահատակներ տուինք։ Ասոնց 60-ը ոստիկան, 3-ը զինուոր, 145-ն ալ հերոս քաղաքացիներ են”, ըսաւ Վարչապետ Եըլտըրըմ։

Գերմանիա ազդարարութիւն ուղղեց նախագահ էրտողանին

 Գերմանիոյ հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները օր ըստ օրէ կը լարուին։ Պատճառն անշուշտ Գերմանիոյ Խորհրդարանին կողմէ հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու ուղղութեամբ առնուած որոշումն ու անոր յաջորդող Ինճիրլիքի արգելքի հարցն է։ Ինչպէս յայտնի է, Գերմանիոյ Խորհրդարանին որոշումէն վերջ Թուրքիա արգիլեց Գերման երեսփոխաններուն Ինճիրլիքի օդային խարիսխ այցելելը։ Այս արգելքը կը շարունակուի ու Գերմանիա բնականաբար դժգոհ է։

Գերմանիոյ Պաշտպանութեան Նախարար Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէն անդրադարձաւ այս նիւթին ու ըսաւ որ այս պայմաննրու տակ Գերմանիա կրնայ հրաժարիլ Ինճիրլիքի խարիսխին համար ԱՎԱՔՍ սաւառնակներ ղրկելու որոշումէն։ “Յստակ է որ Գերման երեսփոխանները պիտի չընդունին սաւառնակներ յանձնել խարիսխի մը որ զիրենք չ՚ընդունիր” ըսաւ Պաշտպանութեան Նախարարը։

“Ֆրանքիշէր Թակ” թերթն ալ այս խնդրին մասին հրատարակութիւն ըրաւ ու ազդարարութիւն ուղղեց Նախագահ Էրտողանի հասցէին։ “Եթէ մեր երեսփոխանները չեն կրնար այցելել Ինճիրլիքի խարիսխը, այդ պարագային Գերման բանակը այլեւս ոչինչ պիտի կորսնցնէ այդտեղ։ Թէեւ ԸՇԻՏ-ի դէմ պայքարը պիտի տկարանայ, բայց եւ այնպէս պէտք է որ ետ քաշուինք։ Էրտողանին յստակ կերպով բացատրել պէտք է որ ան չի կրնար իր ուզածին պէս խաղալ ժողովրդավար կերպով ընտրուած մեր երեսփոխաններուն հետ”, գրեց թերթը։

Ձերբակալութիւններու եւ պաշտօնազրկումներու շարան՝ բովանդակ թուրքիոյ տարածքին

30 նահանգապետներ պաշտօնազուրկ եղան – դատաւորներէն ու դատախազներէն հինգէն մէկը ձերբակալուեցաւ – 7850 ոստիկաններ հեռացուեցան աշխատանքէն

15 Յուլիսի զինուորական ձախողած հարուածէն ետք սկսաւ պաշտօնազրկումներու եւ ձերբակալութիւններու շարք մը, որ տակաւին կը շարունակուի։

Այսպէս, վերջին տուեալներու համաձայն, պաշտօնազուրկ եղան 30 նահանգապետներ, աշխատանքէ հեռացուեցան 9 հազար պետական ծառայողներ, որոնց միջեւ կը գտնուին 7850 ոստիկաններ, ոստիկան զօրաց 614 սպաներ ու 47 քաղաքապետներ։

Յեղաշրջումի փորձէն ետք, հետաքննութեան շրջագծով կալանաւորուեցան 2745 դատաւորներ ու դատախազներ, իսկ կարճ ժամանակ վերջ անոնց մեծ մասը ձերբակալուեցաւ։ Լուրեր կը շրջին այն մասին որ ձերբակալեալ դատաւորներու ու դատախազներու թիւը պիտի անցնի երեք հազարը, ինչ որ կը կազմէ ընդհանուր թիւի մէկ հինգերորդը։ Դատաւորներու ու դատախազներու բարձրագոյն խորհուրդի (Հէ Սէ Եէ Քա) տուեալներով, երկրի մէջ կան 10072 դատաւորներ ու 4921 դատախազներ։ Պաշտօնէ հեռացուած ոստիկանները 18 Յուլիսի գիշերը կանչուած են անվտանգութեան վարչութիւն, ուր անոնց մօտէն առգրաւուած են զէնքերն ու վկայականները։

Յիշեցնենք որ վերջին տուեալներով, զինուորական վերնախաւէն ներս ալ ձերբակալութիւններ եղած են, ձերբակալուած են 103 զօրավարներ ու ծովակալներ։

Սպաննուեցաւ շիշլիի փոխքաղաքապետ ճէմիլ ճանտաշ

Երէկ կէսօրէ ետք Շիշլիի քաղաքապետարանի իր աշխատասենեակին մէջ սպաննուեցաւ փոխ-քաղաքապետ Ճէմիլ Ճանտաշ։ Երկու ոճրագործներ մտան Ճանտաշի աշխատասենեակէն ներս, որմէ վերջ կրակոցներ լսուեցան։ Փոխ-քաղաքապետը գլուխէն հրազէնային ծանր վէրքերով փոխադրուեցաւ հիւանդանոց, բայց բժիշկները չկրցան փրկել իր կեանքը։ Երկու ոճրագործները չկրցան խոյս տալ ու ձերբակալուեցան ոստիկաններու կողմէ։

Հաղորդուեցաւ որ այս սպանութիւնը կրնայ պատուէրով ոճիր մը ըլլալ ու ներկայիս քննութիւնը այդ ուղղութեամբ է որ կ՚ընթանայ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2016
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ