Քանի մը ընդգծումներ ու մտածումներ զինուորական ձախողած հարուածի իրադարձութիւններուն շուրջ

ՄարմարաՆախագահ էրտողանի յաջողութիւնը

Զինուորական խմբակի մը կողմէ կազմակերպուած 15 Յուլիսի զինուորական հարուածի փորձը, որ կասեցաւ, անկասկած երկար ժամանակի համար պիտի դառնայ անմոռանալի թուական։ Այդ մասին առաջին քայլը առնուեցաւ արդէն։ Այժմէն հաղորդուեցաւ որ 15 Յուլիսը այսուհետեւ պիտի նշուի որպէս Ժողովրդավարութեան Օր։

Արդարեւ, զինուորական հարուածի ձախողութիւնը այժմ կը մեկնաբանուի որպէս ժողովրդավարութեան յաղթանակը։ Յաղթանակեց ժողովուրդին կողմէ ժողովրդավար միջոցներով ընտրուած իշխանութիւն մը, յաղթանակեց “միլլի իրատէ” կոչուածը, ազգային կամքը։

Իրականութեան մէջ անգամ մը եւս յաղթանակեց Նախագահ Էրտողանը, որովհետեւ անվարան կարելի է ըսել որ այս հարուածը կազմակերպուած էր ուղղակի Էրտողանի դէմ։ Եւ Էրտողանը այս փորձին մէջէն ալ դուրս եկաւ բան մը շահելով, այլ ոչ թէ բան մը կորսնցնելով։

Ժողովուրդը ձախողեցուց զինուորական հարուածը

Վերջին տարիներու անցուդարձերը ցոյց տուին որ Նախագահ Էրտողան տարօրինակ ուժ մը ունի ու ամէնէն դժուար պահերը, պարտութեան մը կամ նեղ կացութեան մը ամէնէն դժուար վիճակները յանկարծ յաղթանակի կը փոխէ։ Այս անգամ ալ, երբ շատ բախտորոշ ժամ հնչած էր Էրտողանի իշխանութեան համար, այդպէս պատահեցաւ, Էրտողան իրեն դէմ լարուած վտանգաւոր փորձութեան մէջէն դուրս եկաւ յաղթանակով ու կրցաւ իր կողքին առնել ժողովրդական լայն զանգուածները։

Այս պատճառաւ ալ զինուորական հարուածի պարտութեան մասին գործածուեցաւ ու ասկէ վերջ ալ պիտի գործածուի “Ժողովուրդը կասեցուց զինուորական հարուածը” լոզունգը։

Խորհրդարանի շէնքին վրայ արձակուած ռումբերը

15 Յուլիսի զինուորական հարուածի իրադարձութիւններուն մէջ ընդգծելի շատ կարեւոր կէտ մը կայ։ Ասիկա Թուրքիոյ Խորհրդարանի համալիրի ռմբակոծումն է։ Պատմութեան մէջ առաջին անգամ է որ ռումբ արձակուած եղաւ Խորհրդարանին վրայ, որ հանրապետութեան ամէնէն կարեւոր հաստատութիւններէն մէկն է։ Անհաւատալի են այն պատկերները որոնք ցուցադրուեցան Խորհրդարանի խորտակուած մասերէն։

Մարմարիսի մէջ յարձակում Պանդոկի վրայ

16 Յուլիսի զինուորական ձախողած հարուածին շատ կարեւոր իրադարձութիւններէն մէկն ալ կը վերաբերի Մարմարիսի մէջ Նախագահ Էրտողանի կողմէ որպէս արձակուրդի վայր ընտրուած պանդոկին վրայ կատարուած օդային յարձակումին։ Այս յարձակումը կատարուեցաւ երբ Էրտողան արդէն աճապարանքով մեկնած էր հոնկէ։

Կարելի է մտածել որ յեղափոխականները չէին կրցած իմանալ որ Էրտողան արդէն մեկնած էր, այլապէս ինչո՞ւ ռմբակոծէին պանդոկը։ Բայց թերեւս կան մանրամասնութիւններ զորս մենք բնականաբար չենք կրնար գիտնալ։ Այս խնդրին մէջ ուրիշ հետաքրքրական կէտ մըն ալ կայ։ Նախագահ Էրտողան, ընդհատելով իր արձակուրդը, բաժնուեցաւ Մարմարիսէն, բայց Անգարա չգնաց, որովհետեւ Անգարայի մէջ տակաւին կացութիւնը խառնակ էր ու հակակշռուած չէր։ Նախընտրեց Իսթանպուլ գալ, ուր յարաբերաբար աւելի հակակշռուած վիճակ մը կար։

Ժողովուրդը հրաւիրուեցաւ փողոց իջնելու

Վարչապետ Եըլտըրըմ, ապա Նախագահ Էրտողան, որոշ յառաջընթաց մը արձանագրելէ ետք յեղափոխական զինուորականներու դէմ, անակնկալ միջոցի մը դիմեցին։ Ժողովուրդը հրաւիրեցին փողոց իջնելու ու կացութեան տէր կանգնելու։ Ասիկա իսկապէս հետաքրքրական, նաեւ առաջին ակնարկով, մտահոգիչ էր, որովհետեւ փողոց իջնելու հրաւիրուած ժողովուրդը կրնար քանդիչ խուժան մը դառնալ, օրէնքներու չափերէն դուրս գալ։

Նմանօրինակ տագնապալից պարագաներու, ղեկավարները ընդհանրապէս ժողովուրդին կը յորդորեն տունը նստիլ միջոցի մը համար, փողոց չիջնել, պաղարիւն մնալ։ Այս անգամ ճիշդ հակառակը պատահեցաւ։

Հեռատեսիլի կայաններէն, մզկիթներէն արձակուած հրաւէրներուն ականջ տալով Թուրքիոյ բոլոր քաղաքներուն մէջ ժողովուրդը ընդառաջեց Էրտողանին հրաւէրին ու դրօշակ մը առնողը գնաց միանալ իրեն ամէնէն մօտիկ հրապարակին վրայ հաւաքուած ժողովուրդին։ Ժողովուրդները այս անգամ խուժան չէին, ընդհակառակը շինարար դեր ունեցան ձախողած զինուորական հարուածին յաջորդող առաջին ժամերու ընթացքին։ Թէեւ անկարելի էր որ միլիոնաւորներու կողմէ կատարուած այս խանդավառ հաւաքոյթներու ընթացքին շեղումներ ալ չկատարուէին։ Յայտնի կը դառնայ որ հոս ու հոն կարգ մը անկարգութիւններ պատահեցան, ցուցարարները սաստկութիւններու ալ դիմեցին, բայց ընդհանուր պատկերը չխանգարուեցաւ ցարդ։

Ուրբաթին յաջորդող Շաբաթ օրն ալ ժողովուրդը հրաւիրուեցաւ փողոց իջնելու, որովհետեւ, ըսուեցաւ, որ վտանգը տակաւին բոլորովին չէ անցած։ “Վտանգը տակաւին չէ անցած” լոզունգն ալ իր կարգին շատ վախազդու էր, բայց ժողովուրդը երկրորդ օրն ալ հրապարակները լեցուց, դրօշակ պարզեց, Էրտողանը պաշտպանեց։

Քաղաքներու պողոտաներուն վրայ մինչեւ կէս գիշեր ինքնաշարժեր ման եկան սուր ճչակներ կամ ահազանգներ հնչեցնելով։ Այս ալ ունեցաւ իր օգտակարութիւնը, այնքան որ Նախագահ Էրտողան յայտնի կը դարձնէր որ կ՚ուզէր որ ժողովուրդը ամբողջ շաբաթ մը շարունակէ լեցնել հրապարակները։

ԹՌԹի կայանէն կարդացուեցաւ յեղափոխականներու հաղորդագրութիւնը

Զինուորական հարուածի առաջին վայրկեաններուն հարուածի կազմակերպիչները գրաւեցին ԹՌԹ-ի կայանները։ Ասիկա տարօրինակ վիճակ մըն էր։ Մինչ հեռատեսիլի ոչ պետական բոլոր միւս կայանները, գլխաւորութեամբ ՍԻ-Էն-Էն-Թիւրքի, Էն-Թի-Վիի կամ Հապէր Թիւրքի, կենդանի հաղորդումներով քայլ առ քայլ կը հետեւէին զարգացումներուն, ԹՌԹ-ի բոլոր կայանները լռած էին եւ հոնկէ մէկ հաղորդում միայն կատարուեցաւ։ Հաղորդավարուհի մը բռնի ուժի պարտադրութեամբ կարդաց յեղափոխականներու հաղորդագրութիւնը։ Այս հաղորդագրութեան մէջ կ՚ըսուէր որ բանակը ձեռք դրած է իշխանութեան վրայ։

Կ՚երեւի թէ յեղափոխականները քիչ մը աճապարած էին այդ հաղորդագրութիւնը կարդալ տալու, որովհետեւ տակաւին բնաւ ալ ձեռք դրած չէին իշխանութեան վրայ ու չկրցան ալ դնել։

Մահապատիժը վերականգնելու առաջարկներ

Մտածել տուող խնդիրներէն մէկն ալ այն էր թէ այս տագնապի օրերուն դարձեալ օրակարգի բերուեցան մահապատիժը վերականգնելու խօսքեր։ Նախագահ Էրտողան առարկութիւն չունեցաւ իր դիմաց հաւաքուած ժողովուրդին, երբ այդ ժողովուրդէն կը բարձրանային մահապատիժի վերականգնումը պահանջող ձայներ։ Այդ մահապատիժը կը պահանջուէր ամէնէն առաջ Ֆէթհուլլահ Կիւլէնի համար, քանի որ Էրտողան կ՚ըսէր որ Ամերիկայէն պահանջեցինք Կիւլէնի վերադարձուիլը։ Բայց մահապատիժ կը պահանջուէր նաեւ յեղափոխական զինուորականներու մասին։

Ընդգծումի արժանի կէտն այն է թէ Էրտողան չմերժեց ու ըսաւ որ այդ մասին կարելի է մտածել, որովհետեւ իրաւունք չունինք անտեսելու ժողովուրդին փափաքը։

Զինուորը զինուորի դէմ

15 Յուլիսի արկածախնդրութեան ամէնէն ցաւալի կողմերէն մէկն է շարքային զինուորներու վիճակը։ Կրնանք մտածել որ անոնցմէ շատեր իրենց հրամանատարներներուն տուած հրահանգները կը գործադրէին, կողմնորոշուելու շատ ալ կարելիութիւն չունէին։ Բայց անոնց դէմ խոշոր պայքար բացուեցաւ, խոշտանգուեցան իրենց նման ուրիշ զինուորներու կողմէ, ամէնէն գէշը՝ զինեալ բախումներ պատահեցան ոստիկաններու ու զինուորներու միջեւ, զինուորներ որոնք հաւանաբար յաջորդ օր դարձեալ իրենց կեանքը մէջտեղ պիտի դնէին ահաբեկկչութեան դէմ պայքարի եւ հայրենիքի պաշտպանութեան գործին մէջ։

Հեռատեսիլի կայանները երկու օրէ ի վեր առտուընէ մինչեւ գիշեր շարունակ կը պատմեն թէ ինչեր պատահեցան ապստամբութեան առաջին քանի մը ժամերուն, երբ հանրութիւնը ոչինչ կ՚իմանար տակաւին։ Այդ ժամերուն էր որ զոհեր կը տրուէին ու շէնքեր կը քանդուէին։ Ծանր միջադէպեր կը պատահէին Սպայակոյտի Նախագահութեան կեդրոնական շէնքին, Յատուկ Ուժերու Կեդրոնին, Անգարայի Ապահովութեան Տնօրէնութեան, Ազգային Խորհրդարանին ու նմանօրինակ քանի մը հաստատութիւններու երդիքներուն տակ։

Կուսակցութիւններու օրինակելի միասնութիւնը

Մէկ բան ուրախութիւն պատճառեց հանրային կարծիքին։ Զինուորական հարուածի փորձը միաձայնութեամբ դատապարտուեցաւ թէ Ա-Գէ-Փէի, թէ երկու միւս ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն կողմէ։ Թուրք քաղաքական կեանքը երկար տարիներէ ի վեր այսպիսի միասնականութիւն մը չէր ապրած, այնքան որ Նախագահ Էրտողան բոլոր ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն հեռաձայնեց ու շնորհակալութիւն յայտնեց։ Իսկ ժողովուրդը, որ գոհ էր այս տեսարանէն, ինքնիրեն կը մաղթէր որ այս միասնութիւնը շարունակուի ասկէ վերջ ալ։

Տարօրինակ հոգեվիճակ։ Ամբողջ երկիրը մէկ կողմէ կը սգայ կորուստներու ցաւը, մէկ կողմէ ալ տօնակատարութիւն կ՚ընէ յեղափոխականներու դէմ տարուած յաղթանակին համար։

Անհաւատալիօրէն բարձր թիւով զինուորականներ ու դատաւորներ կամ դատախազներ իրենց պաշտօններէն առնուեցան ու հսկողութեան տակ դրուեցան։ Ըստ հրատարակուած տուեալներու 161 հոգի կեանքը կորսնցուց, 1440 հոգի վիրաւորուեցաւ, մօտ 3000 հոգի հսկողութեան տակ առնուեցաւ։ Այս թիւերը անշուշտ ամէն վայրկեան կրնան փոխուիլ։ Ոմանք արդէն կը պնդեն որ հսկողութեան տակ առնուածներուն թիւը հասաւ 6000ի։

Ռ. Հ.

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2016
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ