Ծանր մեղադրանք Թուրքիոյ հասցէին

Մարմարա«Էշ Շաբաբ» իսլամիստական կազմակերպութիւնը Թուրքիան մեղադրեց Սոմալիի ժողովուրդը թալանելու յանցանքով։ «Էշ Շաբաբ» կազմակերպութեան  առաջնորդ Ահմէտ Տիրիյէ յայտարարեց որ Թուրքիան Սոմալիի ժողովուրդի թշնամին է:

Թրքական  «Haber7» լրատուական կայքէջը, որպէս աղբիւր ունենալով ԱՖՓ լրատուական գործակալութիւնը, նշեց որ 12 Յուլիսին Տիրէյէ ձայնային հաղոր-դագրութիւն մը հրապարակեց ու խօսեցաւ Թուրքիոյ մասին։

Ձայնային յիշեալ հաղորդագրութեան մէջ  «Էշ Շաբաբ»ի առաջնորդը խօսելով Թուրքիոյ մասին ըսաւ «Թուրքիոյ կառավարութիւնը այս ազգի թշնամին է: Սոմալիի տնտեսութիւնը ներկայիս Թուրքիոյ միջա¬մտութեան պատճառով ամբողջովին կը փլուզուի: Թուրքիա զաւթած է Սոմալիի տնտեսութիւնը»:

Ան աւելցուց որ թրքական իշխանութիւններու նպա¬տակը եղած է աղքատացնել Սոմալիի ժողովուրդը:

Յիշեցնենք, որ 27 Յունիս 2013 թուականին Սոմալիի մայրաքաղաք Մոկատիշոյիի մօտ թրքական դեսպանատան վրայ տեղի ունեցած էր զինեալ յարձակում մը, ու անվտանգութեան աշխատակիցներէն մէկը զոհուած էր, իսկ երեք ոստիկաններ ալ վիրաւորուած էին։ Այս յարձակման պատասխանատուութիւնը ստանձնած էր նոյնինքն «Էշ Շաբաբ» կազմակերպութիւնը:

Միւս կողմէ` Դրամական միջազգային հիմնադրամն ալ տեղեկագիր մը հրապարակեց «Սուրիոյ պատերազմի տնտեսութիւնը» խորագրի տակ ու պնդեց որ ԸՇԻՏ քարիւղ կը վաճառէ Թուրքիոյ։

Ընդդիմադիր  «Cumhuriyet» թերթի կայքէջի լրատուութեան համաձայն` Միջազգային Դրամական Հիմնարկը տուեալներ ունի այն մասին որ ԸՇԻՏ օրական  30.000-80.000 տակառ անմշակ քարիւղ կը վաճառէ Իրաքին, Յորդանանին, Լիբանանին, Թուրքիոյ եւ նոյնիսկ Սուրիոյ կառավարութեան:

Կը նշուի նաեւ որ սուրիական կարգ մը մանր ու մեծ ընկերութիւններ տեղափոխուած են Թուրքիա, իսկ իրենց արտադրութիւնը կրկին կը վաճառեն Սուրիոյ։ Այդ առեւտուրի շնորհիւ Թուրքիայէն Սուրիա արտածումը 2014ին կրկին հասած է  1.8 միլիառ տոլարի: Իսկ մինչ այդ՝ 2011թ. ծագած պատերազմի պատճառով դեպի Սուրիա արտածումի տարողութիւնը կտրուկ կերպով պակսած էր։ Օրինակ 2012ին այդ ցուցանիշը կը կազմէր ընդամէնը 500 միլիոն տոլար։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2016
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ