ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ 1915-Ի ՄԱՍԻՆ. “ՈՉ ՄԷԿԸ ՑԱՐԴ ԻՆՁՄԷ ԼՍԵՑ ԹՈՒՐՔ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՄԱՍԻՆ ԺԽՏԱԿԱՆ ԽՕՍՔ”
“Թուրքերը ոչինչ կը կորսնցնեն եթէ, հետեւելով Գերմանիոյ օրինակին, ճանչնան ցեղասպանութիւնը”Երէկ արձագանգած էինք Էլ Մայատի արաբական հեռատեսիլի կայանի կողմէ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ կատարուած հարցազրոյցի մը, ուր Նախագահը կարծիքներ կը յայտնէր Ղարապաղի մասին ու կ՚ըսէր որ Ղարապաղի ժողովուրդը անգամ մըն ալ չ՚ընդունիր ապրիլ Ատրպէյճանի իշխանութեան ներքեւ։
Լրագրող Հրանդ Գասպարեան այսօր նոր տուեալներ կը հաղորդէ նոյն հարցազրոյցի կապակցութեամբ։ Հայաստանի Նախագահը պատասխանած է նաեւ հայկական ցեղասպանութեան նիւթով Թուրքիոյ հետ Հայոց յարաբերութիւններու մասին հարցումներու եւ ըսած է որ այսօր հայերը այսօրուան թուրք ժողովուրդը չեն ամբաստաներ, ոեւէ մէկը իր բերնէն լսած չէ Թուրքիոյ ու թուրքերու հասցէին ժխտական խօսք մը։ “Մենք սա վայրկեանին միայն ուրացումին դէմ ենք” ըսած է Սարգսեան։
Նախագահ Սարգսեան ըսած է որ Թուրքիա պէտք է հետեւի Գերմանիոյ օրինակին, որ ընդունեց հրէական ողջակիզումը։ Եթէ ցեղասպանութիւնը ճանչնայ, Թուրքիոյ համար ալ լաւ պիտի ըլլայ։ Գերմանիա ոչինչ կորսնցուց երբ ճանչցաւ հրէական ողջակիզումը։ Գերմանիոյ Խորհրդարանն ալ հիմա նոյն պատգամը տուած եղաւ Թուրքիոյ, երբ ճանչցաւ հայոց ցեղասպանութիւնը։ Բայց թուրքերը սա պահուն իրենց պատմութեան ճնշումին տակ կը գտնուին։ Այժմ թուրքերը կ՚ըսեն որ թուրք ժողովուրդը ցեղասպանութիւն չի գործեր։ Մենք թուրք ժողովուրդը չենք մեղադրեր արդէն։ Մենք կ՚ամբաստանենք միայն այդ շրջանի իշխանութիւնը որ պետական ուժերը գործածեց հայերը զանգուածային սպանդի ենթարկելու համար։ Մենք սա պահուն մեղադրանք չունինք թուրք ժողովուրդի նկատմամբ։ Միայն ուրացումը կը մեղադրենք։ Ոչ մէկը ցարդ ինձմէ թուրք ժողովուրդին մասին ժխտական խօսք մը լսած է, ըսաւ Նախագահ Սարգսեան։ Նախագահը յիշեցուց որ վերջին տարիներու ընթացքին Իսթանպուլի փողոցներուն մէջ 24 Ապրիլի կապակցութեամբ կատարուեցան ցոյցեր որոնք աներեւակայելի էին մօտիկ անցեալի մէջ։ Աւելցուց որ ինք կը հաւատայ որ փախուստ չկայ, թուրք ժողովուրդը ամէնէն վերջը պիտի ճանչնայ ցեղասպանութիւնը։ Պատասխանելով նաեւ Ֆրանսիսքօ Պապի կողմէ Հայաստանի այցելութեան ընթացքին արտասանուած խօսքերուն, Նախագահ Սարգսեան ըսաւ որ Պապը այն մարդոցմէ չէ որոնք զանազան ջղային հակազդեցութիւններու դիմաց իրենց դիրքը կը փոխեն։ Պապը բոլորը հրաւիրեց միասնական ապրումի, ըսաւ Նախագահ Սարգսեան։
ՍՈՒՐԻԱՑԻ ԱՊԱՍՏԱՆԵԱԼՆԵՐՈՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՔԱՂԱՔԱՑԻՈՒԹԻՒՆ ՏԱԼՈՒ ՀԱՐՑԸ ՓՈԹՈՐԻԿ ՍՏԵՂԾԵՑ
Ընդդիմադիր կուսակցութիւնները դէմ կուգան Էրտողանի առաջարկին
“Էրմէնիհապէր” կայքէջի մէջ կը կարդանք որ Ասորիները, ցեղասպանութեան հարցով շատ խիստ քննադատութիւններ ըրած են Թուրքիոյ հասցէին։ Կայքէջը կը գրէ.-
Զուիցերիոյ ”Սէյֆօ Սէնթըր”ի (Ասորիներու Ցեղասպանութեան Ուսումնասիրութեան Կեդրոն) նախագահը՝ Սապրի Աթման, ցեղասպանութիւններու արժեւորումը կատարեց։ Ըսաւ որ Սէյֆօ բառը Ասորիներու լեզուին մէջ “սուր”ի իմաստն ունի եւ կը գործածուի որպէս 1914-1915 թուականներուն Հայկական-Ասորական Ցեղասպանութիւններու համար, “Սուրէ անցընել”ու իմաստով։ Սապրի Աթման յայտնելով որ Սէյֆօ Սէնթըրը իր հիմնարկութեան թուականէն սկսեալ Ասորիներու Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բոլոր մարզերու մէջ գործօն աշխատանքներ կը տանի, ըսաւ. “Մարդկութեան դէմ պարտք մը ունինք։ Ցեղասպանութեան նման դառն փորձառութիւն մը ապրեցանք։ Ասիկա միայն մեր պատմութիւնը չէ, միաժամանակ մարդկութեան պատմութիւնն է։ Ցեղասպանութեան գործադրութենէն ասդին 101 տարի անցնելով հանդերձ, այս յանցանքը ուրացումի կ՚ենթարկուի։ Մեր պարտականութիւնն է մարդկային այս աղէտի գործադրութեան դէպքը մշտարծարծ պահել։ Ցեղասպանութիւն գործադրողներէ հաշիւ պէտք է պահանջել, որպէսզի նոր ցեղասպանութիւններ չպատահին։ Իր գործադրած ցեղասպանութենէն հաշիւ չպահանջուած ըլլալուն համար է որ Թուրքիա տակաւին չծանօթացաւ ժողովրդավարութեան հետ։ Հաշիւ պահանջուած չըլլալուն համար է որ Թայյիպ Էրտողան եւ այլ վարիչներ ամէն անգամ որ առիթը կը գտնեն կը կրկնեն “միակ պետութիւն, միակ լեզու, միակ դրօշակ, միակ ազգ” յանկերգը”։
Աթման նշեց որ աշխարհի որեւէ մէկ կողմը երբ կ՚ուզեն Սէյֆոյի յուշարձան մը կանգնել, Թուրքիա անպայման ատոր արգելք ըլլալ կը ջանայ։ Այդ պատճառով է որ երբ իրենք յուշարձան մը կանգնելու որոշումը կ՚առնեն, վերջին պահուն է որ յայտարարութիւն կ՚ընեն։ Եթէ կանխաւ յայտարարեն, Թուրքիոյ դեսպանատուները անմիջապէս շարժման կ՚անցնին եւ կը ջանան ձեռնարկը խափանել։ “Սէյֆօ Սէնթըրի” նախագահը յայտնեց որ Սիտնէյի, Պելժիոյ, Զուիրեցիոյ մէջ երբ փափաքեցան նմանօրինակ յուշարձաններ կանգնել, թրքական կողմէ սպառնալիքներ, սարսափազդու արտայայտութիւններ ստացան, այնուհանդերձ յուշարձաններու աշխատանքը չկասեցուցին։ Ըսաւ որ սա պահուն Սէյֆոյի յուշարձաններ կան Աւստրիոյ գլխաւորութեամբ, Ամերիկայի, Ռուսաստանի, Հայաստանի, Յունաստանի, Ֆրանսայի, Պելժիոյ, Շուէտի եւ Զուիցերիոյ մէջ։ Աշխատանք կը տարուի Ամերիկայի եւ Գանատայի մէջ նոր յուշարձաններ կանգնելու համար։
Աթման անդրադարձաւ Գերմանիոյ կողմէ 1915ի հայկական ցեղասպանութիւնը ընդունելու որոշումի արդիւնքներուն։ Ըսաւ որ կը հաւատայ թէ ամենակարճ ժամանակամիջոցի մէջ այս նիւթը տեղ պիտի գտնէ դասագիրքներու մէջ։ Գերմանիոյ մէջ հասնող նոր սերունդները պէտք է ճշմարիտ տեղեկութիւն ստանան Համաշխարհային Ա. Պատերազմի ընթացքին պատահած ցեղասպանութեան մասին։ Գերմանիա, որ Թուրքիոյ հետ տնտեսական եւ քաղաքական բնագաւառներէ ներս ամուր կապեր ունի, ճանչնալով 1915ի ցեղասպանութիւնը, ճամբայ պիտի բանայ որ այլ երկիրներ եւս այս ուղղութեամբ ճշգրիտ քայլեր առնեն։ Աթման շեշտեց որ երբ Գերմանիոյ կողմէ ընդունուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Թուրքիոյ կառավարութիւնը յուզումնալից հակազդեցութիւններ ցոյց տուաւ, սակայն կարճ միջոց մը ետք վերագտաւ իր պաղարիւնութիւնը։
Աթման անդրադարձաւ նաեւ Տօղու Բերինչէքի խօսքին։ Բերինչէք ըսած էր որ եթէ Գերմանիա ընդունի ցեղասպանութիւնը, ան ինքզինքը պիտի հրկիզէ։ Աթման ըսաւ որ Բերինչէք չյարգեց իր խոստումը, եւ իրենք որպէսզի գործադրէ իր խոստումը, լուցկիի ցպիկներ ղրկեցին իրեն։
Աթման յիշեցուց որ Շուէտի գլխաւորութեամբ, Ասորիներու ցեղասպանութիւնը ընդունած երկիրներն են՝ Հայաստան, Աւստրիա, Հոլանտա, Վատիկան, Գերմանիա, Չեխոսլովաքիա։ Աշխատանք կը տարուի, որպէսզի այս ցեղասպանութիւնը ընդունին նաեւ Ֆրանսա, Գանատա, Ամերիկայի Թորոնթօ նահանգը։
ԹՈՒՐՔ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԱՅՍՕՐ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ
Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները, որոնք սառած էին Ռուսական սաւառնակին վար առնուելէն ասդին, վերստին աշխուժանալ կը սկսին։ Հաղորդուեցաւ որ Թուրքիոյ Արտաքին Նախարարութեան նախագահութեան ներքեւ զանազան հատուածներու ներկայացուցիչներէ բաղկացեալ պատուիրակութիւն մը, Ռուսաստանի հրաւէրին ընդառաջելով Մոսկուա կ՚երթայ այսօր տեսակցութիւններ ունենալու համար զբօսաշրջական կամ այլատեսակ յարաբերութիւններու մարզերէն ներս քննարկումներ ընելու նպատակով։ Օրակարգի վրայ են երկու երկիրներու միջեւ ջարթըրի թռիչքները վերակենդանացնելու, բայց զբօսաշրջիկներուն անվտանգութիւնը ապահովելու նման խնդիրներ։
Leave a Reply