Պերլին կը սպառնայ իր զինուորները Ինճիրլիքէն տուն կանչել

Gabriel_71316«Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ փոխվարչապետ եւ Ընկերվար-ժողովրդավար կուսակցութեան ղեկավար Սիկմար Կապրիէլ խօսած է Թուրքիոյ Ինճիրլիք ռազմակայանին մէջ գտնուող գերմանացի զինուորները տուն կանչելուն մասին, եթէ Անգարան չփոխէ իր կեցուածքը` գերմանացի երեսփոխաններուն ռազմակայան մուտքը արգիլելու հարցով:

«Եթէ խորհրդարանի անդամները չկարողանան այցելել զինուորներուն, ապա Ինճիրլիքի մէջ ռազմական միաւորներու գտնուելուն մասին այլեւս խօսք չի կրնար ըլլալ: Ասիկա շատ յստակ է», ըսած է ան:

Ազդակ Օրաթերթ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2016
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ