ՄԱՐՄԱՐԱ-ի լրահոս

ՄարմարաՎարչապետ Յըլտըրըմէն հետաքրքրական մեկնաբանութիւն. “Թուրքիոյ թշնամիները հարիւր տարի առաջ լոզանի դաշնագրով յետաձգուած  Հաշիւները մաքրել կը ջանան”

Վարչապետ Պինալի Յըլտըրըմ երէկ յայտարարեց որ աշխատանք պիտի տարուի  որպէսզի Թուրքիա բարելաւէ իր յարաբերութիւնները նաեւ  Իրաքի, Սուրիոյ  ու Յգիպտոսի հետ։ Իսրայէլի ու Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները  բարելաւելէ վերջ, Վարչապետին այս յայտարարութիւնը, մանաւանդ երբ կը խօսուի  նաեւ Սուրիոյ մասին, ցոյց կուտայ որ բան մը փոխուեցաւ Թուրքիոյ արտաքին  քաղաքականութեան մէջ եւ հիմա կարեւորութիւն կը տրուի դրացի երկիրներու  հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու գործին։

Նախորդ Վարչապետ Տավուտօղլու մէջտեղ դրած էր “դրացիներու հետ զէրօ խնդիր”  կոչուած քաղաքականութիւն մը որ ճիշդ հակառակ արդիւնք տուած էր, չէր մնացած  դրացի երկիր մը որուն հետ Թուրքիա խնդիր չունենար։ Իսկ հիմա, Վարչապետ  Պինալի Յըլտըրըմ տարբեր կարգախօս մը մէջտեղ դրած է։ “Բարեկամներու  թիւը բարձրացնել, թշնամիներու թիւը պակսեցնել”։ Այս կարգէն է որ երէկ  ան յայտարարեց թէ Թուրքիա կրնայ յարաբերութիւնները բարելաւել նաեւ Իրաքի,  Յգիպտոսի ու Սուրիոյ հետ։ Պինալի Յըլտըրըմ պիտի կարենա՞յ ընել  այն ինչ որ Տավուտօղլու չկրցաւ։

Միւս կողմէ Վարչապետ Յըլտըրըմ երէկ պահ մը դուրս եկաւ թշնամիներուն  թիւը պակսեցնելու կարգախօսէն ու ըսաւ որ Թուրքիոյ դիմաց կան թշնամիներ  որոնք հարիւր տարի առաջ Լոզանի Դաշնագրով յետաձգուած հաշիւները հիմա  դարձեալ օրակարգի կը բերեն։ Վարչապետը այս յայտարարութիւնը ըրաւ ահաբեկչութեան  դէմ պայքարի ընթացքին թուրք բանակին կատարած գործողութիւնները արդարացնելու  համար։ Այս գործողութիւնները պիտի շարունակուին որքան ատեն որ ահաբեկիչները  պիտի խռովեն մեր ժողովուրդին հանգիստն ու աշխատելու ազատութիւնը, ըսաւ  Վարչապետը։

Փոխվարչապետ Վէյսի Գայնաք՝ Թուրքիոյ մէջ բնակող Հայաստանցիներու մասին. Ապօրէն բնակութիւն հաստատած 200 հազար հայաստանցիներու կուրծք բացինք

Փոխ Վարչապետ Վէյսի Գայնաք զանազան պաշտօնեաներու հետ կայացած իր հանդիպման  ընթացքին գովեց այն նորութիւնները որոնք իրագործուած են Ա-Քէ-Փէի 13  տարուան իշխանութեան ընթացքին։ Քիւրտերու կողմէ մատնանշուած բոլոր մարզերէ  ներս սպասուած բարենորոգութիւնները կատարուած են։ Օրինակ ատենօք Իպրահիմ  Թաթլըսէսի քրտերէն երգերը շրջուն վաճառորդներու կողմէ կը վաճառուէին  գաղտնաբար, սեղանի տակէն, մինչդեռ ինչո՞ւ այդպէս ըլլար, այս երկրին մէջ  անգլերէն կամ ֆրանսերէն երգերը ազատ էին։ Ինչո՞ւ Անատօլուի մէջ մեր քիւրտ  եղբայրները չկարենային քիւրտերէն երգել։ Ա-Քէ-Փէ բոլոր այս արգելքները  վերցուց։ Նոյնիսկ քրտերէն հեռատեսիլի կայան կայացուց։

Վէյսի Գայնաք դիտել տուաւ որ այս երկիրը թուրքին եւ քիւրտին հասարակաց  հայրենիքն է 1071 թուականէն ի վեր։ Օրինակ տալով Սուրիոյ մէջ ներքին  պատերազմի հետեւանքով զոհուած հարիւր հազարաւոր մարդոց պարագան, Գայնաք  դիտել տուաւ որ հիմա 2.750.000 ապաստանեալներ ընդունուած են Թուրքիայէ  ներս։

Վէյսի Գայնաք այստեղ ունեցաւ ակնարկութիւն մըն ալ որ յայտնի է թէ չափազանցուած  թիւ մը գործածած է ան։ Սապէս արտայայտուեցաւ.

“Ամէնէն հետաքրքրականն ալ այն է որ մեր երկրին մէջ մօտաւորապէս 200.000  հայաստանցի քաղաքացի կայ։ Մտածեցէք անգամ մը թէ Ֆրանսայի, կամ Գերմանիոյ  նման մեզ ցեղասպանութեամբ ամբաստանող երկիրներու մէջ մէկ հատ իսկ ապօրէն  բնակող հայ չկայ, իսկ մեր մօտ երկու հարիւր հազար հայ գաղթական կը բնակի  ապօրէն կերպով։ Անոնց ալ կեանքը յանձնուած է մեզի։ Անոնք ալ մեր ժողովուրդին  շնորհիւ պիտի սնանին, առողջ պիտի ապրին։

Ինչպէս յայտնի կը դառնայ, Փոխ Վարչապետին կողմէ քաղաքիս մէջ բնակութիւն  հաստատած հայաստանցիներու թիւը չափազանցուած է վերի յայտարարութեան մէջ։  ՀԱՅ ԹԵՐԹ կայանը, լուրը հաղորդելու ընթացքին դիտել կուտայ որ հաւանաբար  զէրօներէն մէկը աւելորդ է։

Տիյարպաքըրի եկեղեցին եւ մզկիթը պիտի նորոգուին

Փոխ Վարչապետ Վէյսի Գայնաք Մարաշի կուսակալին եւ բազմաթիւ երեսփոխաններու  հետ կայացած հաւաքոյթի մը ընթացքին խօսեցաւ արեւելեան եւ հարաւ արեւելեան  Անատօլուի մէջ վնասուած քաղաքներու վնասները դարմանելու մասին։ Զանազան  նիւթերու կարգին Վէյսի Գայնաք յայտնեց թէ Նախարարաց Խորհուրդը որոշած  է նորոգել Տիյարպաքըրի մէջ ՓՔՔական ահաբեկիչներու կողմէ վնասուած յուշարձաններ՝  ինչպէս Գուրշունլու անունով ծանօթ մզկիթը եւ Ս. Աստուածածին Հայոց Յկեղեցին։  Նախարարաց Խորհուրդը Վագըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան յանձնած է այս  վերանորոգութիւններու ընելու պարտականութիւնը։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2016
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ