Նախագահ Էրտողան վարչապետ Մէրքէլին պահանջք ներկայացուց
Ինչպէս հաղորդած էինք, նախագահ Էրտողան Վարշաւիոյ մէջ հանդիպում մը ունեցած էր Գերմանիոյ վարչապետ Մէրքէլի հետ։
Այս հանդիպումը կը կատարուէր Գերմանիոյ Խորհրդարանին կողմէ ընդունուած հայկական բանաձեւին շուքին տակ։ Թուրքիած բողոքելով Գերման Խորհրդարանին կողմէ ընդունուած որոշումին դէմ` չէր արտօնած, որ Գերման երեսփոխաններ այցելեն Ինճիրլիք խարիսխ։
Այժմ յայտնի կը դառնայ, որ նախագահ Էրտողանծ Մէրքէլի հետ իր նոր հանդիպման ընթացքին պահանջած է, որ Մէրքէլ յայտարարէ, թէ Գերմանիոյ Խորհրդարանին որոշումը Գերման կառավարութեան տեսակէտը չի ցոլացներ։ Մինչեւ որ Մէրքէլ այսպիսի յայտարարութիւն մը չընէ, գերման երեսփոխանները պիտի չկարենան այցելել Ինճիրլիք։
Ալիյեւի յայտարարութիւնը Ղարապաղի մասին. “Ատրպէյճան որեւէ պայման պիտի չընդունի”
Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիյեւ արտայայտուեցաւ Լեռնային Ղարապաղի հարցի լուծման փուլերուն մասին եւ ըսաւ որ Հայաստան շատ լաւ գիտէ որ Ատրպէյճան այս խնդրին մէջ որեւէ պայման պիտի չընդունի։ Ըստ Ալիյեւի` հարցը լուծելու միակ ձեւն է բանակցութիւնները շարունակել հանգրուանային փուլերով։ Վերջին երեք-չորս ամիսներու ընթացքին այս ուղղութեամբ մեծ աշխուժութիւն ապրուեցաւ։
Ալիյեւ սապէս արտայայտուած է Նախարարաց Խորհուրդի նիստին նախագահելու ընթացքին։
“Հայաստան կարգ մը պայմաններ յառաջ քշած էր Վիեննայի բանակցութիւններուն ձեռնարկելու առընչութեամբ։ Հայաստան այսպիսի առաջարկներ յառաջ քշելով ինքզինք ծիծաղելի դարձուց։ Հայաստանն ալ շատ լաւ գիտէ, որ Ատրպէյճան որեւէ պայման պիտի չընդունի։ Բանակցութիւնները անհրաժեշտ են Հայաստանի համար եւս։ Ապրիլ ամսուան բախումները ցոյց տուին, որ կացութիւնը կրնայ փոխուիլ, եթէ Հայաստան շարունակէ պահել քանդիչ կեցուածք։ Մինսքեան համանախագահները պէտք է ճնշում բանեցնեն Հայաստանի վրայ։ Հարցը լուծելու միակ ճամբան բանակցութիւնը հանգրուանային կերպով յառաջ տանիլն է”։
Ալիյեւ պնդեց նաեւ, որ Ապրիլ ամսուան ընթացքին Ատրպէյճանի բանակը, պատասխանելով Հայաստանի գրգռիչ նախաձեռնութիւններուն, գործողութիւններ կատարեց ու երկու հազար արտավար հողատարածք ազատագրեց Հայաստանի բռնագրաւումէն։
ԻՒՆԷՍՔՕ-Ի ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԸ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ
Թուրքիոյ դիմումը Անիի կապակցութեամբ
Թուրքիոյ Արտաքին Նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ այսօրուընէ սկսեալ մինչեւ 20 Յուլիս Իսթանպուլի մէջ պիտի կայանայ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային Ժառանգութեան Յանձնախումբի ժողովը։ Ժողովը պիտի կայանայ Թուրքիոյ նախագահութեան ներքեւ։ Անիկա իր տեսակին մէջ շատ կարեւոր կը նկատուի։
Յանձնախումբի Իսթանպուլի համաժողովի ընթացքին պիտի քննարկուին համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ արձանագրուած 1031 դաշտերէն 156-ին այսօրուան կացութիւնը։ Ասոնց անվտանգութեան մասին ահազանգ հնչած է ու պիտի քննարկուին պատրաստուած տեղեկագիրները։
Ժողովին հետաքրքրական կողմերէն մէկն ալ այն է թէ Թուրքիոյ կողմէ նոր տասը տեղեր առաջարկուած են որպէսզի առնուին համաշխարհային ժառանգութեան ցանկէն ներս։ Ասոնք կ՚արձանագրուին առժամեայ ցանկի մէջ մինչեւ որ քննարկուին վերջնական ձեւով։ Թուրքիոյ կողմէ առաջարկուած վայրերէն ամէնէն կարեւորն է Անի հայկական հին աւերակային քաղաքը։ “Թարաֆ” թերթը իր երէկուան թիւին մէջ այս կէտին անդրադառնալով կը յիշեցնէր թէ Անինծ որ կը գտնուի Կարսի մէջծ Թուրքիոյ սահմաններէն ներսծ Հայոց Բագրատունիներու նախագահութեան շրջանին կառուցուած էր։ Կարսի ու Հայաստանի սահմանագծին մօտիկ Անիի մէջ առկայ գրեթէ բոլոր յուշարձաններն ու եկեղեցիներըծ որոնցմէ բան մը մնացած է տակաւինծ կառուցուած էին Բագրատունիներու շրջանին։
Կռիւ՝ լաւաշ հացի համար
Թուրքիա ու Ատրպէյճանծ իրենց հետ ունենալով նաեւ Իրանըծ Ղրկըզստանն ու Ղազախստանըծ բողոքի դիմում ուղարկեցին ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Համաշխարհային Մշակութային Ժառանգութեան Յանձնախումբի հասցէինծ առարկելով Լաւաշ հացի մասին յանձնախումբին ընդունած տարազին դէմ։ Արդարեւ Ժառանգութեան Յանձնախումբը Լաւաշ հացը աննիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ դրած է ընդգծելով “Հայաստանի լաւաշը” բացատրութիւնը։ Այս նիւթը որոշումի մը պիտի կապուի 28 Նոյեմբեր եւ 1 Դեկտեմբեր թուականներուն Եթովպիոյ մէջ նախատեսուած համագումարի ընթացքին։ Այնպէս կը հասկցուի որ յիշեալ հինգ երկիրները կը պաշտպանեն այն տեսակէտը թէ լաւաշը անպայման հայկական մշակութային ժառանգութեան չի պատկանիրծ իրենք եւս ունին նոյն բարակ հացը որ կը գործածուի զանազան անուններովծ որոնցմէ մէկն ալ մեզի ծանօթ “Եուֆքա”ն է։
Յիշեալ երկիրները ասկէ առաջ ալ լաւաշի հարցով առարկութիւն ըրած էին ու Յանձնախումբը “Հայկական լաւաշ” ասութեան տեղ գործածած էր “Լաւաշը Հայաստանի մէջ” ասութիւնը։
Գրիգոր Աժտէրխանեան նախագահ՝ համաշխարհային կալուածատէրերու ֆէտէրասիոնի
Հաճոյքով կը տեղեկանանք որ Ֆրանսայի Նիս քաղաքի բնակիչ ու կալուածական գործառնութիւններու մասնագէտ Գրիգոր Աժտէրխանեան նախագահ նշանակուեցաւ Համաշխարհային Կալուածատիրութեան Ֆէտէրասիոնիծ որու վարչութեան մէկ անդամն էր ցարդ։ Աժտէրխանեան այս շատ պատուաբեր տիտղոսին տիրացաւ յիշեալ կազմակերութեան կողմէ Փանամայի մէջ սարքուած 67րդ համաշխարհային համագումարի ընթացքինծ մասնաւոր հանդիսութեամբ։
Գրիգոր Աժտէրխանեան, որ ազգային հարցերով ալ զբաղող հայորդի է, եւ որուն մասին լուրեր հաղորդած ենք անցեալի մէջ, Ֆրանսայէ ներս մեծ համբաւ կը վայելէ որպէս կալուածական գործերու ու կալուածատիրութեան մասնագէտ ու ընկերակցութեան հիմնադիր։
Համաշխարհային Կալուածատիրութեան Ֆէտէրասիոնը հեղինակաւոր հաստատութիւն է 65 երկիրներէ մասնակցող ներկայացուցիչներով։ Իր ծոցին տակ կը պահէ հարիւր արհեստավարժ ընկերակցութիւններ ու 65 ակադեմական հաստատութիւննննններ։ Ամբողջ աշխարհի համար խորհրդակցութեան ամէնէն վստահելի ընկերակցութիւնն է։ Իսկ Գրիգոր Աժտէրխանեան, որ Նիսի բնակիչ է, մասնագիտացած է մասնաւորաբար Ֆրանսայի հարաւային ծովեզերեայ ափերու, մանաւանդ Րիվիէրայի ծովահայեաց կալուածներու նիւթին մէջ։
Կը շնորհաւորենք Գրիգոր Աժտէրխանեանը ու նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք իրեն։
Leave a Reply