Անգարա կը յուսայ ձախողութեան մատնել Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող Ֆրանսայի բանաձեւը

Թանշու ՊիլկիչԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանը կը տեղեկացնէ, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հակադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականցնող Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած բանաձեւին։

Նախարարութեան ներկայացուցիչ Թանշու Պիլկիչ քննադատած է բանաձեւը՝ աւելցնելով, թէ

Անգարա զայն կը նկատէ արտայայտուելու ազատութիւնը սահմանափակող քայլ մը:

Ան նշած է, որ Թուրքիա մօտէն կը հետեւի Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ բանաձեւի քննարկման գործընթացին, միաժամանակ ազդարարելով, որ եթէ բանաձեւը առանց փոփոխութեանց վաւերացուի, ապա անիկա պիտի սահմանափակէ արտայայտուելու տարրական իրաւունքը։

«Յոյս ունինք, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտը բանաձեւէն կը հանէ այն տարրերը, որոնք կը սահմանափակեն խօսքի ազատութիւնը», եզրակացուցած է ան:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2016
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ