Թուրքիան մինչեւ վերջ պիտի աջակցի ԼՂ խնդիրի կարգաւորման այն տարբերակին, որ կը համապատասխանէ Ատրպէյճանի շահերուն. թուրք դեսպան

Իսմայիլ Ալփեր ՃոշկունըԱտրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Իսմայիլ Ալփեր Ճոշկունը լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է Ղարաբաղեան հակամարտութեան թեմային եւ նշած, որ «Թուրքիան մինչեւ վերջ պիտի աջակցի կարգաւորման այն տարբերակին, որ կը համապատասխանէ Ատրպէյճանի շահերուն», այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, յայտնած է ԱՊԱ գործակալութիւնը:

Ան նշած է, որ Թուրքիան յոյսով է` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պիտի կարգաւորուի մօտ ժամանակներս` խաղաղ ճանապարհով:

«Մենք կ՝ողջունենք բանակցութիւնները, եթէ անոնք կը ծառայեն հակամարտութեան կարգաւորման: Թուրքիան մինչեւ վերջ պիտի աջակցի կարգաւորման այն տարբերակին, որ կը համապատասխանէ Ատրպէյճանի շահերուն եւ որ ան ճիշդ կը համարէ»,- նշած է դեսպանը:

http://www.yerakouyn.com/?p=112848

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

July 2016
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ