ՄԱՏՐԻՏ.- Յունիս 30ին, սպանական Փայփորթա քաղաքը պաշտօնապէս ճանչցած եւ դատապարտած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, կը տեղեկացնէ Սպանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնը:
Փայփորթայի քաղաքապետական խորհուրդը եւ անոր մէջ ներկայացուած բոլոր քաղաքական ուժերը միաձայնութեամբ կողմ քուէարկած են ներկայացուած հռչակագիրին:
Այս քայլով Փայփորթա միացաւ մօտաւորապէս 20 սպանական քաղաքներուն, որոնց քաղաքապետարանները Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող նման յայտարարութիւններ վաւերացուցած են:
Քաղաքապետական խորհուրդի նիստի աւարտին, հռչակագիրը ներկայացուցած «Արարատ» հայկական միութեան նախագահ Արարատ Ղուկասեան, միութեան եւ Սպանիոյ հայ համայնքին անունով շնորհակալութիւն յայտնած է քաղաքապետական խորհուրդին:
Asbarez.com
Leave a Reply